ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Փակման Պաշտօնական Հանդիսութիւն` 2012-2013 Տարեշրջանի

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ, ԼԵՎԱՄ-ի 2012-2013 տարեշրջանի  մարզախաղերու փակման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ կիրակի, 12 մայիս 2013-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ` ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ականներու, բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու եւ հոծ բազմութեան մը:

Յայտագիրին սկիզբը Զաւէն Տէր Պետրոսեան բարի գալուստի խօսք արտասանեց եւ ըսաւ.

«Յարգելի՛ ներկաներ, բարի եկած էք ԼԵՎԱՄ-ի 47-րդ խաղերու փակման հանդիսութեան: Այս ձեռնարկը կը համախմբէ հայկական բոլոր վարժարանները զանազան մարզախաղերու միջոցով եւ դրական մրցակցութիւն մը ստեղծելով կ՛օգնէ, որ իւրաքանչիւր հայ դպրոցական մարզիկ ձգտի իր լաւագոյնին, մնայ առողջ եւ կորովի:

ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-ի մրցումները նաեւ հիմնական միջոց մըն են իրագործելու ՀՄԸՄ-ի մայր նպատակները, կերտելու առողջ, հայրենասէր, արի եւ ազնիւ հայեր, ինչպէս ասկէ 66 տարիներ առաջ Նիկոլ Աղբալեան կը հաստատէր` «մեծ է դերը ՀՄԸՄ-ի: Այս դերը ըմբռնելու համար անհրաժեշտ է ազգային բարձր գիտակցութիւն, այսինքն մեր ուժերու, մեր արժէքի, մեր ընթացքի եւ նպատակի պայծառ ըմբռնում: Յարգանք եւ պատկառանք այս աշխարհին մէջ ուժով կը ստացուին, կը պարտադրուին եւ կը ներշնչուին: Իսկ ուժեղ են առոյգը, առողջն ու կորովը»:

Յայտագիրը բացուեցաւ  Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներով, ապա ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին անունով խօսք առաւ յանձնախումբի անդամ Շաղիկ Ճինպաշեան եւ ըսաւ.

«Պատուարժա՛ն ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամներ,

Յարգարժա՛ն ներկայացուցիչներ պատկան մարմիններու:

Պատուարժա՛ն ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեան եւ Շրջանային վարչութեան անդամներ,

Պատուարժա՛ն Հայկազեան համալսարանի ներկայացուցիչ Անդրանիկ Տագեսեան,

Պատուարժա՛ն Ասիոյ Պասքեթպոլի ընդհանուր քարտուղար Յակոբ Խաչերեան, Լիբանանի մարզական ֆետերասիոններու ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ եղբայրներ,

Պատուարժա՛ն հայկական վարժարաններու տնօրէններ, ուսուցիչներ, մարզիչներ, մարզիկներ եւ յարգելի ծնողներ,

Բարի եկած էք ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-ի տարեշրջանի փակման հանդիսութեան:

ԼԵՎԱՄ-ի մրցաշարքերու ութ ամիսներու վրայ երկարող երկարաշունչ մարաթոնին փակման օրն է այսօր:

Ուրախ ենք յայտարարելու, որ ինչպէս նախանցեալ տարիներուն, այս տարի եւս կրցանք յաջող կերպով իրենց լաւագոյն աւարտին հասցնել ԼԵՎԱՄ-ի մրցաշարքերը:

ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-ը ինչո՞վ որակել, ինչպէ՞ս որակել:

Որակել իբրեւ սփիւռքի մէջ գործող միջդպրոցական մարզական ամէնէն հին յանձնախո՞ւմբ, թէ՞ հայավայել մարզական ոգիով մրցող ու յաղթանակներով հարուստ աշակերտ մարզիկ արտադրող հնոցը:

Լիբանանահայ մարզական կեանքին մէջ բաւ է պարզապէս ըսել միայն ԼԵՎԱՄ եւ մնացածը հասկնալի կը դառնայ, որովհետեւ տարիներու ընթացքին ԼԵՎԱՄ-ը ինքնիր մէջ խտացուց վերոյիշեալ բոլոր բացատրութիւնները` դառնալով անքակտելի մէկ մասնիկը դպրոցական տարեշրջաններու մարզական կեանքին:

1966-ին իբրեւ ՀՄԸՄ Պէյրութի մասնաճիւղի յանձնախումբ, ապա 1968-ին ՀՄԸՄ-ի 18-րդ պատգամաւորական ժողովին որոշումով ԼԵՎԱՄ կը դառնար Համալիբանանեան վարժարաններու մարզական միութիւնը:

Հոս պէտք է յիշել Վարուժան Մուրատեանի, Բիւզանդ Թորիկեանի, Վարդգէս Էսքիպաշեանի, Յովհաննէս Տէր Յարութիւնեանի եւ այլ յարգելի եղբայրներու անունները, որոնց սկսած աշխատանքն է, որ 47 տարիներէ ի վեր կը շարունակուի:

Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք, շատեր պահ մը խորհեցան, որ ԼԵՎԱՄ-ը հոգեվարքի մէջ է ու այլեւս կը դադրի գոյութիւն ունենալէ, բայց ՀՄԸՄ-ական երիտասարդ նոր սերունդը այդ ջահը վառ պահեց եւ իր ջանքերով ու ներդրումով շարունակեց նախնիներուն սկսած գործը, արդիական ձեւերով ու միջոցներով, օժանդակելով նաեւ ՀՄԸՄ-ի աթլեթիզմի յանձնախումբին:

Շնորհակալութիւն ԼԵՎԱՄ-ին մասնակցող բոլոր վարժարաններու տնօրէնութեանց, ուսուցիչներուն, մարզիչներուն եւ մարզիկներուն:

Երէկ, այսօր եւ ապագային համար կու գանք հաստատելու բոլորին, որ միասնաբար ու բոլորին ջանքերով ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-ի երթը պիտի շարունակուի…

Կեցցե՛ն հայկական վարժարանները:

Կեցցէ՛ ՀՄԸՄ-ը»:

Ապա, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեան խօսք առնելով ըսաւ.

«Սիրելի՛ ներկաներ,

Վերջին տարիներուն դպրոցներու մասնակցութեան թիւը աճ արձանագրեց, ինչպէս նաեւ տարուէ տարի մենք ունեցանք ԼԵՎԱՄ-ի մրցաշարքերուն մասնակցող աշակերտութեան թիւի աճ:

Այս բոլորը կը պարտինք ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբի անդամներու ժրաջան աշխատանքին եւ իրենց լաւապէս կազմակերպած ու գործադրած ծրագիրին, որուն յաջողութեան մէջ նաեւ իրենց անսակարկ օժանդակութիւնը ունեցան ԼԵՎԱՄ-ի մասնակցող վարժարաններու մարզանքի ուսուցիչներն ու պատասխանատուները, որոնց բոլորին կ՛ըսենք` «վարձքերնիդ կատար»:

Հպարտօրէն կու գանք յայտարարելու, որ այս տարեշրջանին ԼԵՎԱՄ-ի մրցաշարքերուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 26 հայկական վարժարաններ եւ մօտաւորապէս 900 աշակերտներ:

Առիթը պատեհ կը զգանք շնորհակալութիւն յայտնելու ԼԵՎԱՄ-ի մրցաշարքերու հովանաւոր Հայկազեան համալսարանին եւ համալսարանի նախագահ վեր. Փոլ Հայտոսթեանին, որ տարիներէ է վեր նեցուկ կը կանգնի ԼԵՎԱՄ-ի առաքելութեան եւ անոր յաջողութեան:

ԼԵՎԱՄ-ին երթը պիտի շարունակուի,

ԼԵՎԱՄ-ը ստեղծուած է գոյատեւելու համար:

Եթէ ԼԵՎԱՄ-ը գոյութիւն չունենար, անպայման ԼԵՎԱՄ մը պէտք էր ստեղծել:

Ապրի՛ք սիրելի տղաք ու աղջիկներ:

Հազա՜ր ապրիք:

Դարձեա՛լ կը տեսնուինք յառաջիկայ տարուան ուսումնական վերամուտին:

Կեցցե՛ն հայկական վարժարանները:

Թող յաւե՛րժ ապրին հայութիւնն ու հայ աշակերտութիւնը»:

Հայկազեան համալսարանի խօսքը արտասանեց դոկտ. Անդրանիկ Տագեսեան, որ ըսաւ.

«Եթէ փորձենք լիբանանահայ պատմութիւնը աչքի անցընել, թէ ինչ կայ-չկայ, կը տեսնենք, որ ամէնէն կազմակերպուած եւ հետեւողական գործունէութիւն ունեցող հաստատութիւնը կամ համակարգը կրթական համակարգն է:

Լիբանանահայութիւնը թերեւս սփիւռքի միակ գաղութն է, ուր մանկապարտէզ կայ` հայկական, նախակրթարան կայ` հայկական, երկրորդական վարժարան կայ` հայկական եւ համալսարան կայ` հայկական: Ոչ միայն այսքան, այլեւ կան արհեստից վարժարաններ, կայ նոյնիսկ թերաճներու «Զուարթնոց» կեդրոնը: Այլ խօսքով, թերեւս սփիւռքի մէջ միակ հայկական գաղութն է, ուր գրեթէ ամբողջական կրթական համակարգ գոյութիւն ունի:

Ես կ՛ուզեմ շնորհաւորել եւ միայն իմաստութիւն նկատել այն, որ ԼԵՎԱՄ-ի հեղինակները առիթը լաւ եւ պատեհ նկատելով, օգտագործած են այս երեւոյթը: Կրթական այս համակարգը լաւապէս սերտելէ ետք, տեսեր են, որ կարելի է արդիւնքներու հասնիլ եւ ուրիշ տեսակի արդիւնքներու. եւ անոր համար է, որ այսօր, 47-րդ անգամն ըլլալով, ԼԵՎԱՄ-ը մարզական տօն կը կազմակերպէ մեր բոլորին համար:

Սիրելինե՛ր, ափրիկեան ասացուածք մը կայ, որ կ՛ըսէ. «Իթ թէյքս է վիլեճ թու ռէյզ է չայլտ», այսինքն` երեխան մեծցնելու համար ամբողջութիւն մը պէտք է մասնակցի: Եթէ այսօր մենք սերունդներ պիտի յառաջացնենք, ապա անոնք պիտի յառաջանան ոչ միայն դպրոցներու մէջ, ոչ միայն ընտանիքներու եւ ծնողներու քով, այլեւ միութիւններու մէջ`  իրարու հետ գործակցելով:

ԼԵՎԱՄ-ի ղեկավարները այս առումով դարձեալ իմաստուն քայլ մը կ՛առնեն, երբ լիբանանահայ դպրոցներու երիտասարդները, պատանիները, մարզիկները իրարու հետ կապ կը հաստատեն, իրարու հետ շփման կը դնեն եւ լիբանանահայ առանձին դպրոցները, որոնք կղզիներ են, կը վերածուին կղզեխումբի, կը վերածուին ամբողջական համակարգի:

Երբ այսպէս է պատկերը, եւ եթէ այսպէս իմաստուն քայլերու մէջ է ԼԵՎԱՄ-ի ղեկավարութիւնը եւ ՀՄԸՄ-ի վարչութիւնը այս պարագային` այս բոլորին կազմակերպիչն է, անպայմանօրէն Հայկազեան համալսարանը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ եւ կը բերէ:

Շնորհակալ եմ այս առիթին համար: Յանուն Հայկազեանի եւ Հայկազեանը այս պարագային իր նպաստը կ՛ըլլայ այն, որ մենք «ֆեր փլէյ»-ի մեր բաժինը կը բերենք, որովհետեւ կը հաւատանք դաստիարակութեան, եւ նաեւ կ՛ուզեմ ձեզի բարի գալուստ մաղթել յառաջիկային երբ որոշէք Հայկազեան համալսարան ուսման գալ:

Շնորհակալութիւն մինչեւ գալ տարի»:

ԼԵՎԱՄ-ի մրցանակաբաշխութեան հանդիսութեան խօսք արտասանեց Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան, որ ըսաւ.

«ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կարեւորագոյն նախաձեռնութիւններէն մէկն է ԼԵՎԱՄ-ը, որ տասնամեակներէ ի վեր, իւրաքանչիւր կրթական տարեշրջանի, կը համախմբէ լիբանանահայ վարժարաններու երկսեռ աշակերտները:

Մեր կեանքի պատուաբեր յաջողութիւններէն մէկն է ԼԵՎԱՄ-ը: Ան յաջողած է ու կը յաջողի շնորհիւ ԼԵՎԱՄ-ի առաքելութեան լծուած խումբ մը պատասխանատուներու հաւատաւոր աշխատանքին, շնորհիւ պաշտօնակից տնօրէններու, մարզանքի ուսուցիչներու եւ մարզասէր աշակերտներու հաւաքական ճիգերուն: Ան կը յաջողի յատկապէս զոհողութեամբը մեր ծնողներուն, որոնք իրենց թանկագին ժամանակը տրամադրելով` երբեք չեն զլանար շաբաթավերջերուն իրենց զաւակները առաջնորդելու ՀՄԸՄ-ի մարզադաշտեր:

Դիւրին չէ ԼԵՎԱՄ-ի խաղերուն կազմակերպումը այս օրերուն, երբ նոր սերունդը գերին դարձած է արհեստագիտական նորութիւններուն, ու երբ համակարգիչը, համացանցը, բջիջային հեռաձայնը, Այ փէտն ու Այ փոտը ժամերով զինք գամուած կը պահեն բազկաթոռներու վրայ: Իբրեւ կրթական պատասխանատուներ, միայն շնորհակալ պէտք է ըլլանք ՀՄԸՄ-ի պատասխանատուներուն, որ ԼԵՎԱՄ-ի խաղերու կազմակերպումով, մեր աշակերտները դուրս կը բերեն նստակեաց ու մենակեաց այդ վիճակէն եւ զանոնք կը շաղկապեն հայկական առողջ մթնոլորտի հետ` անոնց հրամցնելով մարզական մաքուր միջավայր մը:

ԼԵՎԱՄ-ի խաղերը մէկական պայքարներ են մեր աշակերտութեան համար, սակայն այդ պայքարները մետալի մը կամ բաժակի մը համար մղուած ճիգեր չեն, այլ` մարզախաղերու ճամբով պայքարներ են մոլութիւններու, յոռի բարքերու եւ բարոյական ապականութեան տեսակաւոր երեւոյթներու դէմ:

ԼԵՎԱՄ-ի խաղերուն մասնակից մեր աշակերտները իրենք զիրենք մէկ մասնիկը կը զգան ՀՄԸՄ կոչուող մեծ ընտանիքին, որուն մաս կազմած են կամ կը կազմեն իրենց ծնողները, բարեկամները, իրենց դասընկերները, տարեկիցները, իրենցմէ մեծերը, ինչու չէ նոյնիսկ ուսուցիչները… Պատկանելիութեան այդ զգացումը ամէնէն կարեւոր յատկանիշն է մարզասէր մեր աշակերտներուն համար: Այդ զգացումին ամրապնդման շնորհիւ մեր աշակերտները կը սորվին խմբային միասնական խաղ խաղալ, իրենց ու մրցակից դասընկերները յարգել, կարգապահ ու հնազանդ ըլլալ եւ հասնիլ հաւաքական ճիգերով կերտուած յաղթանակներէն անձնական գոհացում ստանալու վիճակին: Մարդ, որ գիտէ, թէ մաս կը կազմէ իրեն նման մարդոցմէ բաղկացած, բայց ընդհանրական նպատակներ հետապնդող մարդոց խումբի մը, վարժարանի մը, ժողովուրդի մը:

ԼԵՎԱՄ-ի յաջողութիւնները մեզի կը փոխանցեն պատգամ մը, թէ սիրելի ՀՄԸՄ-ին մարզական կեանքը կրնայ առողջ ու կենսունակ ըլլալ, եթէ պատասխանատուներ իրենց գրաւը դնեն ԼԵՎԱՄ-էն եկող խոստմնալից մեր աշակերտներուն վրայ եւ ներկայացուցչական իրենց խումբերը թարմացնելու համար չդիմեն անծանօթ հասցէներու:

Ի վերջոյ, ԼԵՎԱՄ-ի մասնակից մեր աշակերտները լիբանանահայ մարզական կեանքին գանձարանն են: Հարկ է գուրգուրալ անոնց եւ ճիշդ ձեւով օգտուիլ գիտնալ անոնցմէ:

Շնորհակալութիւն եւ շնորհաւորութիւն ԼԵՎԱՄ-ի մրցանակակիր բոլոր վարժարաններու աշակերտներուն եւ անոնց տնօրէններուն:

Վարձքը կատա՛ր բոլորին»:

Յայտագիրին յաջորդեց Հայ աւետարանական բարձրագոյն վարժարանի եւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտներուն կողմէ հայկական պարեր, որոնցմէ ետք տեղի ունեցաւ պասքեթպոլի «Օլ Սթար»-ի միջակ տղոց խումբի մրցումը, որ իրարու դէմ հանեց ԼԵՎԱՄ-ի 2012 – 2013 տարեշրջանի մրցումներուն մասնակցող լաւագոյն խաղացողները:

ԼԵՎԱՄ-ի միջակ տղոց Ա. խումբին մասնակցող աշակերտներն էին` Րաֆֆի Խալոյեան, Կարօ Փիլիպոսեան, Գեղամ Հաւաթեան, Արամ Արամալեան, Հրակ Գըլըպոզեան, Ժորժ Շամուն, Դրօ Գարատաղլեան, մարզիչ Վարդուկ Մարգարեան, օգնական մարզիչ` Միրէյ Աճեմեան:

Բ. խումբի` Սամիկ Կարապետեան, Րաֆֆի Քեչեճեան, Կարօ Խաւլուճեան, Տարօն Ասատուրեան, Կարէն Առաքելեան, Մայք Սանօ, Քրիս Լթէյֆ, Յակոբ Օհաննէս, Եղիշէ Սանդուրեան, Սթիւ Աշքարեան, Վահագն Պաքալեան, Միհրէ Պալապանեան, Վարանդ Քէօշէեան, մարզիչ` Յակոբ Քելուկեան:

«Օլ Սթար»-ի երկրորդ մրցումը իրարու դէմ հանեց մեծ ու միջակ դասակարգի աղջիկներու խումբերը.

Ա. խումբը կը ներկայացնէին` Շաղիկ Տէր Պետրոսեան, Արազ Արամալեան, Լալիկ Աղասարգիսեան, Սանան Խաչերեան, Սէրլի Սամուէլեան, Ժիլտա Թոփալեան, Ճենիֆըր Այվազեան, Մարինա Անտոնեան, Մարիա Պէրպէրեան, Ռիթա Պզտիկեան, մարզիչ` Վիգէն Քէշիշեան:

Իսկ Բ. խումբը` Սարին Չոպանեան, Դալար Չոպանեան, Գարին Կիւլիւմեան, Սիլվա Չըլտըրեան, Լարա Գրաճեան, Դալար Պետիկեան, Վանա Արսլանեան, Մարինա Պաղտասարեան, Բալիկ Պալապանեան, մարզիչ` Վաչէ Պուլտուքեան:

«Օլ Սթար»-ի երրորդ մրցումը` մեծ տղաքը.

Ա. խումբ` Սերժ Ֆաթթալ, Սերժ Կէօքճեան, Կարօ Պարտաքճեան, Մարք Սարգիսեան, Միքայէլ Միքայէլեան, Նորայր Արբաճեան, Անտրէ Էրզրումեան, Փիեռ Հալաճեան, Սեւակ Թաշճեան, մարզիչ` Նարեկ Աւետիքեան:

Բ. խումբ` Հարօ Սողոմոնեան, Զոհրապ Մըղտեսեան, Փիթըր Կէօվշենեան, Սերժ Ղարիպեան, Կարօ Գըլըպոզեան, Սուրէն Ղազար, Լեւոն Փիլաւճի, Յարութ Բարլաքեան, Տանի Թորոսեան, Տաւիտ Տուտ, Գառնիկ Փանոսեան, մարզիչ` Վարդուկ Մարգարեան, օգնական մարզիչ` Միրէյ Աճեմեան:

Հայկական պար մը ներկայացուեցաւ նաեւ Հայ աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան վարժարանի աշակերտներուն կողմէ, յաջորդեց մարզական քոնկ ֆուի հանդէսը` Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին կողմէ եւ մարզական հանդէսը` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին կողմէ:

Փակման հանդիսութեան նախավերջին յայտագիրին տեղի ունեցաւ ԼԵՎԱՄ-ի մրցումներուն մասնակից վարժարաններու տողանցքը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան շեփորախումբը:

Աթլեթիզմի մրցումներուն խմբային դասաւորման մէջ, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանը գրաւեց առաջին դիրքը` իր ետին ձգելով Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը եւ Հայ կաթողիկէ Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանը. մրցանակաբաշխութիւնը կատարեցին Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէ, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեան եւ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին մօտ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Էլի Տագեսեան:

 

 

 

 

 

 

 

 

Մեծ ֆութպոլի մրցանակաբաշխութիւնը կատարեցին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան քարտուղար Հայկ Թապաքեան եւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մօտ ՀՄԸՄ-ի լիազօր ներկայացուցիչ Համբիկ Միսաքեան:   Առաջնութեան տիրացաւ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան, երկրորդ` Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարան եւ երրորդ` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ:

Մինի ֆութպոլի երեք դասակարգերու` փոքր, միջակ եւ մեծ խումբերու մրցանակաբաշխութիւնը կատարեցին Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէ, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեան եւ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան անդամ Յովսէփ Թիքիճեան:

 

 

 

 

 

 

 

 

Փոքր տղոց մրցումներուն առաջին հանդիսացաւ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանը, երկրորդ` Հայ կաթողիկէ Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանը իսկ երրորդ դիրքը գրաւեցին Հայ աւետարանական քոլեճն ու ՀԲԸՄ-ի Դարուհի-Յովակիմեան երկրորդական վարժարանը:

 

 

 

 

 

 

 

Միջակ տղոց մրցումներուն առաջին դիրքը գրաւեց Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը, երկրորդ` ՀԲԸՄ-ի Դարուհի – Յովակիմեան երկրորդական վարժարանը, իսկ երրորդ դիրքը` Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանն ու Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը:

 

 

 

 

 

 

 

Մեծ տղոց մրցումներուն Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան` առաջին, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան` երկրորդ, իսկ Հայ աւետարանական քոլեճն ու Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը` երրորդ:

ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-ի մեծ եւ մինի ֆութպոլի խաղերուն մասնակցած վարժարանները իրենց մասնակցութեան համար ստացան վկայագիրներ, զորս յանձնեց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամը:

 

 

 

 

 

 

 

2012-2013 տարեշրջանի պասքեթպոլի փոքր եւ միջակ տղոց ու աղջկանց մրցանակաբաշխութիւնը կատարեցին Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Յակոբ Խաչերեան, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեան եւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Էլի Սրապոնեան:

Փոքր աղջիկներ`

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

1.- Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան
2.- Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան
3.- Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ եւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան երկրորդական վարժարան

Փոքր տղաք`

1.- Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան
2.- Հայ կաթողիկէ Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան
3.- Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ

Միջակ աղջիկներ`

1.- Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան
2.- Ազգային Յառաջ- Գ. Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարան

Միջակ տղաք`

1.- Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան
2.- Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ
3.- Հայ կաթողիկէ Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան եւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան:

Մեծ աղջկանց ու տղոց մրցանակաբաշխութիւնը կատարեցին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Ստեփան Տէր Պետրոսեան եւ Միհրան Շիմշիրեան:

Մեծ աղջիկներ`

1.- Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան
2.- Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ
3.- Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան եւ Հայ կաթողիկէ Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարան

Մեծ տղաք`

1.- Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան
2.- Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան
3.- Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ եւ ՀԲԸՄ Դարուհի Յովակիմեան երկրորդական վարժարան

ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-ի 2012 – 2013 տարեշրջանի «Ֆեր փլէյ»-ի մրցանակը ստացաւ Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարանը: Մրցանակը յանձնեց Հայկազեան համալսարանի ներկայացուցիչ  դոկտ. Անդրանիկ Տագեսեան:

2012-2013 տարեշրջանի ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-ի լաւագոյն մարզիկուհիի եւ մարզիկի մրցանակին արժանացան

Շաղիկ Տէր Պետրոսեան` Ճեմարան
Մինի մարաթոնի`    Ա. դիրք,
Պասքեթպոլի` Ա. դիրք,
Բարձրութեան` Ա. դիրք,
Դրօշարշաւի` Ա. դիրք եւ
Երկար վազքի` Բ. դիրք:

Հարօ Սողոմոնեան` Ճեմարան
Բարձրութեան` Ա. դիրք,
Պասքեթպոլի` Ա. դիրք,
Երկար վազքի` Բ. դիրք եւ
Դրօշարշաւի Բ. դիրք:

ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-ի 2012-2013 տարեշրջանի փակման հանդիսութիւնը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի «Յառաջ նահատակ» քայլերգով:

ՀՄԸՄ-Ի ԼԵՎԱՄ-Ի ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

Share this Article
CATEGORIES