Երկնաքար Մը Երկրին Եւ Լուսինին Մէջտեղէն Անցած Է
ՆԱՍԱ յայտնեց, որ փոքր փոխադրակառքի մը չափով երկնաքար մը շաբաթ օր անցած է երկրին մօտէն լուսնի հեռաւորութենէն չորս անգամ աւելի մօտ հեռաւորութեան մը վրայ:
Երկնաքարը, զոր ՆԱՍԱ անուանեց «6LR2013», նշմարուեցաւ երկրին մօտէն անցնելէն միայն մէկ օր առաջ: Ան երկրին մօտէն անցած է շաբաթ օր` Կրինիչի ժամանակացոյցով ժամը 04:42-ին, 105 հազար քիլոմեթր բարձրութեամբ եւ Աւստրալիոյ Թազմենիա կղզիէն հարաւ գտնուող տարածքէն:
Երկնաքարը, որուն տրամագիծը տասը մեթր էր, մեր մոլորակին որեւէ վտանգ չէր ներկայացներ:
Անցեալ շաբաթ 2.7 քիլոմեթր տրամագիծով այլ երկնաքար մը, որ իր շուրջը դարձող լուսին մըն ալ ունէր, երկրին մօտէն անցած էր 5.8 միլիոն քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:
CATEGORIES Միջազգային

