Հայրենի Կեանք
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Վիվասել – Էմ. Թի. Էս.»-ը Հովանաւորած Է
«Հոլիվուտ Նանըսթափ» Խորագիրով
Նուագահանդէսին Ծրագիրը
Վերջերս Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած էր մամլոյ միացեալ ասուլիս մը, որուն մասնակցած էին Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Ա. Հեֆերնը, «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը, Հայաստանի մշակոյթի փոխնախարար Արթուր Պօղոսեանը եւ Հայաստանի երիտասարդական նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Սերգէյ Սմբատեանը:
Բանախօսները տեղեկացուցած էին, որ մայիս 15-ին եւ 16-ին «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբը պիտի ներկայացնէ «Հոլիուտ նան-ըսթափ» նուագահանդէս-ծրագիրը: Յայտնենք, որ Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբի գլխաւոր գործընկերն է` «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը, որ հովանաւորած էր նաեւ «Հոլիուտ նան-ըսթափ» նախագիծը: «Հոլիուտ նան-ըսթափ»-ի գործընկերն է` Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը: Ծրագիրը իրականացուած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ: «Հոլիուտ նան-ըսթափ»-ը ամերիկեան հանրայայտ ժապաւէններու մեղեդիներու ներկայացումն է: Ծրագրին ընթացքին հնչած են «Կլատիաթըր», «Քարայիպեան ծովու ծովահէնները», «Կնքահայրը», «Անգամ մը Ամերիկայի մէջ», «Ռոմէօ-Ճուլիէթ», «Աստղային պատերազմներ», «Առաքելութիւն» եւ այլ շարժանկարներու սաունտթրեքները: Ծրագրին մէջ ընդգրկուած բոլոր ստեղծագործութիւններուն կատարման արտօնութիւնը յատուկ կերպով առնուած էր ժապաւէններու արտադրողներէն:
«Հոլիուտ նան-ըսթափ» ծրագիրը արդէն վայելած է հանդիսատեսին սէրը: Ան առաջին անգամ սկսած է 2012-ին եւ ներկայացուած է երեւանեան ութ համալսարաններու մէջ, ուր աւելի քան 6 հազար ուսանող ունկնդրած է հոլիուտեան ժապաւէններու երաժշտութիւնը:
2013-ին «Հոլիուտ նան-ըսթափ»-ը ներկայացուած է նաեւ հանրապետութեան մարզերուն մէջ, մասնաւորաբար` Գիւմրիի, Վանաձորի, Եղէգնաձորի, Արտաշատի մէջ: Այս բոլոր քաղաքներուն մէջ հանդիսատեսը մեծ ոգեւորութեամբ ընդունած է Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբին ելոյթները` բարձր գնահատելով ինչպէս հոլիուտեան ժապաւէններու մեղեդիներուն կատարումները, այնպէս ալ դասական երաժշտութիւնը մարզերու մէջ ներկայացնելու Երիտասարդական նուագախումբին ջանքերը:
Նշենք, որ այս միացեալ ծրագրին նպատակն էր մատչելի եւ հասանելի երաժշտութեամբ երիտասարդները ուղղորդել դէպի դասական երաժշտութիւն:
Աշտարակի Մէջ Սուրիահայերուն Համար
Պիտի Կառուցուի Նոր Հալէպ Թաղամասը
Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ վերջերս տեղի ունեցած է սուրիահայերու հիմնական հարցերը համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովին հերթական նիստը:
Երեւանի քաղաքապետարանի հանրակրթութեան վարչութեան նախագահ Գայեանէ Սողոմոնեան ներկայացուցած է սուրիահայ դպրոցականներու կրթութեան կազմակերպման գծով տարուող աշխատանքները: Ան յատկապէս անդրադարձած է սուրիական կրթական ծրագիրով գործող Կիլիկեան վարժարանին մէջ ուսուցման գործընթացի կազմակերպման եւ յաջորդ ուսումնական տարուան կրթական ծրագիրին: Քննարկման ընթացքին առաջարկուած է առանձին առարկաներու դասաւանդումը կազմակերպել արեւելահայերէն դասագիրքերով` միաժամանակ յստակացնելով Կիլիկեան վարժարանի կարգավիճակը, յաջորդ ուսումնական տարուան ընթացքին ուսուցումը կազմակերպել երկու թեքումով` արեւմտահայերէնի եւ արաբերէնի խորացուած ուսուցմամբ:
Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան աշխատակազմի հանրակրթութեան վարչութեան նախագահ Նարինէ Յովհաննիսեանը ներկայացուցած է աւագ դպրոցի սուրիահայ շրջանաւարտներուն համար համալսարան ընդունուելու համար սահմանուած կարգը, որուն համաձայն, դիմորդները պիտի օգտուին այն բոլոր արտօնութիւններէն, որոնք նախատեսուած են սփիւռքահայ ուսանողներուն համար:
Օրակարգին համաձայն, առողջապահութեան նախարարութեան անձնակազմի կառավարման վարչութեան նախագահ Սամուէլ Սողոմոնեանը ներկայացուցած է սուրիահայերուն բժշկական օգնութեան տրամադրման, ինչպէս նաեւ մասնագիտութեամբ բժիշկ սուրիահայերուն աշխատանքի ապահովման գծով տարուած աշխատանքները: Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան աջակցութեամբ շուրջ 500 սուրիահայեր ստացած են հիւանդանոցային օգնութիւն: 1000-է աւելի անձեր անվճար կերպով օգտուած են դարմանատուներու ծառայութիւններէն: Աշխատանք փնտռող 73 սուրիահայ բժիշկներէն 45-ը աշխատանք գտած է: Քննարկուած են նաեւ մարզերուն մէջ աշխատող սուրիահայ բժիշկներուն կեցութեան եւ ոլորտին մէջ լուծում պահանջող այլ հարցեր:
Միւս կողմէ, Հայաստանի կառավարութիւնը 6 յունիսին յանձնարարեց Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան` աջակցիլ Աշտարակի մէջ կառուցուելիք Նոր Հալէպ թաղամասի աշխատանքներուն:
Ըստ սփիւռքի նախարարութեան տեղեկատուութեան, Սուրիայէն Հայաստան տեղափոխուած են 7000 հայեր: Բնակարան ստանալու համար արձանագրուած են 600 ընտանիքներ, որոնք պատրաստ են վճարելու բնակարանի արժէքին 50 առ հարիւրը:
«Սուրիահայերու հիմնական հարցերը համակարգող կեդրոն» կազմակերպութեան առաջարկուած է Աշտարակի մէջ յատկացնել 4.8 հեկտար տարածք` բարերարներու եւ պետութեան աջակցութեամբ թաղամաս կառուցելու համար` 600 ընտանիքի յատուկ:
Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի համաձայն, այսպիսի թաղամասեր պիտի կառուցուին նաեւ այլ քաղաքներու մէջ:
Նոր Հալէպի Կառուցման Հասոյթ Ապահովելու Նպատակով
Կայացաւ Նկարներու Նախնական Ցուցադրութիւն
Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի մասնակցութեամբ, 7 յունիսին տեղի ունեցած է սուրիահայերու թաղամասի կառուցման նպատակով հայ նկարիչներու եւ լիբանանահայ արուեստաբան Մովսէս Հերկելեանի նուիրաբերած նկարներու հաւաքածոյի ցուցահանդէս-վաճառքի նախնական ցուցադրութիւնը: 17-22 յունիսին սփիւռքի նախարարութեան եւ Մարսէյի «Terre d՛Armenie» մշակութային կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, Մարսէյ քաղաքին մէջ պիտի կայանայ «Ֆրանս-հայկական գերազանցութեան շաբաթ», որուն ծիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ այդ հաւաքածոյին ցուցահանդէս-վաճառքը: Ամբողջ հասոյթը պիտի տրամադրուի սուրիահայերու համար թաղամասի կառուցման աշխատանքներուն:
Նկարներու ցուցադրութեան բացումը տեղի ունեցած է «Էրեբունի փլազա» կեդրոնի սրահին մէջ գտնուող նկարիչ Վահրամ Յարութեանի ցուցասրահին մէջ` մասնակցութեամբ նուիրատու նկարիչներէն Վահրամ Դաւթեանի, Վահան Ռումելեանի, Գէորգ Եղիազարեանի, Նայիրա Աղախանեանի:
Շնորհակալութիւն յայտնելով հայ նկարիչներուն եւ սփիւռքահայ արուեստաբան Մովսէս Հերկելեանին` այս կարեւոր նախաձեռնութեան համար, նախարար Հրանուշ Յակոբեան նշած է, որ այս նախաձեռնութեամբ հայ նկարիչները իրենց ուրոյն ներդրումը պիտի ունենան սուրիահայութեան համար բնակարանաշինութեան կարեւոր գործին մէջ:
Հայ գեղանկարչական արուեստը միջազգային մակարդակներու վրայ ներկայացնելու, 28 միջազգային ցուցահանդէսներով բնագաւառին մէջ թարմութիւն ներմուծելու եւ սփիւռքի տարբեր համայնքներու մէջ հայկական արուեստը տարածելու եւ ճանաչելի դարձնելու համար նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը նախարարութեան «Արշիլ Կորքի» մետալով պարգեւատրած է նախաձեռնութեան իր «Կէսգիշերային խաղ» կտաւը նուիրաբերած Վահրամ Դաւթեանը:
Օփերայի Աշխարհահռչակ Երգիչ Մոնսերաթ Քապալիէ
Արցախ Այցելեց
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 4 յունիսին ընդունած է օփերային աշխարհահռչակ երգչուհի Մոնսերաթ Քապալիէն: Նախագահ Սահակեան ողջունելով նշանաւոր արուեստագէտին այցելութիւնը` դիտել տուած է, որ նման անձնաւորութիւններու համագործակցութիւնը մեծապէս կը նպաստէ Արցախի մէջ մշակոյթի զարգացման:
Մոնսերաթ Քապալիէ նշած է, որ Արցախ եկած է որպէս ՄԱԿ-ի խաղաղութեան դեսպան: Աշխարհահռչակ երգչուհին շեշտած է, որ իրեն համար մեծ նշանակութիւն ունի քրիստոնէական ժառանգութիւնը եւ ինք տեղեակ է Արցախի հարուստ քրիստոնէական անցեալին եւ բացառիկ եկեղեցիներուն մասին:
Պաքուն Անբաղձալի Անձ Հռչակեց
Մոնսերաթ Քապալիէն
Օփերային աշխարհահռչակ երգչուհի Մոնսերաթ Քապալիէն, որ քանի մը օրէ Լեռնային Ղարաբաղ կը գտնուի, անբաղձալի անձ հռչակուած է Ազրպէյճանի մէջ` Լեռնային Ղարաբաղ տուած իր այցելութեան պատճառով:
«Մենք բողոքագիր յղեցինք սպանական կողմին` պարզաբանելով ամբողջ իրավիճակը, եւ բացատրութիւններ պահանջեցինք Ազրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքներ Քապալիէի այցելութեան կապակցութեամբ», «Ինթերֆաքս» լրատուական գործակալութեան փոխանցած են Սպանիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպանութենէն: «Բողոքագիրին մէջ նշուած է, որ Քապալիէն ազրպէյճանական այցագիր չի ստանար, քանի որ կը դառնայ անբաղձալի անձ»:
Դիւանագիտական ներկայացուցչութենէն յայտնած են նաեւ, որ դեսպանութեան աշխատակիցները մայիսին երգչուհիին գործավարները զգուշացուցած էին Լեռնային Ղարաբաղ տրուելիք այցելութեան հետեւանքներէն:
Պոլսահայ Աշխարհահռչակ Լուսանկարիչ
Արա Կիւլերի Համար Հայ Ըլլալը Առաւելութիւն Է
Պոլսահայ աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլերի աշխարհի տարբեր անկիւններ եւ զանազան ժամանակներ պատկերով աւելի քան 100 լուսանկարները ամփոփուած են Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ, ուր 4 յունիսին բացումը կատարուեցաւ անոր «Բարեւ ձեզ» խորագիրով ցուցահանդէսին: Անկէ առաջ Կիւլեր տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցահանդէսի կազմակերպիչներուն:
Ան նշեց, թէ իր ստեղծագործական կեանքին մէջ ազգութեամբ հայ ըլլալը իրեն համար երբեք խանգարիչ հանգամանք չէ եղած, այլ առաւելութիւն է: «Ես միշտ երջանկութեան ետեւէն վազեցի, բայց երբեք չկրցայ զայն գտնել, հաւանաբար երջանկութիւնը այն է, ինչ որ ես տեսած եմ լուսանկարչական գործիքին միջոցով», յայտնեց Կիւլերը: Անոր համաձայն, իր լուսանկարներուն մէջ պատկերուած մարդոց, դերասանուհիներուն գեղեցկութիւնը անցողիկ է, փոխարէնը` կարեւոր է անոնց էութիւնը, խառնուածքը, որ միշտ պէտք է արտացոլայ լուսանկարին մէջ: Կիւլեր պատմեց, որ կեանքին մէջ երկու անգամ բարձրացած է Արարատ լերան գագաթը` լուսանկարելու նպատակով:
Ցուցահանդէսին մասին խօսելով` ան ըսաւ. «Ես հետս բերած եմ ու կը փափաքիմ ձեզի ցոյց տալ 130 պատկերներ, սակայն ցուցահանդէսին ներկայացուած են միայն 100 հատը, որովհետեւ մնացեալին տեղ չմնաց ցուցասրահին մէջ», պատմեց լուսանկարիչը:
Ան դիտել տուաւ, որ վերջին շրջանին շատեր կը շփոթեն լուսանկարիչի ու լրագրող¬լուսանկարիչի մասնագիտութիւնները, թէեւ անոնք ամբողջովին տարբեր են եւ տարբեր աշխատանք կ՛ենթադրեն: «Լուսանկարչութիւնը արուեստ չէ, այլ իրականութիւնն է, կը ներկայացնէ ամէն բան այնպէս, ինչպէս որ է», նշեց լուսանկարիչը:
«Շարժապատկերը արուեստ է, որովհետեւ բեմադրիչը կը մտածէ բեմադրութեան մասին, մինչդեռ լուսանկարը եղած բանը, իրականութիւնը կը պատկերէ, սուտ չէ«, ըսաւ Կիւլեր: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ապագայի ի՞նչ ծրագիրներ ունի, ան նշեց, որ արդէն 85 տարեկան է եւ յատուկ ծրագիրներ չունի:
«Պոլսոյ աչք» անունը ստացած Կիւլեր հեղինակ է աւելի քան 800 հազար լուսանկարներու: Ան Հայաստանին ու Թուրքիոյ բարեկամութիւն կը մաղթէ: Դարուս լաւագոյն լուսանկարիչը հայաստանեան ցուցահանդէսէն ետք իր աշխատանքները պիտի նուիրէ Հայաստանի Հանրապետութեան:
4 Յունիսի երեկոյեան Ազգային պատկերասրահին մէջ ցուցադրուած է Կիւլերի մասին պատմող վաւերագրական տեսերիզ:
Սերժ Սարգսեան Ընդունած Է
Արա Կիւլերը
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 5 յունիսին ընդունած է պոլսահայ լուսանկարիչ Արա Կիւլերը, որուն 100 լուսանկարներու ցուցահանդէսի բացումը կատարուած էր նախորդ օր Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ:
