«Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Պիտի Քննարկեն Նախագահներու Հանդիպման Հարցը» Կ՛ըսէ Մամետեարով

Էլմար Մամետեարով

Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով երէկ յայտնած է, որ յունիսի վերջաւորութեան հանդիպում պիտի ունենայ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ` երկու երկիրներու նախագահներուն հանդիպման կազմակերպման առնչուող հարցերը քննարկելու համար:

Ան լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին նշած է, որ Լոնտոնի մէջ հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ եւ անոնց հետ քննարկած երկու երկիրներու նախագահներու յառաջիկայ հանդիպման հարցը:

«Նախագահներու հանդիպման նպատակը պիտի ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման առնչուող լուրջ հարցերու քննարկումը: Ես կը սպասեմ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ հանդիպումին, որպէսզի քննարկենք նախագահներու հանդիպումի կազմակերպման հարցը», ընդգծած է Մամետեարով:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան Tert.am-ին յայտնած է, որ պաշտօնական հանդիպումներու մասին իրենք պիտի տեղեկացնեն պատշաճ ատենին:

Share this Article
CATEGORIES