Վարչապետ Սալամ Էխհորեսթի Եւ Ֆլեչըրի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Էխհորեսթ եւ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ Մուսայթպէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանն ու շրջանը յուզող իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին Ֆլեչըր շեշտեց Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ միջազգային ընտանիքը կը զօրակցի վարչապետ Սալամի ջանքերուն:

Բրիտանացի դեսպանը կոչ ուղղեց Լիբանանը Սուրիոյ ապահովական զարգացումներէն հեռու պահելու` շեշտելով, որ պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու իմաստով:

Ֆլեչըր ընդգծեց, որ Լիբանան միջազգային ընտանիքէն յաւելեալ օժանդակութիւն պիտի ստանայ` Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներու թղթածրարին լուծում ապահովելու իմաստով:

Ֆլեչըր հաստատեց, որ անհրաժեշտ է զօրակցիլ սուրիացի գաղթականներուն օժանդակող քաղաքացիական բոլոր շրջանակներուն:

Սալամ ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթը, որ հաստատեց, թէ վարչապետին հետ քննարկած է տեղական իրավիճակը եւ շեշտած Լիբանանը շրջանային զարգացումներէն հեռու պահելու անհրաժեշտութիւնը:

Էխհորեսթ ընդգծեց, որ Եւրոպական Միութիւնը իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ վարչապետ Սալամին:

Share this Article
CATEGORIES