Արա Կիւլեր հանրապետութեան նախագահին պատմած է երեւանեան ցուցահանդէսին մասին, կիսած է Հայաստան իր այցելութեան տպաւորութիւնները, խօսած է նաեւ հետագայ ծրագիրներուն մասին: Հանդիպման պատեհ առիթը օգտագործելով` Արա Կիւլերը իր լուսանկարներու յայտնի շարքը համալրած է` անձամբ լուսանկարելով նախագահ Սերժ Սարգսեանը: Հանդիպման աւարտին ան նախագահին նուիրած է նաեւ իր աշխատանքներէն մէկը:
Երեւանի Քաղաքապետին Անակնկալը
Լեւոն Եւ Թամար Թաշճեաններուն
Լիբանանահայ Լեւոն եւ Թամար Թաշճեան ամոլը, որոնք Հայաստանի մէջ շաբաթներ առաջ ունեցած էին եռեակ զաւակներ, Մանուկներու իրաւունքներու պաշտպանութեան օրուան առիթով Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի անունով նուէր ստացած են երեք մանկասայլակ եւ նորածիններու խնամքին համար անհրաժեշտ պարագաներ:
Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի մանուկներու իրաւունքներու պաշտպանութեան բաժնի պետ Իտա Խաչատրեան Թաշճեաններուն փոխանցած է քաղաքապետին բարեմաղթանքները եւ` նշած, որ այս ընտանիքը այսուհետեւ պիտի ըլլայ քաղաքապետարանի հոգածութեան ներքոյ:
Թաշճեանները Հայաստան եկած են Լիբանանէն եւ մօտ մէկ տարի է կը բնակին Երեւանի մէջ, եւ քաղաքապետի ուշադրութեան մէկ անգամ չէ, որ արժանացած են: «Շատ զգացուած եւ անչափ յուզուած ենք, որ պարոն Մարգարեանը մեր եռեակը, մեր անչափ սպասուած առիջնեկները այսչափ կը քաջալերէ», նշած է ընտանիքին հայրը:
Լեւոն Թաշճեան Պարգեւատրուեցաւ
«Գարեգին Նժդեհ» Մետալով
Մայիս ամիսը յատկանշական է հայոց համար: Ան կը խորհրդանշէ Սարդարապատի Շուշիի յաղթանակները: Մայիսեան յաղթանակներու առիթով Երեւանի մէջ տեղի ունեցան տարբեր նախաձեռնութիւններ: Այս առիթով կատարուեցաւ զինուորականներու ու ազատամարտիկներու պարգեւատրում, որոնց կարգին էր Լեւոն Թաշճեան: Ան կամաւոր կերպով մասնակցած էր Արցախեան ազատամարտին եւ 1992 սեպտեմբերէն մինչեւ 1994 Շուշիի առանձին հրաձգային գումարտակին շարքերուն մէջ մասնակից դարձած էր Արցախի տարածքային ամբողջականութեան համար մղուած ինքնապաշտպանական եւ ազատագրական կռիւներին: Այս առիթով, որպէս խիզախ, օրինակելի եւ կարգապահ ազատամարտիկ Լեւոն Թաշճեան պարգեւատրուեցաւ «Գարեգին Նժդեհ» մետալով` Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի ձեռամբ:
«Կարօտ»-ի Երգահանդէսին Հասոյթը
Տրամադրուեցաւ Սուրիահայ Կարիքաւոր
Ընտանիքներուն
Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայաստանի երաժշտական ընկերութեան աջակցութեամբ Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ սուրիահայերու «Կարօտ» երգչախումբին երգահանդէսը` Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ Ժիրայր Ալթունեանի ղեկավարութեամբ եւ Թաթուլ Ալթունեանի անուան Հայաստանի երգի-պարի վաստակաւոր համոյթին մասնակցութեամբ: Սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն փոխանցուած լուրերուն համաձայն, երգահանդէսէն գոյացած հասոյթը տրամադրուեցաւ Հայաստանի մէջ գտնուող սուրիահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն:
Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայեր` տոքթոր Պետիկ Պոյաճեանի, տոքթոր Ռոպերթ Սուլահեանի, Հրայր Ակիլեանի, Պեթի Մինասեանի, ինչպէս նաեւ Ժիրայր Ալթունեանի նախաձեռնութեամբ 2013 թուականի յունուարի սկիզբը ստեղծուած այս երգչախումբին նպատակն է շարունակել սուրահայութեան մշակութային աւանդութիւնները եւ աջակցիլ անոնց համարկման հայաստանեան հասարակական կեանքին: Երգչախումբին մաս կազմած են 40 սուրիահայեր, որոնք ներկայացուցած են հայկական ժողովրդական, հայրենասիրական, ինչպէս նաեւ` արաբական երգեր:
«Խաչատրեանի Ստեղծագործութեան Միջով
Ոսկէ Թելով Անցնում Են Ազգային Մեղեդիները»,
Մշակոյթի Նախարար
6 յունիսին, հայ մեծ երաժշտահան Արամ Խաչատրեանի ծննդեան 110-ամեակին օրը, ընթացք առած է «Արամ Խաչատրեան» փառատօնը եւ Արամ Խաչատրեանի անուան 9-րդ միջազգային մրցումը:
Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանը Արամ Խաչատրեանի անուան միջազգային մրցոյթի բացման արարողութեան ընթացքին նշած է, որ Արամ Խաչատրեանի երաժշտութիւնը բոլորին համար տօն է: Անոր երաժշտութիւնը նուաճած է աշխարհի բոլոր բեմերը, աշխարհի տարբեր մարդոց սրտերը: «Մենք հպարտութեամբ ենք ասում, որ Արամ Խաչատրեանի ստեղծագործութեան միջով ոսկէ թելով անցնում են ազգային մեղեդիները: Մենք նրա երաժշտութեան մէջ լսում ենք մեզ հարազատ հնչիւնները: Եւ շատ խորհրդանշական է այն հանգամանքը, որ այսօր շատ երկրներում հայերին, Հայաստանը ճանաչում են նաեւ Արամ Խաչատրեանի անունով», նշած է մշակոյթի նախարարը:
Մոսկուայի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար Պաւել Կոգանը նկատել տուած է, որ Արամ Խաչատրեանի անուան միջազգային մրցումը մեծ կարելիութիւն կու տայ երիտասարդներուն: Ան իր ընտանեկան արխիւէն թանկարժէք նուէր տուաւ Արամ Խաչատրեանի թանգարանին` 60 տարի առաջ, 1953 թուականի յունիս 6-ին Արամ Խաչատրեանի ձեռքով գրուած նամակ մը:
Արուեստագէտ, Արամ Խաչատրեանի որդի Կարէն Խաչատրեանը նշած է, որ իրեն համար Երեւան այցելութիւնը միշտ շատ յուզիչ է, քանի որ Հայաստանի մէջ ամէն ինչ կը շնչէ Արամ Խաչատրեանով, ան հոն կը տեսնէ հոգեւոր հզօր կապ հայ ժողովուրդին եւ Արամ Խաչատրեանի միջեւ: «Ես զգացմունքային լիցքեր եմ ստանում Հայաստանում: Միաժամանակ ինձ մօտ յուշեր են արթնանում. բազմաթիւ անգամներ եմ Արամ Խաչատրեանի հետ եղել Հայաստանում, այս դահլիճում: Ես ուզում եմ իմ երախտագիտութիւնն ու խոնարհումը յայտնել հայ ժողովրդին Արամ Խաչատրեանի նկատմամբ ունեցած մեծ սիրոյ ու յարգանքի համար», յայտնած է Կարէն Խաչատրեանը:
Մրցումի պատուոյ հիւր Աւստրիոյ արքայադուստր Իրինա Ցու Զայն-Վիտգենշթայն-Պերլեպուրքը լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ ինք Արամ Խաչատրեանի ստեղծագործութեան երկրպագուն է, անոր երաժշտութիւնը շատ գեղեցիկ է:


