ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅ ԴԱՏԸ ԱՐԾԱՐԾԵՑ ՃԱՄԱՅՔԱՅԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ
Չորեքշաբթի, 18 մայիս 2011-ին, Ճամայքայի մէջ սկսած Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին կազմակերպած խաղաղութեան նուիրուած միջազգային համագումարին ներկայ էին բոլոր Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներէն ժամանած պատուիրակութիւններ:
Ուրբաթ, 20 եւ շաբաթ, 21 մայիսին, համագումարին քննարկման առարկայ դարձան «Խաղաղութիւնը ստեղծագործութեան հետ» եւ «Խաղաղութիւնը տնտեսական համակարգին մէջ» նիւթերը, որոնց մասնակցեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան չորս ներկայացուցիչները: Սեդա Խտըշեան իբրեւ անդամ նաեւ մասնակցեցաւ միջազգային հարցերու յանձնախումբի ժողովին:
Ուրբաթ օր, Նարեկ արք. Ալեէմէզեան (Վարիչ միջեկեղեցական յարաբերութիւններու) հարցազրոյց մը ունեցաւ Պազելի (Զուիցերիա) կաթողիկէ թեմի պաշտօնաթերթի լրագրողին հետ, եւ վայրագութեան յաղթահարման անդրադառնալով, յիշեցուց Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու ձեռքբերման անհրաժեշտութիւնը` իբրեւ քրիստոնեաներու, եկեղեցիներու եւ համաշխարհային ընկերութեան արդարութեան ու խաղաղութեան հաստատման յանձնառութեան կենդանի օրինակ եւ նոր ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման զօրակցութիւն:
«Խաղաղութիւնը ստեղծագործութեան հետ» նիստի աւարտին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչները ծառատնկումով Հայ եկեղեցւոյ բնապահպանման նկատմամբ ունեցած հոգածութիւնը ցոլացուցին:
Ընդառաջելով Եթովպիոյ Ուղղափառ եկեղեցւոյ Քինկսթընի ծուխի հրաւէրին` կիրակի, 22 մայիսին, Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու հոգեւորական եւ աշխարհական ժողովականներ մասնակցեցան սուրբ պատարագին եւ սուրբ հաղորդութիւն ստանալով իրենց հաւատքի միութիւնը վերահաստատեցին: Յայտնենք, որ Եթովպիոյ ուղղափառ քոյր եկեղեցին միայն թեմ ունի Ճամայքայի մէջ: