Պռոշեանցիները Կասեցուցին Կովալենկոյի Նկրտումները

Պռոշեան գիւղի մօտ 200 գիւղացիներ կասեցուցին Կոտայքի մարզի մարզպետ Կովալենկօ Շահգալտեանի նկրտումները` տուն ուղարկելով իր նշանակած պաշտօնակատար Արմենուհի Մելիքեանն ու Կոտայքի մարզպետի տեղակալը:

Նշենք, որ Կոտայքի մարզի մարզպետ Կովալենկօ Շահգալտեան երէկ Պռոշեանի գիւղապետարանին պիտի ներկայացնէր նոր պաշտօնակատար Արմենուհի Մելիքեանը, որ գիւղի վերջին ընտրութիւններուն գիւղապետի թեկնածու էր եւ ըստ գիւղացիներուն, ան մեծ դերակատարութիւն ունեցած է գիւղի դպրոցի տնօրէնի ընտրութիւնները ձախողեցնելու գործին մէջ:

Գիւղացիները ըմբոստացան մարզպետի այս որոշումին դէմ եւ ետ մղեցին նոր նշանակուած պաշտօնակատարին ընկերակցող պատուիրակութիւնը:

Ի դէպ, Կովալենկօ Շահգալտեան չէր ներկայացած, անոր կը փոխարինէր կոտայքի փոխ մարզպետը:

Պէտք է նշել, որ Կոտայքի ոստիկանապետը քանի մը ոստիկաններով աւելի կանուխ հասած էր գիւղ եւ անոնք իրենց պարտականութիւնները ճիշդ կատարելու ուղիի վրայ էին` ուժ չգործադրեցին եւ պարզապէս խաղաղ ցոյցի մթնոլորտը ապահովեցին:

Գիւղացիներու «հե-ռա-ցում» վանկարկումով պատուիրակութիւնը հեռացաւ առանց գիւղապետարան մտնելու:

 

Share this Article
CATEGORIES