«Կոչ Կ՛ուղղենք Բոլորին, Յատկապէս Հըզպալլային Եւ Իրանեան Դեսպանատան` Բացայայտելու Կիրակի Օրուան Դէպքին Ծալքերը» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ ընդհանուր դատախազի պաշտօնակատար Սամիր Համմուտէն եւ ապահովական պատասխանատուներէ պահանջեց արագօրէն բացայայտել իրանեան դեսպանատան մօտակայքը արձանագրուած դէպքին ծալքերը, ինչպէս նաեւ ձերբակալել բոլոր յանցագործներն ու հրահրողները:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց բոլոր քաղաքացիներուն, յատկապէս Հըզպալլային եւ իրանեան դեսպանատան գործակցութիւնը` քողազերծելու համար կիրակի օրուան սպանութեան ծալքերը, որպէսզի կարելի ըլլայ պատժել յանցագործները եւ կանխարգիլել հետագային արձանագրուելիք նման դէպքեր:
Նախագահ Սլէյման նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ կիրակի օրուան ցոյցին ընթացքին արձանագրուած սպանութեան դէպքը:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիայէն Լիբանան հասած գաղթականներու թղթածրարին վերաբերող հարցեր:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն դեսպանները` ներկայութեամբ Ուաէլ Ապու Ֆաուրի եւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուրի:


