«Միջազգային Դրամատունէն Սուրիոյ Վերակառուցման Համար 21 Միլիառ Տոլարի Փոխատուութիւն Մը Մերժեցի» Ըսաւ Ասատ
Լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթը հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ յայտնած է, թէ Սուրիա երկու տարիէ ի վեր իր դիմագրաւած նեղ կացութիւնը շրջանցած է, եւ «արեւմուտքին ու անոր հետեւորդներուն խաղացած վատ խաղը իր վերջաւորութեան հասած է: Արդարեւ, արեւմտեան երկիրները, հակառակ իրենց ցոյց տուածին, ներկայիս գաղտնաբար մրցակցութեան մէջ են Սուրիոյ ներկայացնելու շահեկան առաջարկներ, որոնց միջոցով կը ջանան պահել վերակառուցման աշխատանքներուն, սուրիական ծովափին մօտ յայտնաբերուած մեծաքանակ քարիւղի եւ կազի պաշարներու արտաբերման մէջ իրենց ընկերութիւններուն բաժինները»:
Ասատ նշած է, որ «մինչեւ իսկ Միջազգային դրամատունը, որ առանց Միացեալ Նահանգներու կամքին ու թոյլտուութեան չի շարժիր, Սուրիոյ ներկայացուց առատաձեռն առաջարկ մը` 21 միլիառ տոլար արժողութեամբ, դիւրացուած պայմաններով, փափաք յայտնելով վերակառուցման ծրագիրները ֆինանսաւորել, եւ այդ բոլորը` Սուրիոյ մէջ սեփականաշնորհման հռչակաւոր ջատագով Ապտալլա Տարտարիի ճամբով», սակայն Ասատ այդ առաջարկը մերժած է եւ վերակառուցման վերաբերեալ իր վերջնական որոշումները տուած:
Ասատ յայտնած է, որ ինք շատ լաւատես չէ, որ Սուրիոյ հարցով «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովը փայլուն արդիւնքներու կը հասնի:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Քնեսեթի միջազգային յարաբերութեանց հարցերով յանձնախումբին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ շրջանի կացութիւնը ցնցուած է եւ իրարանցումի մէջ, մասնաւորաբար Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ:
Ան շեշտեց, որ «պէտք է Սուրիոյ մէջ բոլոր դիպաշարերուն պատրաստ ըլլանք»:
Արեւմտեան աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Սուրիոյ տագնապի լուծման «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովը յառաջիկայ ամիս գումարելու կարելիութիւնները հետզհետէ կը չքանան խորհրդաժողովի տարազին, օրակարգին, մասնակիցներուն ինքնութեան եւ ժողովէն բխելիք փոխանցման համաձայնական կառավարութեան լիազօրութեանց բնոյթին շուրջ տարակարծութեանց պատճառով:


