Նախագահ Սարգսեան Ֆրանչիսկոս Պապը Հրաւիրած Է Հայաստան

7 յունիսին Վատիկանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին դեսպան Միքայէլ Մինասեան իր հաւատարմագիրները յանձնած է Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ հանդիպումին ընթացքին դեսպան Մինասեան սրբազան քահանայապետին փոխանցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի` Հայաստան այցելելու հրաւէրը: Սրբազան քահանայապետը խոստացած է քննել Հայաստան այցելելու կարելիութիւնը:

Ըստ թրքական «Թուտէյզ Զաման»-ի, պապը Վատիկանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան բացման արարողութեան ընթացքին յայտնած է, թէ կ՛ուզէ Երեւան այցելել եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կրօնական արարողութիւն մը կատարել: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը շաբաթ օր հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է` հակազդելով Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին հետ հանդիպումին ընթացքին Ֆրանչիսկոս պապին «20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը հայերու ցեղասպանութիւնն է» յայտարարութեան մասին: «Պապութեան կողմէ պահանջուածը իր զբաղեցուցած դիրքին պատասխանատուութենէն մեկնելով միջազգային խաղաղութեան նպաստելն է` պատմութենէն թշնամանքներ դուրս բերելու փոխարէն», կը նշէ հաղորդագրութիւնը եւ անցեալի դէպքերուն մասին պապի «միակողմանի» յայտարարութիւններուն մասին ցաւ կը յայտնէ:

Հաղորդագրութիւնը նաեւ կը նշէ, որ Անգարայի մէջ Վատիկանի դեսպան Անթոնիօ Լուչիպելլօ ուրբաթ օր արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած է եւ թրքական կողմը իր դժգոհութիւնը փոխանցած է պապին անցեալ շաբաթ կատարած «անընդունելի» յայտարարութեան համար:

Կը նշուի, որ հանդիպումին ընթացքին «Վատիկանի կողմէ մեր երկկողմանի յարաբերութիւններուն վրայ անդառնալի կերպով ազդող քայլերէ զգուշանալու կարեւորութիւնը շեշտուեցաւ»:

Թուրք պաշտօնատար մը «Թուտէյզ Զաման»-ին յայտնած է, որ «պապութիւնը ցեղասպանութեան մասին հայկական պնդումներուն վերաբերեալ տեսակէտներ արտայայտելու լիազօրութիւնը չունի, այդ մէկը պէտք է մեկնաբանուի պատմաբաններու եւ փաստաբաններու կողմէ` քննարկելէ ետք պատմական փաստերը»: Ան նշած է, որ տակաւին չէ քննարկուած, եթէ Պոլսոյ մէջ Յոյն ուղղափառներու տիեզերական պատրիարքութիւն պապի նախատեսուած այցելութիւնը այս խօսքերէն ետք պիտի մերժուի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES