Խորհրդարանի Նախագահը Ընդունեց Ժոմպլաթի Պատուիրակը

Ապու Ֆաուր եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի պատուիրակ` ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ Պըրրիի քաղաքական հարցերու խորհրդական, առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլը:

Պըրրիի այցելուներէն եղան նաեւ ընդհանուր դատախազ Հաթեմ Մատի եւ Լիբանանի մէջ Մեքսիքայի դեսպան Խորխէ Ալվարես:

Այն Թինէի այցելուներէն եղան նաեւ Լիբանանի մէջ Իրաքի նոր նշանակուած դեսպան Ռաաի Ալուսին: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանը յուզող իրադարձութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES