Արցախի Մէջ. Նախագահ Սահակեան Ընդունեց Հայաստանի Կրթութեան Եւ Գիտութեան Նախարարը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ընդունեց Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախի մէջ գիտութեան ու կրթութեան զարգացման եւ այս մարզերուն մէջ երկու հայկական հանրապետութիւններու փոխադարձ գործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Երկու կողմերը նշեցին համագործակցութեան լայն դաշտի եւ կարելիութիւններու առկայութիւնն ու անոնց արդիւնաւէտ օգտագործման անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպման ներկայ էին Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Սլաւա Ասրեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:

Share this Article
CATEGORIES