Թուրքիոյ Մէջ Ցոյցերը 11-րդ Օրն Ըլլալով Շարունակուեցան. «Թուրքիոյ Ցոյցերուն Թիրախը Վարչապետն Է» Կ՛ըսէ Պաղըշ

Թուրքիոյ մէջ ցոյցերը 11-րդ օրն ըլլալով շարունակուեցան: Կիրակի գիշեր ոստիկանութեան եւ ցուցարարներուն միջեւ բուռն բախումներ տեղի ունեցան Ատանայի, Անգարայի եւ Պոլսոյ մէջ: Էտիրնէի մէջ աւելի քան երկու հազար անձեր մասնակցեցան հակակառավարական ցոյցերուն, իսկ Իզմիրի մէջ` աւելի քան տասը հազար անձեր:

Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով նախարար Էկեմեն Պաղըշ յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող հակակառավարական ցոյցերը Թաքսիմի Կեզի այգիին հետ որեւէ կապ չունին եւ անոնց թիրախը վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանն է:

Պաղըշ հաղորդագրութեան մը մէջ յայտնեց, որ Թուրքիա «համաշխարհային ուժի վերածուելով մեծագոյն քայլերը կ՛առնէ», սակայն կարգ մը շրջանակներ «Թուրքիոյ արձանագրած աճէն անհանգստացած են»:

«Մինչ Թուրքիա աճ կ՛արձանագրէ, ոմանք վարկաբեկուած կը զգան: Ոմանք կը գիտակցին, թէ մինչ ընկերութիւնը իր ձայնը բարձրացուց, իրենք լռութեան մատնուեցան: Ոմանք իրենց քունը փախցուցին, երբ արդարութեան եւ բարգաւաճման մասին խօսեցանք(…): Այսօր միասնականութեան օրն է: Այսօր այն օրն է, երբ զայրոյթը պէտք է մոռցուի եւ մէկդի դրուի», ըսաւ Պաղըշ:

Ան յայտնեց, որ ցոյցերը բնապահպանական մտահոգութեամբ ծագեցան, ապա շահագործուեցան` աւելցնելով, որ «անոնք, որոնք մեզ պարտութեան չեն կրնար մատնել իրենց ջանքերով, սկսած են մեր զաւակները խաբելով ցոյցերը չարաշահել: Սակայն այս հասարակութիւնը անցնող տասը տարիներուն այդ գրգռութեանց ականջ չէ կախած եւ ցոյցերուն սկսելէն տասը օր ետք ալ ականջ պիտի չկախէ»:

Պաղըշ յայտնեց, որ արեւմտեան լրատուամիջոցները սխալ մը գործեցին եւ իրենց «կեղծաւորութիւնը բացայայտեցին` Թուրքիոյ նկատմամբ իրենց զգացումները ցոյց տալով»:

«Արեւմտեան լրատուամիջոցներ սխալ գործեցին: Անոնք կարծեցին, թէ Թուրքիոյ մէջ ցոյցերը նման են Եգիպտոսի Թահրիր հրապարակին մէջ տեղի ունեցածներուն: Անոնք չեն գիտակցիր այն իրողութեան, թէ թուրք ժողովուրդը իր ազատագրութեան պայքարը մղեց 2002-ին, երբ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը հասաւ իշխանութեան(…): Անոնք աւելի լաւ պիտի ընէին, եթէ այս ցոյցերը քաղաքացիական անհնազանդութիւն չկոչէին: Այս ցոյցերը մեծ վնաս պատճառեցին Թուրքիոյ», նշեց Պաղըշ:

Թաքսիմի Միասնականութեան Ծրագիրը
Կը Մեղմացնէ Իր Պահանջները

«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Թաքսիմի միասնականութեան ծրագիրը, որ Կեզի այգիի ցոյցերու շարժումը ներկայացնող խմբակ մըն է, մեղմացուցած է իր պահանջները` կառավարութեան կոչ ուղղելով այգին չներառել շինարարութեան հաւանական որեւէ ծրագիրի մէջ:

Խմբակը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ ոստիկանութեան բռնարարքներուն բոլոր պատասխանատուներու պաշտօնազրկումի պահանջէն հրաժարեցաւ, սակայն պահանջեց, որ այգին եղածին պէս մնայ, առանց «նոյնիսկ անոր ծառերէն մէկ հատին իսկ դպչելու», ինչպէս նաեւ Թաքսիմի մէջ փապուղիներու կառուցման հարցով իր դիրքը պահեց:

Հաղորդագրութիւնը նաեւ կոչ ուղղեց «Քալիոն» շինարարական ընկերութեան քանդած կամուրջներուն եւ արմատախիլ ըրած ծառերուն հարցով հետաքննութիւն կատարելու: Հաղորդագրութիւնը աւելցուց, որ ոստիկանութեան կիրարկած բռնարարքներուն շուրջ եւս պէտք է հետաքննութիւն կատարուի:

Խմբակը նախապէս պահանջած էր, որ «Աթաթիւրք» մշակութային կեդրոնը պէտք է իր ներկայ վիճակին մէջ մնայ եւ արցունքաբեր կազերու օգտագործումը օրէնքով արգիլուի, ինչպէս նաեւ խօսքի ազատութեան դիմաց բոլոր արգելքները ջնջուին:

13 Կասկածելիներ «Թուիթըր»-ի Ճամբով
«
Խռովարարութիւններ Գրգռելու»
Յանցանքով Դատարանին Յանձնուեցան

«Տողան» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ատանայի մէջ 13 կասկածեալներ դատարանին յանձնուեցան` «Թուիթըր» եւ Դիմատետր ընկերային ցանցերուն ճամբով խռովարարութիւններ գրգռելու յանցանքով:

Հետեւանքներ

Վարկերու աստիճանաւորման «Մուտիզ» գործակալութիւնը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ արտաքին ներդրումները կրնան ժխտական կերպով ազդուիլ հակակառավարական ցոյցերէն, որոնք երկրի վճարումներու կարողականութեան լուրջ վտանգ մը կը ներկայացնեն:

Թրքական քաղաքներուն մէջ բռնարարքները մեծ մտահոգութիւն ստեղծած են 20-30 յունիսին Մերսինի մէջ նախատեսուած 2013-ի Միջերկրականեան խաղերու կայացման իմաստով: «Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ Միջերկրականեան խաղերու միջազգային կոմիտէն ապահովական երաշխիքներ եւ ընթացող ցոյցերուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ կը պահանջէ: Նշենք, որ մրցաշարքին կը մասնակցին միջերկրականեան 24 երկիրներ:

Պոլսոյ սակարանը երէկ «թեքնիք» պատճառներով մէկ ժամ ուշացումով բացուեցաւ: Նշենք, որ ցոյցերուն սկիզբէն Թուրքիոյ սակարանը 17 առ հարիւրի անկում արձանագրած է:

Share this Article
CATEGORIES