«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» Ռոժէ Ֆըղալի Տիրացաւ Ժեզզինի Ռելիին
Կիրակի, 9 յունիսին տեղի ունեցաւ Ժեզզինի 2-րդ ռելին, որ կ՛իյնայ Լիբանանի ռելիի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:
«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած այս ռելիին իրենց մասնակցութիւնը բերին 24 ինքնաշարժներ:
Ռոժէ Ֆըղալի, որ իր օգնականին` Ժոզեֆ Մաթարի հետ կը մասնակցէր «Միթսուպիշի լենսըր Էվօ-10 (Ար. 4)» ինքնաշարժով` արձանագրելով 1 ժամ 5՛ 37՛՛ արդիւնք մը, տիրացաւ տիտղոսին:
2-րդ հանդիսացաւ Նիքոլա Ամիունի-Շատի Պէյրութի զոյգը, որ արձանագրեց 1 ժամ 9՛ 19՛՛ արդիւնք մը, իսկ երրորդ դիրքը գրաւեց Ժիլպեր Պաննութ-Ռունօ Ժամուլ (Պելճիքա) զոյգը` արձանագրելով 1 ժամ 9՛ 26՛՛ արդիւնք մը:
Նշենք, որ 15 ինքնաշարժներ միայն հասան ժամանման գիծ:
CATEGORIES Մարզական

