«Ազդակ»` Ութսունվեց Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Հայ Կեանքը` Անցեալին, Հոմսի Եւ Համայի Մէջ
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Հոմս, Որոնդէս գետի ափին, պատմական հին քաղաք է, ուր արամէական Էմեսանի ցեղախումբը բնակութիւն հաստատած էր: Էմեսացիներու թագաւորութիւնը կը տարածուէր Պեքաայի հովիտէն մինչեւ Թտմոր: Հետագային Էմեսացիք Հռոմէական կայսրութեան ենթարկուեցան: Հռոմի Ղուկիոս Սեփթիմոս Սեւերոս կայսր (193-211) Էմեսայի արքայական տունէն Յուլիա Տոմնայի հետ ամուսնացաւ: Դէպի Թտմոր առեւտրական ճամբուն վրայ Էմեսա բարգաւաճեցաւ եւ շրջակայ բնակավայրերուն համար շուկայ դարձաւ:
Բիւզանդական տիրապետութեան ժամանակ քաղաքը քրիստոնեայ դիմագիծ ստացաւ եւ մետրոպոլիտութիւն դարձաւ: 452-ին քաղաքին մօտակայ վայրի մը մէջ յայտնաբերուեցաւ Յովհաննէս Մկրտիչի գլուխը:
Արաբներ 637-ին առանց դիմադրութեան հանդիպելու գրաւեցին Էմեսան: Արաբական Պանու Քալպ ցեղախումբը բնակութիւն հաստատեց քաղաքին մէջ եւ այսպիսով Հոմս Սուրիոյ առաջին քաղաքը եղաւ որ իսլամ բնակչութիւն ունեցաւ: Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի եկեղեցին մզկիթի վերածուեցաւ: Արաբական նուաճումներուն մէջ մեծ դեր կատարած զինուորական հրամանատար Խալէտ պըն Ուալիտ մահացաւ 642-ին, Հոմսի մէջ եւ դամբարանին վրայ Խալէտ պըն Ուալիտ մզկիթը կառուցուեցաւ: Սուրիոյ եւ արաբական տարբեր երկիրներու մէջ տարածուած Պանու Խալէտ ցեղախումբը Խալէտ պըն Ուալիտը իր նախահայրը կը նկատէ: Խալէտ արաբերէն «յաղթական» կը նշանակէ:
Օմայեատներուն յաջորդ Աբասեաններուն օրով Հոմսի արաբները յաճախ ապստամբ վիճակի մէջ էին:
Համտանիներ 944-ին տիրապետութիւն հաստատեցին քաղաքին վրայ, մինչեւ որ 1016-ին բիւզանդացիք գրաւեցին Հոմսը: Հալէպի մէջ կեդրոնացած Պանու Քալպ ցեղէն Միրտասիներու օժանդակութեամբ Համտանիներ վերահաստատեցին իրենց իշխանութիւնը: Զենկիներ 1149-ին գրաւեցին Հոմսը: Հետագային քաղաքը էյուպեաններուն ենթարկուեցաւ եւ խաչակիրներուն դէմ արշաւանքներու յենակէտի վերածուեցաւ: Մեմլուքներու տիրապետութեան ժամանակ Հոմս մեծ մասամբ անշքացաւ: Օսմանցիք
1516-ին գրաւեցին Հոմսը: Օսմանեան տիրապետութեան ժամանակ Հոմս մետաքսէ եւ բուրդէ հիւսուածեղէնի արտադրութեան կեդրոն դարձաւ. արտադրութիւնները Պոլիս կ՛արտածուէին: 1860-ական տարիներուն Հոմս շուրջ 20 հազար բնակիչ ունէր:
Ֆրանսական հոգատարութեան հաստատումէն ետք, Հոմս 1925-ի աշնան միացաւ Դամասկոսի եւ Ճեպէլ Տրուզի ապստամբութեան: Ֆրանսական զինուորական ակադեմիան 1932-ին Դամասկոսէն Հոմս փոխադրուեցաւ: Հոմսի զինուորական ակադեմիայէն ելան շարք մը զինուորականներ, որոնք հետագային բանակին ընտրանին կազմեցին եւ շարք մը պետական հարուածներ կազմակերպեցին:
Որոնդէս գետի արեւելեան ափին, բարեբեր դաշտերով շրջապատուած քաղաքը պահած է իր աւանդական դիմագիծը: Հին քաղաքամասին մէջ կը գտնուին Պապ Թտմոր, Պապ Տրէյպ, Պապ Հուտ, Պապ Սուգ, Պապ Սեպաա, Պապ Թուրքման եւ Պապ Մաստուտ թաղամասերը: Միայն Թտմորի եւ Տրէյպի դարպասները պահպանուած են, նաեւ` պարիսպներէն մաս մը եւ աշտարակ մը: Քրիստոնեայ թաղամասը Համիտիէն է, իր հին սեւ եւ ճերմակ քարերով եւ մեմլուքներու օրերէն մնացած բնակարաններով: Հին քաղաքամասին շրջակայքը տարածուած են Խալտիէ, Սապիլ, Զահրա, Ժըպ Ժանտալի, Մրէյժ, Նիզհա, Աքրամա, Քարմ Զէյթուն, Քարմ Լոզ, Գուսուր, Մահաթթա եւ եւ Ղութա թաղամասերը:
Հոմսի ամէնէն հեղինակաւոր ընտանիքներէն են Աթասիները (արաբերէն «աթաս» կը նշանակէ «փռնգտալ»). անոնք Մոհամէտ մարգարէի Հաշէմական գերդաստանէն են եւ շարք մը միւֆթիներ, քաղաքական գործիչներ, զինուորականներ ու մտաւորականներ տուած են:
***
«Ազդակ», 1953 սեպտեմբեր 2-ի թիւով եւ «Կեանքը Հոմսի մէջ» խորագիրով թղթակցութեամբ կը գրէր.
«Տարիներէ ի վեր մեր կատարած շրջապտոյտներու ընթացքին երբեք առիթը չէինք ունեցած Հոմսի մասին արտայայտուելու, հակառակ անոր որ Սուրիոյ կարեւորագոյն քաղաքներէն մէկը հանդիսացած էր մանաւանդ անկախութիւն ստանալէն ետք:
Թրիփոլի, Դամասկոս եւ Հալէպ եռանկիւնի ամենամեծ այս հանգոյցը կառուցուած է Որոնդէս գետի ափին ձախ կողմը, լայնանիստ դաշտագետնի մը կարեւոր մէկ հանգրուանին վրայ: Ահա այս պատճառով ալ ընդարձակ պարտէզներ կ՛եզերեն զայն, քաղաքի եւ բազմամղոն մեծութեամբ այգիներու միջեւ սահման մը գծելով:
Հոմս քաղաքէն քիչ հեռու, հազիւ 21 քիլոմեթր հարաւ, կը տարածուի Աթթինի անունով լիճ մը (համանուն գիւղի անունով կոչուած), որուն տեղացիները կ՛ըսեն նաեւ Պահարա (Ծովակ): Հարաւէն բխող Որոնդէս գետը (Ասի) կը թափի այս լիճը եւ միւս կողմէն դարձեալ ծնունդ առնելով կը հոսի դէպի հիւսիս, ընդարձակ դաշտեր ոռոգելով իր կենսատու ջուրերով: Ամբողջ Հոմսի եւ Համայի շրջաններուն կենդանութիւն տալէ ետք կը թափի Միջերկրական ծով, Լէվշիէի մօտերը: Այս գետը հակասութիւն կը կազմէ, աշխարհի գրեթէ բոլոր գետերը հիւսիսէն հարաւ կը հոսին, իսկ ասիկա` հարաւէն հիւսիս, ատոր համար ալ տեղացիները անոր անունը «Ասի» կոչած են:
Որպէս քաղաք, Սուրիոյ երրորդ կարեւոր քաղաքն է Հոմս, որուն բնակչութեան գրեթէ մեծամասնութիւնը մահմետական է. քրիստոնեաներն ու հայերը փոքրամասնութիւն կը կազմեն, համեմատած միւս ազգերու ունեցած ստուար թիւին հետ:
Վերջին տարիներս, զարկ տուած է նաեւ երկրագործութեան, առեւտուրի եւ ճարտարարուեստի: Կառուցուած են արդիական շէնքեր եւ կարգ մը պետական հաստատութիւններ: Հոս կը գտնուի Սպայից բարձր վարժարանը, որ ֆրանսացիներու ժամանակ շինուած էր, սուրիական բանակին օժտուած սպաներ պատրաստելով: Հաստատուած է շաքարի ընկերութիւն մը, որուն կարեւորագոյն պաշտօնեաները հայեր են: Վերջերս հիմնուած է նաեւ տպածոյ ապրանքներու յատուկ գործատեղի մը, որուն գծագրող եւ ներկող վարպետներէն շատերը հայեր են: Վերջապէս հոս է կեդրոնը կազի ընկերութեան (Այրիսի), որուն նոյնպէս կարգ մը կարեւոր պաշտօնեաները հայեր են, մանաւանդ մեքենական մարզին մէջ:
Հոմսի հայերը բարեկեցիկ վիճակ մը ունին, մանաւանդ պաշտօնեաներն ու արհեստաւորները: Հակառակ անոր որ 120 ընտանիք միայն կը գտնուի, որուն 40 ընտանիքը տեղացի կը համարուի 20-25 տարիներէ ի վեր հոս հաստատուած ըլլալնուն համար, իսկ մնացեալները` 4-5 տարուան կեանք մը ունին այս քաղաքին մէջ, որովհետեւ հոս հաստատուած են գործի բերումով կամ պաշտօնով, Սուրիոյ եւ Լիբանանի զանազան քաղաքներէն հոս գալով:
Պաշտօնեաներէ զատ` անհատական գործ ունեցողներ ալ կան, որոնք ընդհանրապէս լաւ դիրքերու հասած են: Կան բժիշկներ, բժշկուհի մը, ատամնաբոյժեր եւ դեղագործներ ու մեքենագէտ արհեստաւորներ:
Տեղական կառավարութիւնը շատ լաւ վերաբերում ունի հայերու նկատմամբ, ո՛չ մէկ խտրութիւն դատական եւ այլ կառավարական հարցերու լուծման առթիւ, այնպէս որ հայերը համահաւասար քաղաքացիի բոլոր իրաւունքները կը վայելեն, ինքզինքնին օտար չզգալով այս քաղաքին մէջ:
Հայերը ունին եկեղեցի մը եւ ծխատէր քահանայ մը, որը միեւնոյն ատեն ուսուցչի պաշտօն ալ կը վարէ տեղւոյն ազգային վարժարանէն ներս, աւանդելով կրօնի եւ այլ կարեւոր դասեր: Դպրոցը ունի 85 աշակերտ, որուն 25-ը` մանկապարտէզի բաժնին մէջ: Նախակրթարանը մինչեւ Ե. դասարանէ կը բաղկանայ, բաւարար աշակերտութիւն մը չունենալուն պատճառով, որովհետեւ եկուոր հայերը ընդհանրապէս Հալէպէն գաղթած ըլլալով, իրենց զաւակները Հալէպ կը ղրկեն, հոն ուսանելու համար հայկական վարժարաններու մէջ: Իսկ ի վիճակի եղող հայերն ալ իրենց աղջիկ զաւակները կը ղրկեն Սէօրերու միակ դպրոցը, տրուած ըլլալով որ ուրիշ քրիստոնեայ դպրոցներ գոյութիւն չունին հոս:
Ազգ. վարժարանէն ներս կը պաշտօնավարեն երեք հայ օրիորդներ եւ կրթական նախարարութենէն տրամադրուած երկու արաբ ուսուցիչներ:
Այս դպրոցն ալ բնականաբար ունի այն ցաւերը, որոնք գրեթէ բոլոր հայկական դպրոցներու համար հասարակաց են. ձրի աշակերտ, նպաստ, ուսուցիչներու չնչին թոշակ եւ այլն:
Տեղացիները սակայն երկրորդական վարժարան մը հիմնած են աւարտականներ պատրաստելով իրենց ազգին համար:
ՀՄԸՄ-ը ունի մօտ 65 անդամ, մարզական խաղերու` ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի խումբեր: Ֆութպոլի խումբը միջմասնաճիւղային մրցումներու մէջ, վերջին երկու տարիներու ընթացքին, երրորդական խումբերու ախոյեանութիւնը շահած ըլլալով (համապատասխան բաժակներն ալ ստացած է), այս տարի երկրորդական խումբերու կարգին մէջ դասաւորուած է, այս իսկ կ՛ապացուցէ որ մարզական կեանքին խիստ կարեւորութիւն կը տրուի այս քաղաքի ՀՄԸՄ-ի կողմէ:
Վարձուած է ակումբ մը, ուր կը յաճախեն նաեւ ընտանիքներ, իսկական ընտանեկան բոյն մը կազմելով այս ջերմ մթնոլորտին մէջ: Ակումբը ունի խոհարար մը, ուր ամուրի կամ եկուոր անձեր իրենց տաք կերակուրը կրնան ուտել, առանց ճաշարան փնտռելու դժուարութիւն ունենալու:
Ակումբի մէջ փինկ-փոնկի սեղան մըն ալ դրուած է, երիտասարդներու ժամանցին համար: Մեր այցելութեան առթիւ նկատեցինք որ երկսեռ երիտասարդութիւն մը խիստ հետաքրքրուած այս խաղով, բոլորուած է սեղանին շուրջ, խաղալու իր հերթին սպասելով:
Այսուհետեւ մարզական ճիւղին աւելի զարկ պիտի տրուի եւ խաղերու փորձերը կանոնաւոր պիտի ընթանան. յաջողած են արտօնութիւն ստանալ կառավարական դաշտի վրայ շաբաթը գէթ մէկ կամ երկու անգամ փորձեր կատարել:
Օգնութեան Խաչի մասնաճիւղը, բաղկացած` զոհաբերուող հայ օրիորդներէ եւ տիկիններէ, լաւ գործունէութիւն յայտնաբերած է, շահելով համակրանքը բոլոր հայերուն անխտիր, այդ պատճառաւ անոր շարքերը հետզհետէ կը խտանան, նոր արձանագրուող տիկիններով:
Հոմսի ժողովուրդը Որոնդէսի զտուած ջուրը կը գործածէ որպէս ըմպելի ջուր, իսկ օդը շատ զով է հաւասարելով կարգ մը օդափոխութեան վայրերու օդին: Ժողովուրդի մեծամասնութիւնը առողջ եւ կայտառ է:
Անգործութիւնը հոս ալ սկսած է զգալի դառնալ, շատեր կը գանգատին անոր գործած դժուարութեան նկատմամբ: Կեանքի սղութիւնը համեմատական մօտաւոր եզր մը չունի բաղդատաած մեծ կեդրոններու հետ, այս պատճառաւ ալ ժողովուրդը զուսպ գանգատ մը ունի առանց կարենալ արտայայտելու: Այսուհանդերձ Հոմս քաղաքը ապրելու մեծ յարմարութիւններ կ՛ընծայէ, եթէ նկատի չառնուին ուրիշ անպատեհութիւններ:
***
Համա, Հոմսէն 46 քիլոմթեր հիւսիս, Որոնդէսի ափին, արամէական հին քաղաք է, ուր կազմաւորուած է Համաթի թագաւորութիւնը: Հոն բնակութիւն հաստատած են նաեւ ամովրացիներ, հիթիթներ եւ միտանիներ: Ասորեստանի Սաղմանասար Գ. թագաւոր 854-ին նուաճեց Համաթի թագաւորութիւնը: Հետագային համացիք, Դամասկոսի արամէացիներուն հետ դաշնակցելով պայքարեցան Ասորեստանի դէմ: Սելեւկեան կայսրութեան ժամանակ քաղաքը Էփիփանիա կոչուեցաւ, իսկ հռոմէական տիրապետութեան ժամանակ վերակոչուեցաւ իր հին անունով:
Արաբներ 639-ին, Ապու Ուպէյտա իպն Ժարրահի հրամանատարութեան տակ գրաւեցին Համան: Հետագային հոն տիրապետութիւն հաստատեցին համտանիները, էյուպեանները, մեմլուքները եւ օսմանցիները:
Համա նշանաւոր է Որոնդէսի ափերուն գտնուող իր նաուրաներով (ջրանցքներ): Տասնեօթը նաուրաներէն ոմանք կառուցուած են բիւզանդացիներուն ժամանակ, ոմանք ալ մեմլուքներուն ժամանակ: Նշանաւոր է նաեւ քաղաքին Մեծ մզկիթը` երկու մինարէներով:
«Ազդակ» 10 սեպտեմբեր 1953-ի թիւով եւ «Կեանքը Հոմսի մէջ» խորագիրով թղթակցութեամբ կը գրէր.
