Ընդդիմութիւնը Վիժեցուց Նախագահ Դառնալու Էրտողանի Ծրագիրը
ՄԱՀԵՐ ԽԱԹԻՊ
Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան չէր ակնկալեր, որ «Արաբական գարնան» քամին պիտի հասնի Անգարա. ան կը հաւատար, որ վերջին տասը տարիներուն իր ղեկավարութեամբ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան իրագործումները բաւական են կանխարգիլելու նման ընթացք, մանաւանդ որ ան վերջին շրջանին սկսած էր լուծելու Թուրքիոյ ամէնէն բարդ հարցերէն մին` քրտական հարցը:
Ակնթարթի մը մէջ Թաքսիմ հրապարակէն քանի մը ծառ արմատախիլ ընելու ծրագիրը վերածուեցաւ բողոքի լայնածաւալ շարժումի, որ Պոլսոյ այդ պատմական հրապարակէն ծայր առնելով` տարածուեցաւ թրքական քաղաքներուն մեծամասնութեան մէջ:
Ասիկա Էրտողանի դէմ յեղափոխութեան սկի՞զբ էր, թէ՞ առարկութիւններու եւ բողոքի քանի մը օրուան կեանք ունեցող արտայայտութիւն:
***
Հին Ու Վերանորոգ Հակամարտութիւնը
Այս բողոքի ցոյցերուն Թաքսիմ հրապարակէն մեկնարկը յատուկ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ այդ վայրը յատուկ խորհրդանշական իմաստ ունի, կապուած` աշխարհիկ Թուրքիոյ ծնունդին ու Պոլսոյ դարաւոր աւանդութիւններուն ու յատուկ քաղաքակրթութեան. հոն կը գտնուի Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի արձանը, որ տարիներէ ի վեր լուռ կը դիտէ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան նահանջը` իսլամական Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան առջեւ: Այլ խօսքով, այս պայքարը խորքին մէջ երկրին ինքնութեան եւ դիմագիծներուն համար կը մղուի:
Թուրք վերլուծաբան Զահիտ Կիւլի կարծիքով, Թուրքիոյ մէջ յեղափոխութիւն չկայ եւ ոչ ալ կրնայ պատահիլ, որովհետեւ յեղափոխութիւնները բռնատիրական վարչակարգին դէմ կը կատարուին, կը պահանջեն մարդու տարրական իրաւունքներն ու արժանապատուութիւնը, մինչ այդ բոլորը կան Թուրքիոյ մէջ:
Բողոքն ու ցոյցերը օրինական իրաւունքներ են, բայց անոնց ներկայացուցած պահանջները զուտ քաղաքական բնոյթ ունին, եւ այդ պահանջները կարելի է հետապնդել պետութեան սահմանադրական կառոյցներուն ընդմէջէն, կ՛ըսէ Կիւլ` յոյս յայտնելով, որ այդ շարժումը խռովարարութեան եւ վայրագութեան դիմագիծ չի ստանար:
Քաղաքական մեկնաբան Տանիէլ Ապտել Ֆաթթահ կ՛ըսէ, որ Թուրքիոյ մէջ պատահածը «գարուն» մը չէ, որովհետեւ այդ գարունը եկած է տասնամեակ մը առաջ, երբ վերջ դրուեցաւ բանակի եւ աշխարհիկներու իշխանութեան, որ ինքնին ներշնչեց արաբ ժողովուրդներն ու անոնց «յեղափոխութիւնները»: Այսօրուան դէպքերը հակայեղափոխութիւն մըն են, զոր կը կատարեն աշխարհիկները, «աթաթուրքականներ»¬ն ու հանրապետականները` վերատիրանալու համար Էրտողանի ղեկավարութեամբ իսլամականներուն` իրենցմէ խլուած իշխանութեան, կ՛ըսէ ան:
Ապտել Ֆաթթուհ կ՛ընդգծէ, որ Թուրքիոյ մէջ այս պայքարը նոր չէ, այլ` շատ հին, եւ տարբեր հանգրուաններու տարբեր կերպարանք եւ արտայայտութիւններ ունեցած է, բայց անոր խորքը միշտ նոյնը եղած է: Անցեալին Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը կ՛աշխատէր ապացուցելու, թէ իր երկիրը աշխարհիկ է, եւ անոր դէմ դնողներ կային, իսկ Արդարութեան եւ բարգաւաճումին իշխանութեան տիրանալով աշխատանք սկսաւ ապացուցելու, թէ Թուրքիա իսլամական է, եւ ասոր դէմ դնողներ կան, բացատրեց Ապտել Ֆաթթուհ:
Էրտողանի Նախագահութեան
Ծրագիրը Վիժած Է
Կիւլ կ՛ըսէ, որ Էրտողան առաւելագոյն օգտուողն է բողոքի շարժումէն, որովհետեւ ցուցարարներէն ոմանք խռովարարութիւն գործեցին, իսկ ժողովուրդը այդ արարքներուն հակազդելով` իրաւունք տուաւ վարչապետին:
Թուրքիա այսօր երկփեղկուած է, եւ ամբողջ ժողովուրդը բաժնուած է Արդարութիւն եւ բարգաւաճումին եւ անոր ընդդիմադիրներուն ճամբարներուն միջեւ, կ՛ըսէ թուրք վերլուծաբանը` անհրաժեշտ նկատելով, որ ընդդիմադիրները սահմանադրական կառոյցներուն մէջ արտայայտէին իրենց կեցուածքները, մանաւանդ որ մօտ ատենէն չորս ընտրութիւններ պիտի կատարուին:
Ասոր դիմաց Ապտել Ֆաթթուհ համոզում կը յայտնէ այն մասին, որ այս օրերու շարժումներուն նպատակը ո՛չ Էրտողանը տապալելն է, ո՛չ ալ վարչակարգը փոխել, որովհետեւ Թուրքիոյ մէջ իրավիճակը «գարուն» տեսած արաբական երկիրներու վիճակին չի նմանիր: Այս ցոյցերը իրականացուցին եւ հասան իրենց հիմնական նպատակին. անոնք խափանեցին վարչաձեւը խորհրդարանականէն նախագահականի վերածելու Էրտողանի ծրագիրը, ըսաւ ան: Ապտըլ Ֆաթթուհ բացատրեց, որ Էրտողան այլեւս չի կրնար մասնակցիլ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, ուստի չի կրնար գլխաւորել կառավարութիւնը (իր կուսակցութեան ներքին կանոնակարգին պատճառով), ուրեմն վարչաձեւը նախագահական դարձնելով եւ նախագահ ընտրուելով` ան պիտի կարենար իր իշխանութեան տակ պահել երկիրը:
Ընդդիմութեան ուժերը յառաջիկայ քանի մը օրերուն պիտի չլքեն փողոցը եւ պիտի շարունակեն իրենց բողոքի ելոյթները, հակառակ անոր որ ցոյցերը արդէն հասած են իրենց հիմնական նպատակին, ըսաւ Ապտել Ֆաթթուհ. ան համոզում յայտնեց այն մասին, որ ընդդիմութիւնը այս ձեւով պիտի փորձէ պահպանել իր շահերը եւ զանոնք արդիւնաւորելու յառաջիկայ ընտրութիւններուն, նկատի առած, որ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ժողովրդականութիւնը մեծ ոստում արձանագրեց բողոքի ցոյցերուն շնորհիւ:
Նոյն քաղաքական փորձագէտը հաւանական կը նկատէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ կոչ ուղղէ` կատարելու կանխահաս ընտրութիւններ, որովհետեւ համաձայն չէ տագնապին հետ վերաբերելու էրտողանի ոճին. «Էրտողան մարտահրաւէր ուղղեց ընդդիմադիրներուն` ընտրութիւններով տապալելու զինք, մինչ Կիւլ փութաց յայտարարելու, թէ ժողովրդավարութիւնը միայն քուէատուփեր չի նշանակեր», յիշեցուց Ապտել Ֆաթթուհ:
«Նաշրա»

