2014-ի Մոնտիալի Զտումի Մրցաշարք. Այսօր` Դանիա-Հայաստան
Եւրոպայի գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 11 յունիսին, Բ. խմբակին մաս կազմող Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականը հիւրը պիտի ըլլայ Դանիոյ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Քոփենհակընի մէջ գտնուող «Փարքըն» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 21:15-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Երէկ յետմիջօրէին Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջէն տեղեկացանք, որ Հայաստանի պատուիրակութիւնը, որ ժամանեց «Հիլթըն Քոփենհակըն Էյրփորթ» պանդոկը` ուղղուելով դէպի վերոնշեալ մարզադաշտը, հոն կատարեց իր փորձերը, որոնք այսօր եւս պիտի շարունակուին:
Հայրենի կազմը, որ այժմ 3 կէտով կը գրաւէ խմբակին 5-րդ դիրքը, պէտք է երեք կէտով վերադառնայ Դանիայէն:
Իր կարգին, Դանիա չի գտնուիր իր լաւ օրերուն մէջ, որովհետեւ անիկա կը գրաւէ 4-րդ դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 6 կէտ:
Կ՛ակնկալուի, որ բարելաւելու համար իր դիրքը դասաւորման մէջ, Հայաստան անպայման յաղթանակ արձանագրէ:

