ԾԻԾԱՂ. ԻՆՉՈ՞Ւ ՀԵՌԱՏԵՍԻԼԸ ԳԵՐԱԴԱՍԵԼԻ Է ԿՆՈՋՄԷ

Սոյն գրութեան հեղինակը Վլատիմիր Յակոբեան կ՛ըսէ. «Սիրելի կանայք, ներկայացնելով այս ցուցակը, յոյս ունեմ, որ լրջօրէն չէք վերաբերիր դրան եւ գործի կը դնեմ ձեր հիւմուրի զգացումը»…

  • Դուն նախօրօք գիտես ամբողջ ծրագիրը:
  • Ան չի նախանձիր, եթէ դուն մէկէ աւելի հեռատեսիլ ունիս:
  • Բանալով նոր հեռատեսիլին խաւաքարտէ ծրարը, կրնաս համոզուած ըլլալ, որ դուն առաջինն ես:
  • Հեռատեսիլը միշտ տեղեակ է քաղաքական եւ մարզական լուրերէն:
  • Դուն չես նախանձիր եթէ քու հեռատեսիլդ դիտեն մի քանի հոգի:
  • Հեռատեսիլը չի գանգատիր, եթէ դուն ցած աշխատավարձ կը ստանաս:
  • Դուն փափաքած պահուդ կրնաս անջատել կամ աշխատցնել հեռատեսիլը:
  • Ծախսի իմաստով, հեռատեսիլին պահանջները նուազ են քան կնոջ պահանջները:
  • Դուն տեւաբար կրնաս փոխել հեռատեսիլդ:
  • Հեռատեսիլը չի ձանձրացներ:
  • Դուն, անձնապէ՛ս կ՛որոշես ինչ բան դիտել:
  • Տան մէջ հեռատեսիլը աւելի քիչ տեղ կը գրաւէ քան կինը:
  • Դո՛ւն ես հեռատեսիլը ընտրողը եւ ոչ թէ ան` քեզ:
  • Հեռատեսիլը ինքն է, որ կը զուարճացնէ քեզ, եւ ոչ թէ դուն` անոր:
  • Հեռատեսիլը չ՛ամչնար, եթէ ան նորաձեւ չէ:
  • Հեռատեսիլը քեզ չի լքեր:
  • Հեռատեսիլը չունի գէշ սովորութիւններ:

ԽՕՍՔԵՐ` ՄԵԾԵՐԷՆ…

– Կինը կեանքի հիմն է, կեանքի աղբիւրը, մեծագոյն ուժը: Նա դեռ շատ ապագայ ունի:

Յ. ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ

 – Կին ըլլալը մեծագոյն քայլ է, խելահան ընելը` հերոսութիւն:

Պ. ՊԱՍՏԵՐՆԱԿ

 – Տղամարդը կը ներէ ու կը մոռնայ, կինը կը ներէ` միայն այդքան:

ԺԵՐՖՕ

 – Գեղեցիկ կինը դուր է գալիս աչքին, բարին` սրտին:

ՆԱՓՈԼԷՈՆ

 – Չենք սխալիր, երբ կ՛ըսենք, որ կինը տղամարդու կէսն է, որովհետեւ ամուսնացած տղամարդը ընդամէնը կէս տղամարդ է:

Ռ. ՌՈԼԱՆ

 – Կինը ոչ միայն կրնայ հասկնալ, թէ ի՞նչ է զոհաբերութիւնը, այլեւ կինը ընդունակ է զոհաբերութեան:

Ի. ԹՈՒՐԳԵՆԵՒ

 – Կնոջ մը արժանիքներու չափանիշը կրնայ ըլլալ այն տղամարդը, զոր ան կը սիրէ:

Վ. ՊԵԼԻՆՍՔԻ 

Share this Article
CATEGORIES
TAGS