Խմբագրական. Յաղթանակի Ամիս Եւ Այլ Բաներ…

ԳՐԻԳՈՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

Ահա անցաւ մայիսը: Յաղթանակներու ամիս ըլլալով հանդերձ, անցնող մայիսը յատկանշուեցաւ նաեւ այլ իմաստներով:

Անիի կործանումէն շուրջ 900 տարի ետք հայ ժողովուրդը Հայաստանի հողին վրայ վերականգնեց իր անկախ պետականութիւնը:

19-րդ դարու վերջերուն, մտաւոր զարթօնքի քաղաքական խմորումներէն ետք հայ ժողովուրդը ի վերջոյ դիմեց երկաթէ շերեփին` Ո՛Չ ըսելով թրքական եւ քրտական կեղեքումներուն, զէնքով պաշտպանելով ազգին արժանապատուութիւնը: Շուրջ երեսուն տարուան զինեալ պայքարը պսակուեցաւ «վարդահեղեղ արշալոյս»-ով:

Ծանր երկունքէն ետք ծնաւ մեր կորսուած պետականութիւնը. 28 Մայիս 1918-ին հռչակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Կրօնական համայնքի, հալածուող ու հարստահարուող խեղճ զանգուածի վիճակէն վերածուեցանք պետականութիւն ունեցող ազգի:

Առաջին հանրապետութեան շրջանի մեր ղեկավարները, վարչապետ կամ նախարար, զօրավար կամ պարզ ժողովուրդ, ձեռք ձեռքի սկսան վերականգնել մեր աւերուած երկիրը: Անոնք գիշեր-ցերեկ կ՛աշխատէին երկիրը դուրս բերելու մոխիրներէն, կ՛արարէի՛ն մեր պետականութիւնը: Անոնց ազնուագոյն յատկանիշը այն էր, որ անոնք կ՛ապրէին իրենց ժողովուրդին նման, ժողովուրդին ցաւը իրե՛նց ցաւն էր, ժողովուրդն ու ղեկավարութիւնը «մենք ու անոնք» չէին, միեւնո՛յնն էին: Չկային սակաւապետներ, չկային իրենց սեփական ժողովուրդին արիւնը ծծողներ, չկային իրենց ժողովուրդի քրտինքի եւ իրենց պաշտօնի բերումով միլիառներ դիզողներ:

Սովի ու համաճարակի պայմաններու մէջ մայիս 28 կերտող հերոսներուն առաջին մտահոգութիւնն էր մեր այդ փոքրիկ տունը ընդարձակել եւ լեցնել: Հետզհետէ սկսան տուն դառնալ մեր ժողովուրդի ցրուած բեկորները, հոգ չէ թէ` անօթի ու բոպիկ: Որովհետեւ իրենց տան մէջ կը սպասէր իրենց Հայրը, Պապան, Պետութի՛ւնը: Մեր մտաւորականութիւնը վերադարձաւ Հայաստան, թէեւ անոնք կրնային աւելի հանգիստ կեանք ունենալ արտասահմանի մէջ: Հիմնուեցաւ համալսարանը: Թափ ստացաւ ուսումը: Ստեղծուեցաւ արդարութեան վրայ հիմնուած դատական համակարգը: Հիմերը դրուեցան մեր ապագայ Տան: Ժողովուրդը երբե՛ք չմտածեց արտագաղթելու մասին, թէեւ ամէն օր անօթի մեռնողներ կային: Չարտագաղթեց, որովհետեւ Պետութիւնը իր կողքին էր:

Այո, մայիսը յաղթանակներո՛ւ ամիս է: Մայիսին էր, որ ազատագրուեցաւ Շուշին` ճամբայ բանալով դէպի Լաչինի ազատագրում եւ միացում Մայր Հայաստանի հետ: Շուշիով էր, որ Արցախի ճակատագիրը ամբողջութեամբ հուն փոխեց: Դարձեա՛լ դարձանք յաղթական ազգ: Դարձեա՛լ մեր արժանապատուութիւնը վերականգնեցինք, ինչպէս եղած էր մայիս 28-ին:

Մերօրեայ մայիսեան յաղթանակներէն ետք, սակայն, հետզհետէ սկսաւ կազմաւորուիլ դասակարգ մը, որ քանի մը տարուան մէջ տիրացաւ հսկայական հարստութեան: Ոչ ոք հարցուց` «որտեղի՞ց բերեցիր այս բոլորը»: Բայց ո՞վ պիտի հարցնէր: Իրենք իրե՞նց: Իսկ անդին պարզ ժողովուրդը մնաց աղքատութեան մէջ: Անոնք, որոնք փորձեցին սեփական աշխատանքով ոտքի կանգնիլ, հարուածը կերան: Ու երկիրը սկսաւ դատարկուիլ, արիւնաքամ ըլլալ: Գաղթեցին ու գաղթեցին: Ու տակաւին կը գաղթեն: Որո՞ւ հոգը:

Իսրայէլը իր հիմնադրութենէն 20 տարի ետք իր բնակչութեան թիւը բազմապատկեց, իր տնտեսութիւնը, ընկերային սպասարկութիւնները, ժողովրդավարութիւնը, կրթական ու գիտական համակարգը դրաւ ամուր հիմերու վրայ: Իսկ մենք 20 տարի ետք յաջողեցանք մեր համրանքը կէսի իջեցնել, յաջողեցանք ստեղծել քանի մը սակաւապետներ, իրենց շրջապատով եւ արբանեակ սակաւապետներով, անդատելի ու անպատժելի: Յաջողեցանք ստեղծել կացութիւն մը, ուր քաղաքապետը անարգաբար կը սպաննուի հայու գնդակով, խաղաղ պայմաններու տակ հայ զինուորը կը սպաննուի հայ զինուորի փամփուշտով, բայց միշտ յանցագործ դասակարգը կը մնայ անպատիժ:

20 տարի կազմակերպեցինք ընտրութիւններ` նախագահական, երեսփոխանական, քաղաքապետական, ու 20 տարի արարեցինք ժողովուրդի քուէները գողնալու, ժողովուրդը խաբելու համակարգը: Ժողովուրդը ընտրեց, բայց ընտրուողները չէ, որ նստան աթոռին: Այդ ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ ամբողջ ժողովուրդը գիշեր ցերեկ կը հայհոյէ իշխանութիւններուն եւ կ՛ուզէ հեռանալ երկրէն, բայց նոյն իշխանութիւններն են, որ ժողովուրդի քուէներուն ջախջախիչ մեծամասնութեամբ կը «վերընտրուին»:

Այո՛, մեր յաղթանակներու կողքին, այլ բաները աւելի ծանր կը կշռեն…

«Ֆրանս-Արմէնի»

 

 

Share this Article
CATEGORIES