ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ. ՍՐՏԲԱՑ ԶՐՈՅՑ ԱՅՐԵՐՈՒՆ ՀԵՏ



Ի՞նչ կ՛ուզէիք որ խօսէինք ձեր մասին,
Իբրեւ սիրած, իբրեւ ընկեր-ամուսին,
Որ գովէինք բառերով բորբ,
Ուժը անյաղթ, վարքը ազատ,
Ծագում առած անտառներէն Ադամի,
Ծաղկաստանէն եդեմի,
Ու ինչպիսի խօսքեր փափուկ, կնոջական,
Բերենք ձեզի իբրեւ ընծայ,
Որ փափկանար կարծրութիւնը ձեր խստակեաց,
Փքուէր թոքը ձեր հերոսի,
Որ հրճուէիք պարտէզին մէջ դրախտային,
Որ յաղթէիք մենամարտին,
Փետուր-կշիռք մրցակիցին…
Կը սիրէիք տեսնել սիրտեր բուխ ու փխրուն,
Մերկ ու մսող` մինակութեան հովերէն ցուրտ,
Երջանկաբեր նուիրումով…
Ինչպէս Խայեամ, որ գովերգեց,
Կինն ու գինին անմահական,
Մենք ձեզ բերինք երգերը մեր,
Եւ արբեցում նուիրական…:
Թաս մը գինի ու սիրտ էգի,
Համարեցիք դուք բաւարար,
Ա՛լ ի՞նչ կ՛ուզէք այրեր կենարար,
Որ ձեր քաղցը ա՜լ յագենար…:
Այսօր լսեցի նոյն բողոքը հին,
«Զօրաւոր» կոչուած արական սեռին,
Թէ` կանայք հայոց չեն պարզաբանած,
Գաղտնիքը իրենց սրտին կանացի…
– Ի՞նչ կ՛ըսէք այրեր,- վա՜յ բողոքին ձեր,-
Իրա՞ւ է արդեօք որ չէք ճանչցեր դեռ,
Կինը` փափկասուն…
Զրպարտութի՞ւն է թէ վիշտ արական,
Կինը ճանչնալու փափաքն այս արդար:
Բայց դուք ճանչցած էք կինը շատ վաղուց,
Երբ եդեմին մէջ օձ մը սատանայ,
Մոլորանքի թոյն սիրով հրամցուց,
Որպէսզի Եւան, մնար անարժան,
Ու միշտ յանցապարտ դաւերու դիմաց…:
Բայց կիներն համայն, վստահ են այնքան,
Թէ ոչինչ ունին իրենց մօտ պահուած,
Ոչինչ թաքնուած, տուած են բաց-սիրտ,
Ինչ որ ունէին, նիւթ թէ բարք անբիծ,
Զոր ըմբոշխնեցիք հաճոյքով անյագ,
Ու դեռ անդադրում, ծարաւ կը մնաք…:
……………………………………………………………………….
Կը ցաւին իրօք ձեր մութ կասկածին,
Կիները համայն ողջ տիեզերքի,
Թէ ան չէ ըսած խօսքն իր կանացի,
Որ ըստ ձեզի,
Հարկ էր որ ըլլար պաղատանք խոնարհ,
Գետնամած յարգանք ձերդ մեծութեան…:
Ու քիչ մը շոյուէր ոգին ձեր կուռքի,
Պաշտամունք դառնար պահն հանդիպումի,
Հարկ էր որ կինը դառնար նոր ստրուկ,
Ծախուէր աճուրդով շուկային մէջ սեւ,
Շիկնանքովն այտին վարդերով կուրծքին,
Մերթ սուղ, մերթ` աժան
– Ծախու կիներուն ո՞րքան գին կու տան… –
Փոխան շոյանքի, ծախէր ծունկերն իր,
Յետոյ` ծնրադիր,
Կրկնէր մեծ «մեղան»,
Մեղայ քեզ տէր իմ
Մեղայ անունով բոլոր կիներուն,
Մենք տկար ենք յոյժ, իսկ դուք զօրաւոր,
Մենք մեղաւոր ենք, իսկ դուք տիրակալ,
Մենք ձեր աղախին, դուք մեր տէր հզօր,
Ձեզ կը սիրենք շատ, մեր անեղծ սրտով,
Դուք էք մեր պաշտպան, բարձր-հովանաւոր…
Առանց ձեր շուքին, ծանր ու մթագնած,
Հովը կը տանի մեզ դէպի անդունդ,
Յարդի շիւղի պէս կ՛ըլլանք ցան ու ցիր,
Դուք մեր ասպետն էք, արքան թագակիր…:
………………………………………………………………………
Դուք բանաստեղծներ, որ մեզ երգեցիք,
Որ մեզ գովեցիք երգերով անբիծ,
Ձեզ համար մենք լոկ, երախտիք ունինք,
Ըսէք ձեր սեռին մարդերուն անգէտ,
Թէ դուք բանաստեղծ, կինը ճանչցած էք,
Ոչ իբրեւ մարմին եւ նիւթ գոյապաշտ,
Այլ իբրեւ հոգի ծնունդ լուսապաշտ,
Փառաբանանքի գովերգ օրհնաբան,
Ձօնեցիք մեզի ձիրքով ձեր ձրի,
Ապահովելով մեր ապագային,
Պարծանքն յաւերժին…
Համայն մարդկութեան մեր խօսքը ըսինք,
Որդեծնութեան տաղանդով քաղցրիկ,
Արարեցինք մեր կամքն աստուածային,
Կ՛աղաչենք այրեր, ա՛լ մի երկմտիք,
Կարճատեսութեան վարանումով վատ,
Խօսքեր փուճ ու կեղծ, անարդար են շատ…
Մենք ստեղծեցինք մարդն աստուածադէմ,
Ու զայն յանձնեցինք գիրկը` յաւերժին,
Առանց մայրութեան, աշխարհ կը վիժի…:

                                                               ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ13-14 ապրիլ 1993
Պուրճ Համուտ, Լիբանան

 

Կնոջական էջը պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES
TAGS