Պայթում Մը Ցնցեց Թաանայելը

Երէկ առաւօտեան ուժգին պայթում մը ցնցեց Թաանայելի շրջանը:

Պայթումը, որուն մասին գրեթէ տեղեկութիւն չփոխանցուեցաւ, իր ետին ձգեց փոս մը, մինիպասի մը ապակիներուն փշրանքները եւ հանրային ցամաքային փոխադրութեան ինքնաշարժներու յատուկ թիւ մը:

Ըստ զինուորական աղբիւրներու, մինիպասը, որ հաւանաբար պայթումէն վնասուած է, ուղղուած է դէպի սուրիական հողեր:

Իսկ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը եւ դատական իշխանութեան յատուկ ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ Թաանայելի ճամբուն վրայ զետեղուած ականի մը պայթումն է` որ նման վնասներ պատճառած է` հաւանաբար թիրախ դարձնելով մինիպասը:

Նշենք, որ Պեքաայի եւ Պաալպեքի մէջ կը տիրէ զգուշաւոր մթնոլորտ:

Share this Article
CATEGORIES