2014-ի Մոնտիալի Զտումի Մրցաշարք Ասիոյ Գօտի. Այսօր` Իրան – Լիբանան

Այսօր` երեքշաբթի, 11 յունիսին, Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը պիտի կատարէ 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին իր վերջին մրցումը, երբ Ասիոյ գօտիին մէջ հիւրը պիտի ըլլայ Իրանի: Մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 18:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), տեղի պիտի ունենայ «Սթատ Ազատի»-ի դաշտին վրայ, որ կը գտնուի Թեհրանի մէջ:

5 կէտով խմբակին 5-րդ եւ վերջին դիրքը գրաւող Լիբանանի համար Պրազիլ մեկնելու յոյսերը ամբողջութեամբ յօդս ցնդած են, մինչ Իրան, որ մրցում մը եւս ունի կատարելիք, յառաջիկայ 18 յունիսին այլ ճակատում մըն ալ ունի կատարելիք Հարաւային Քորէայի դէմ:

Կ՛ակնկալուի, որ մրցումին ներկայ ըլլան աւելի քան 70 հազար հանդիսատեսներ:

Վաղը Լիբանանի հաւաքականը կը վերադառնայ Պէյրութ:

Նշենք, որ երէկ երեկոյեան Լիբանանի ֆութպոլի գերմանացի մարզիչ Թէօ Պոքըր տուաւ մամլոյ ասուլիս մը (Իրանի մարզիչին կողքին)` խօսելով այս մրցումին մասին:

Share this Article
CATEGORIES