Սաատ Հարիրի – Ահմետ Ասաատ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ահմետ Ասաատի հետ եւ անոր ցաւակցութիւն յայտնեց Լիբանանեան պատկանելիութիւն կուսակցութեան ուսանողական խորհուրդի նախագահ Հաշեմ Սալմանի սպանութեան առիթով:
Հարիրի խստիւ դատապարտեց նախանցեալ օր իրանեան դեսպանատան մօտ Հըզպալլայի յարձակումը:
Հարիրի շեշտեց, որ լիբանանցիները կը մերժեն իրենց վրայ բանեցուած ճնշումները եւ պիտի չընդունին, որ Հըզպալլայի շրջանները ըլլան ապահովական արգելանոցներ` իրանեան դրութեամբ:
CATEGORIES Լիբանանեան

