ԶԻՆԿԸ ԿՐՆԱՅ ԱՐԱԳԱՑՆԵԼ ՍՈՎՈՐԱԿԱՆ ՀԱՐԲՈՒԽԻՆ ԴԱՐՄԱՆՈՒՄԸ

Փետրուարի կէսերուն ամերիկացի եւ հնդիկ խումբ մը մասնագէտներ յայտնած են, թէ զինկով պատրաստուած դեղահատեր, օշարակ եւ կամ յատուկ շաքարներ կրնան նուազեցնել սովորական հարբուխին տեւողութիւնն ու անոր ախտանշաններուն տարողութիւնը:

Զինկը ճերմակ մետաղ մըն է, որ ընդհանրապէս կը գործածուի երկաթը խոնաւութենէ պաշտպանելու նպատակով պատրաստուած յատուկ նիւթերու մէջ:

Մասնագէտները գտած են, թէ երբ հարբուխի ախտանշաններուն դրսեւորուած ատեն զինկ պարունակող դեղահատեր տրուած են մարդոց, ապա անոնց մօտ արագացած է այդ ախտանշաններուն դարմանումը:

Մասնագէտները նշած են նաեւ, թէ զինկ պարունակող դեղահատեր յաճախակիօրէն գործածելը կրնայ պաշտպանել մարդկային մարմինը հարբուխին յառաջացման վտանգէն: Միւս կողմէ, սակայն, մեծ տարողութեամբ զինկը վնասակար է` նկատի ունենալով, որ անիկա թունաւոր մետաղ է: Այսուհանդերձ, զինկի յաւելեալ տարողութիւնները կրնան յառաջացնել սրտխառնուք եւ փսխունք, ինչպէս նաեւ փորի ցաւ ու փորհարութիւն:

Մասնագէտները հետամուտ են գտնելու զինկի այն յարմարագոյն տարողութիւնները, որոնք չեն վնասեր մարդկային մարմնին եւ միեւնոյն ատեն կը նպաստեն հարբուխին ախտանշաններուն մեղմացման:

Վիճակագրական տուեալներուն համաձայն, չափահասները ընդհանրապէս տարեկան 2-4 անգամ հարբուխ կ՛ըլլան, իսկ մանուկները` տարեկան մինչեւ տասը անգամ:

Ծանօթ է արդէն, որ հարբուխի ժահրերը մէկ հոգիէն միւսին կը փոխանցուին ո՛չ միայն հազալով եւ կամ փռնգտալով, այլ նաեւ` ժահրով ապականած մակերեսներու դպչելով, ինչպէս, օրինակ, դռներու բռնակներուն եւ կամ տարբեր առարկաներու ու ապա ձեռքերը քիթին դպցնելով:

 ԶԻՆԿԸ ԿԸ ՆՊԱՍՏԷ ՄԱՐՄՆԻ ԲՆԱԿԱՆ
ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՆ ԱՇԽՈՒԺԱՑՄԱՆ

Մասնագէտները գտած են, թէ զինկ պարունակող դեղահատերը կրնան նուազ վարակիչ դարձնել հարբուխը` նկատի ունենալով, որ անոնք կարողութիւնը ունին սովորական հարբուխի ժահրերը ծածկելու` այդպիսով կասեցնելով ռունգերուն բարակ խաւերէն ներս անցած ժահրերուն մարմնին մէջ թափանցումը:

Մասնագէտներուն կատարած տարրալուծարանային քննութիւնները ցոյց տուած են նաեւ, թէ զինկ պարունակող դեղահատերը կրնան կասեցնել ժահրերուն բազմապատկուելու գործընթացը:

Կարգ մը այլ փորձարկումներ ցոյց տուած են, թէ զինկը կրնայ նպաստել նաեւ մարմնի բնական պաշտպանութեան համակարգին մէջ տեղի ունեցող տարբեր գործընթացներուն աշխուժացման, ինչպէս նաեւ կրնայ կասեցնել մարմնին մէջ թափանցող ժահրերուն դէմ մարմնին ունեցած տհաճ հակազդեցութիւնները, որոնք ժահրերուն վնասելու փոխարէն կը վնասեն մարմնին:

Մասնագէտները իրենց ուսումնասիրութեան մէջ նկատի ունեցած են հազար երեք հարիւր վաթսուն հոգի: Նշեալ մարդոց վրայ կատարուած փորձարկումները ցոյց տուած են, թէ անոնց մօտ, որոնց զինկ պարունակող դեղահատեր, օշարակ  եւ կամ յատուկ շաքարներ տրուած են հարբուխի ախտանշաններուն յայտնուած օրը, նուազած է հարբուխին տեւողութիւնը, ինչպէս նաեւ մեղմացած է անոր ախտանշաններուն տարողութիւնը: Միւս կողմէ, սակայն, անոնց մօտ, որոնց դեղահատի տեսք ունեցող, սակայն որեւէ տեսակի շաքարով պատրաստուած եւ բուժիչ յատկութիւն չունեցող «դեղահատեր» տրուած են, համեմատաբար երկարատեւ ու ծանր եղած են հարբուխին ախտանշանները:

ԶԻՆԿԻՆ ՅԱՐՄԱՐԱԳՈՅՆ ՏԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
ՃՇԴԵԼԸ` ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ

Ինչ կը վերաբերի մանուկներուն, մասնագէտները գտած են, թէ այն մանուկները, որոնց հինգ ամիս շարունակ օրական տասնհինգ միլլիկրամ զինկ պարունակող օշարակ եւ կամ յատուկ շաքարներ տրուած են, նուազ յաճախականութեամբ հարբուխ եղած են տարուան ընթացքին:

Մասնագէտները նկատած են, թէ զինկ պարունակող դեղահատեր գործածող կարգ մը մարդոց մօտ սրտխառնուք յառաջացած է, իսկ ոմանք ալ իրենց բերնին մէջ տհաճ համ զգացած են:

Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող հնդիկ մասնագէտ Մինու Սինկ ըսած է, որ թէեւ զինկը նպաստած է հարբուխի դարմանումին, միւս կողմէ, սակայն, տակաւին կարելի չէ եղած յստակացնել, թէ ճիշդ ո՛րն է զինկի այն յարմարագոյն տարողութիւնը, որ հարբուխի դարմանումին նպաստելուն առընթեր, իբրեւ թունաւոր մետաղ չի վնասեր մարդկային մարմնին: Այսուհանդերձ, ան անհրաժեշտ նկատած է կատարել յաւելեալ փորձարկումներ` ճշդելու համար զինկ պարունակող դեղահատերուն յարմարագոյն տարողութիւններն ու անոնց գործածութեան տեւողութիւնը, որպէսզի կարելի եղած չափով նուազ ըլլայ զինկին ունեցած վնասակար ազդեցութիւնը:

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES
TAGS