Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ասեմ Քանսոյի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ Քանսօ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ ունեցած է հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի շեշտեց, որ Լիբանան լուրջ հարցի դիմաց պիտի գտնուի, եթէ Սահմանադրական խորհուրդին որոշումը ուշանայ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ռապիէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Աշրաֆ Համտին` ներկայութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան դիւանագիտական յարաբերութեանց պատասխանատու Միշել տը Շատարեւեանի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանը յուզող իրադարձութիւնները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպարա հաստատեց, որ Թըպպանէի բնակիչները առաւելագոյն չափով կ՛ընդառաջեն բանակին որդեգրած ապահովական ծրագիրին: Ան աւելցուց, որ ներկայիս պատնէշներ եւ զինեալ երեւոյթներ գոյութիւն չունին:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով վարչապետ Թամմամ Սալամի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա կ՛արգելակէ Սալամի կողմէ կառավարութեան կազմութեան աշխատանքը, որովհետեւ ան կը ցանկայ անձամբ կազմել յաջորդ կառավարութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ կոչ ուղղեց վարչապետ Թամմամ Սալամին այս շաբթուան ընթացքին կազմելու կառավարութիւնը եւ կամ ուրիշին առիթ տալու` կազմելու զայն:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակին գաղտնի սպասարկութիւնը կրցած է ճշդել Լիբանանեան պատկանելիութիւն կուսակցութեան ուսանողական խորհուրդի նախագահին դէմ կրակ բացողին ինքնութիւնը եւ կը հալածէ զայն:

ՔՆԵՍԵԹԻ արտաքին յարաբերութիւններու եւ ապահովութեան հարցերու յանձնախումբի նախագահ Աւիկտոր Լիպըրման նշեց, որ Իսրայէլ մտահոգ է այն հաւանականութենէն, որ Եւրոպական խորհուրդը կրնայ մերժել Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկին վրայ դասել:

ԴԱՏԱԽԱԶ Ալի Իպրահիմ երէկ Պէյրութի նաւահանգիստի երեք պաշտօնեաներ ամբաստանեց կաշառակերութեան յանցանքով:

ՊԱԱՍ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ֆայեզ Շքըր յայտնեց, որ Սուրիա յաղթական դուրս պիտի գայ իր տագնապէն եւ անոր կացութիւնը պիտի ըլլայ շատ աւելի լաւ, քան ինչ որ էր անցեալին:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժի «Էֆ. 16» տիպի չորս օդանաւեր երէկ ոտնձգութիւններ գործեցին լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ` Մերժահիունի, Խիամի, Արքուպի, Հասպայայի եւ Արեւմտեան Պեքաայի վերեւ թռիչքներ գործելով:

ԳԱՀԻՐԷԻ եւ Տոհայի մէջ լիբանանեան դեսպանատուներուն դիմաց տեղի ունեցան բողոքի ցոյցեր` մերժելու համար Քուսէյրի կռիւներուն Հըզպալլայի մասնակցութիւնը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Քուսէյրի ճակատամարտին մասնակցելէ ետք Հըզպալլայի մարտավարութիւնը Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն եւ Մուսթաքպալի դէմ յարձակումը պիտի ըլլայ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ներքին ապահովութեան ուժերու նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆի կիրակի օր Նահատակաց հրապարակին վրայ տեղի ունեցած ցոյցին միայն 50 մասնակից կրցած է ապահովել:

ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ կը հաստատեն, որ Լիբանան կատարելապէս միջամուխ կը դառնայ Սուրիոյ դէպքերուն:

ՀԱՄԱՍԻ բանբեր Սալահ Պարտաուիլ յայտնեց, որ Հըզպալլա պէտք էր զգուշանար Քուսէյրի ճակատամարտին միջամուխ դառնալէ:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, եթէ Սահմանադրական խորհուրդը ընդունի խորհրդարանին պաշտօնավարութեան երկարաձգման վիճարկումի պահանջը, ապա խորհրդարանը պիտի վերադառնայ 1960-ի ընտրական օրէնքին:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, քաղաքական տարբեր ուժեր վարչապետ Թամմամ Սալամին խորհուրդ տուած են Լիբանանի եւ շրջանային ներկայ զարգացումները կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթէն զանց կացուցելու:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ արձանագրուած իրադարձութիւնները կարելի չէ անջատել Լիբանանին եւ ամբողջ շրջանին համար ծրագրուած դաւադրութենէն:

 

Share this Article
CATEGORIES