Թուրքիա. Արդարութիւն Եւ Բարգաւաճում Կուսակցութեան Ծերացման Նշանները

ԺԻՀԱՏ ԶԷՅՆ

Շարլ տը Կոլ Ֆրանսայի առաւելագոյն ժողովրդականութիւն վայելող ղեկավարը չէ՞ր, երբ որոշեց իր հրաժարականը տալ այն պահուն, երբ զգաց, թէ ուժաբանական նոր տուեալներ երեւան կու գան մանաւանդ երիտասարդութեան մէջ:

Մեծ աղմուկ ստեղծուեցաւ, իսկ Պոլսոյ դէպքերու պայթումին լոյսին տակ, աւելի մեծ աղմուկ պիտի բարձրանայ Վոսփորի վրայ նետուած երրորդ կամուրջի` «Եաւուզ սուլթան Սելիմ Ա.» անուանումին շուրջ. Օսմանեան կայսրութեան գահը 1512-1520 ստանձնած այս կարեւոր անձնաւորութեան փառաբանումին շուրջ բանավէճը կեդրոնացաւ Թուրքիոյ (եւ շրջակայքի) ալեւիները գրգռելու հանգամանքին վրայ, նկատի առած, որ Սելիմ Ա. մեծ ջարդեր գործեց անոնց դէմ: Բայց այս բանավէճին մէջ չարծարծուեցաւ այն փաստը, որ Սելիմ Ա. այն օսմանցին է, որ ղեկավարեց «Շամ»-ի (Սուրիա, Լիբանան, նաեւ` Պաղեստինի եւ Յորդանանի մեծ մասը) եւ Եգիպտոսի գրաւումը (1516-ին): Ուրեմն կամուրջի անուանակոչումը, Սուրիոյ եւ արաբական աշխարհին անցուդարձերուն մէջ Թուրքիոյ ծայրայեղ մխրճուածութեան այս օրերուն, կրնայ մեկնաբանուիլ որպէս արտայայտութիւններէն մէկը Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փափաքին` վերադարձնելու Օսմանեան կայսրութեան արաբական աշխարհին վրայ չորս դար տեւած տիրակալութեան օրերը:

Թաքսիմ հրապարակի բախումները առիթ հանդիսացան ոչ միայն զանոնք համեմատելու Եգիպտոսի «Թահրիր» հրապարակի ցոյցերուն, այլ նաեւ` վերստին քննարկումի եւ նոր գնահատական ընելու Թուրքիոյ հանրային կեանքի բոլոր երեսներուն:

Պետութիւններ կան, որոնց ամբողջ կշիռն ու նշանակութիւնը կեդրոնացած են իրենց մայրաքաղաքներուն մէջ. կան երկիրներ, որոնք կարելի չէ պատկերացնել կամ արժեւորել առանց իրենց մայրաքաղաքներուն. այդպէս են` Ֆրանսան ու Եգիպտոսը. անոնց վրայ կարելի է աւելցնել Գերմանիոյ Պերլինը, թէեւ Գերմանիա ապակեդրոնացումի աւանդութիւն մը ունի` ի տարբերութիւն խիստ կեդրոնացեալ իշխանութիւններու Ֆրանսայէն ու Եգիպտոսէն: Իսկ ինչ կը վերաբերի արդի Թուրքիոյ, ապա անկէ ի՞նչ կը մնայ, եթէ դուրս բերենք Պոլիսը: Ճիշդ է, որ անիկա քաղաքական մայրաքաղաքը չէ, բայց ա՛ն է տնտեսական եւ մշակութային, նոյնիսկ` «գոյութենական» եւ գաղափարական մայրաքաղաքը: Արդի Թուրքիոյ առաջին օրերէն, մանաւանդ` 1936- (երբ հանրապետութիւնը իր քաղաքական մայրաքաղաքը դարձուց Անգարան) սկսեալ, Թաքսիմ հրապարակը դարձաւ նոր աշխարհիկ պետութեան էութիւնը արտայայտող վայրը. այսպէս, այդ հրապարակը վերածուեցաւ «կեդրոն-հրապարակ»-ի, եւ Պոլսոյ եւրոպական մասի արդի ճարտարապետութիւնը (որ ձեւաւորուեցաւ ԺԹ. դարուն) օգտագործուեցաւ ներկայացնելու նոր Թուրքիոյ այդ երեսը: Հետագայ տարիներուն քանդուեցան այդ հրապարակին վրայ գտնուած զօրանոցները,  որոնք վերջին անգամ գործածուած էին Ա. Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին, եւ ամբողջ տարածքը վերածուեցաւ հանրային պարտէզի: Այժմ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կ՛ուզէ առեւտրական կեդրոն մը եւ մեծ մզկիթ մը կառուցել հոն եւ նորոգել հին շէնքերը:

Քաղաքային հասարակութեան ու կենսոլորտային կազմակերպութիւններու գործիչները կը մերժեն այդ զբօսայգիի կանաչ տարածքի ամէն կրճատում:

Կենսոլորտային կարգախօսներու կողքին, Թաքսիմ ճակատումը նաեւ խորհրդանիշներու շուրջ պայքարի հենք ունի: Կամուրջին կողքին, հին զօրանոցները օսմանեան ժառանգութեան վերջին հետքերէն են, իսկ մզկիթը կը հաստատէ երկրի իսլամական դիմագիծը, եւ միայն Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնն է, որ այդ դիմագիծը հաստատելու կարիք կը զգայ: Արդարեւ, Պոլիս արդէն խճողուած է մզկիթներով, որոնց բարձադիր մինարէները իրենց ներկայութիւնը պարտադրող շեշտ մը ունին, ճիշդ Սպանիոյ մայր տաճարներու զանգակատուներուն պէս: Ասոր կողքին, Թաքսիմի անկիւններէն մէկուն վրայ Թուրքիոյ ամէնէն խճողուած ճամբուն` Անկախութեան մայրուղիին սկիզբին արդէն կայ պատմական մզկիթ մը, որ միայն քանի մը մեթր հեռու է այն մեծ կոթողէն, որ կանգնեցուցած են որպէս խորհրդանիշ` աշխարհիկ հանրապետութեան:

Թաքսիմի մէջ մզկիթ կառուցելու Էրտողանի պնդումը ինծի կը յիշեցնէ Պէյրութի մէջ Պուրճի հրապարակին վրայ Մոհամետ Ամինի անուան մզկիթը կառուցելու շուրջ բանավէճը: Հանգուցեալ Ռաֆիք Հարիրիի մտերիմները գիտեն այն գաղտնիքը, թէ ան դէմ էր, կամ մեղմ ասած` խանդավառ չէր այդ ծրագրով, եւ դիտել կու տար, որ այդ մզկիթին կարիքը չկայ, նկատի առած, որ շուրջը կարեւոր, պատմական մեծ մզկիթներ կան, եւ կը գանգատէր, որ մզկիթը կառուցելու Ֆաթուայի տան պնդումը զինք նեղ կացութեան կը մատնէ Պէյրութի սիւններուն առջեւ. այդպէս է, որ Հարիրի որդեգրեց եւ մեծագոյն նուիրատուն դարձաւ այդ ծրագիրին, ուր պիտի ամփոփուէին հետագային իր աճիւնները:

Էրտողան հրաժարեցաւ Թաքսիմի մէջ առեւտրական կեդրոն կառուցելու ծրագիրէն, բայց կը պնդէ, որ պիտի կառուցէ մզկիթը: Իմ կարծիքովս, ասիկա մէկ նոր արտայայտութիւնն է այն չափազանցութիւններուն, զորս կը գործեն արաբական եւ իսլամական աշխարհներու իսլամ ղեկավարներէն ոմանք. ասոնք կը կարծեն, թէ որեւէ մզկիթի կառուցումը հաստատում մըն է ընկերութեան ինքնութեան:

Իսլամական երկիրներուն մէջ այդ ինքնութիւնը հաստատումի կարիք չունի: Քանի մը տարի առաջ Նազարէթի մէջ մզկիթ մը կառուցելու ծրագիրին շուրջ հարցը իսրայէլեան իշխանութիւններուն հետ հարցի կամ ինքնահաստատումի չվերածուեցաւ, այլ անտեղիօրէն հարց ստեղծեց քաղաքի արաբ քրիստոնեայ բնակչութեան հետ, մինչ իսրայէլացիք մէկ կողմ կանգնած` կը դիտէին միջպաղեստինեան հարցի բորբոքումը: Այս երեւոյթները տարբեր չափերով եւ ձեւերով կը կրկնուին իսլամական աշխարհի ամբողջ տարածքին:

Պոլսոյ եւ միւս թրքական քաղաքներուն մէջ բախումները կը վերածուին Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան դէմ ընդվզում արտայայտելու առիթներու. ընդվզում, զոր պատճառած են անոր ներքին քաղաքականութիւնը (ինչպէս` լրագրողներուն վրայ չափազանցեալ ճնշումներն ու հալածանքները) եւ արտաքին քաղաքականութիւնը (ներառեալ` Սուրիոյ մէջ արկածախնդրութիւնը):

Պատահածին մէջ հիմնական նշանակութիւն ունի այն երեւոյթը, որ տասը տարի առաջ «իսլամականներու» իշխանութիւնը ստանձնումէն ասդին ընդհանրապէս բացասական ինքնապաշտպանութեան դիմած աշխարհիկներու ընտրանիի տարբեր սերունդները, նաեւ աշխարհիկներու այն շերտը, որ երեք անգամ քուէարկած է ի նպաստ Էրտողանի ղեկավարութեան, փոխած է այդ կեցուածքը եւ ասպարէզ իջած է այդ ղեկավարութեան դէմ:

Կը կարծեմ, որ դէպքերը ցարդ յեղափոխութեան չեն վերածուած. բայց յստակ է, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ծերացումին նշաններն են, ուր այլեւս ընտրական մեծամասնութիւնը առանձին չի կրնար արտայայտել ընկերութեան նոր ու կենսունակ ուժերու ձգտումները: Շարլ տը Կոլը Ֆրանսայի առաւելագոյն ժողովրդականութիւն վայելող ղեկավարը չէ՞ր, երբ որոշեց իր հրաժարականը տալ այն պահուն, երբ զգաց Ֆրանսայի մէջ նոր ուժականութիւններու ծնունդը, մանաւանդ` երիտասադրութեան շարքերուն մէջ: 1968-ին Փարիզի փողոցները փակած խմբակները փոքրամասնութիւն էին, բայց անոնք կ՛արտայայտէին ֆրանսական ընկերութեան նոր կարիքները:

Էրտողան կրնայ յաղթական դուրս գալ կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններէ, բայց ան պէտք է լաւ հասկնայ հետեւեալ պատգամը. Թուրքիա թեւակոխած է նոր փուլ մը, երբ կը սկսի Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան նահանջը. այսօր չենք գիտեր, թէ այս հանգրուանը որքան պիտի տեւէ, բայց ի վերջոյ թրքական ժողովրդավարութեան իսկական քննութիւնը, յաջողութիւնը կամ ձախողութիւնը պիտի կատարուի Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ժամանակաշրջանէն ետք: Թուրքիան իսլամական ընկերութեան մը արդիականացման` յաջողութեան յոյս ունեցող միակ օրինակն է մեր կարծիքով, եւ այսօրուան Թուրքիան «իսլամականներու» իրագործումներուն արդիւնքը չէ միայն, այլ նաեւ` աշխարհիկ սերունդներու ճիգերու հանգանակը: Վերահաստատեմ, որ կը սխալին արաբական վերնախաւերը, որոնք կը կարծեն, թէ Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը իսլամական ղեկավարութեան նմուշ է, անիկա իսլամական ընկերութեան մը մէջ աշխարհիկ նմուշ է:

Պոլսոյ եւ միւս թրքական քաղաքներու դէպքերը միայն կը հաստատեն, թէ Թուրքիոյ արդիականացումը թեւակոխած է լուրջ հանգրուան մը, եւ այս յառաջդիմութիւնը ճգնաժամային արտայայտութիւններ կ՛ունենայ: Այսպիսի երեւոյթներ ընդհանրապէս կը նշանակեն, թէ սկսած է երկար ճամբայ ունեցող բարեփոխումը:

«Նահար»

Share this Article
CATEGORIES