«Հոմսէն 30 քիլոմեթր անդին Հալէպի ճամբուն վրայ կը փռուի հնամեայ Համա քաղաքը, որ կարծես կը վերակենդանանայ նորակառոյց շէնքերու բարձր հովանիին տակ: Երբ նկատի առնես նախկին վիճակին հետ նաեւ հեռաւոր թաղերու գետնամած տուները:
Որոնդէս գետը երկուքի կը կիսէ քաղաքը, ճիշդ պորտէն անցնելով. այս շրջաններու համար աստուածային օրհնաբեր գետն է այս, որուն ջուրերը կենդանութիւն կու տան պարտէզներու եւ ընդարձակ արտերու, առաւօտէն ոռոգելով զանոնք յարաճուն անցքի միջոցին:
Ժողովուրդը գրեթէ միատարր է, շատ քիչ թիւով հայեր կան. նկատառելի է տեղացի քրիստոնեաներու քանակը, բայց որպէս որակ աննշան կը մնան քաղաքի բնակչութեան հետ, որովհետեւ իր բարձր դպրոցներու շնորհիւ մտաւորականներու թիւը հետզհետէ բարձրանալու հակամէտ է, Սուրիոյ ճակատագիրը վարելու կոչուած ղեկավարութեան մէջ նկատելի դիրք մը գրաւած ըլլալով:
Հոս կեանքը աժան է. կաթի, մածունի, պանիրի եւ իւղի քաղաքն է Համան, մանաւանդ իր արտադրած իւղը համբաւ շահած է ամբողջ Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ: Լիբանանի ժողովուրդին մօտ մանաւանդ շատ յարգի է Համայի իւղն ու մածունը: Մեծ քանակութեամբ իւղ ու պանիր կ՛արտածէ մերձակայ երկիրներ, այդ ձեւով առեւտուրի զարգացման սատարելով այս շրջանին մէջ:
Տեղացիները այլամերժ են, չեն հանդուրժեր եկուորներու գործունէութիւնը, այդ պատճառով օտարներ գործի ազատ ասպարէզ չեն գտներ հոն հաստատուիլ կարենալու համար: Ֆրանսացիներու ժամանակ բաւական թիւով զինուորականներու ընտանիքներ կային, սակայն բանակի լուծուելովը, անոնք հեռացան Համայէն:
Կառավարութիւնը չափազանց խիստ է հոս, մանաւանդ ինքնաշարժներու երթեւեկի առնչութեամբ, ամէն տեղ մասնաւոր պաշտօնեաներ նշանակուած են քննելու համար փոխադրող օթոներու ճամբորդներն ու անոնց գոյքերը:
Հայերը ոչ մէկ միութենական կազմակերպութիւն ունին հոս, բոլորն ալ արհեստաւորներ են, եւ կ՛ապրին անջատաբար եւ ներանձնական կեանք մը, եթէ նոյնիսկ նպատակ ունենան հաաւաքական գործի մը ձեռնարկել, կը ձախողին, այդ պատճառով ալ կը նախընտրեն ներկայ դրութեամբ շարունակել իրենց աշխատանքը, ի խնդիր ընտանիքի ապրուստին:
Համա քաղաք մօտեցողը երբեք լաւ տպաւորութիւն չի կրեր, երբ առաջին հերթին իր աչքին առջեւ կը պարզուի ընդարձակ գերեզմանոցներու հնադարեան տապանաքարերով շինուած գիւղը, որ բլուրէ մը վար սողալով կը հասնի քաղաքի դռները, անծանօթին տալով այն տպաւորութիւնը թէ Համա քաղաքը գերեզմանոց մըն է արդէն:
Ժողովուրդը Որոնդէսի ջուրը կը գործածէ որպէս ըմպելի ջուր, օդը մաքուր է, եթէ տուներու խտութիւնը արգելք չըլլայ: Ջրաբաշխական կանոնաւոր դրութիւն մը հաստատուած է գետի վրայ, դիւրացնելով ժողովուրդին գործը»:





