ԿԻՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ. ՀԱՅՈՒՀԻԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ` ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Մամուլը յաճախ կ՛արծարծէ կնոջական հարցերը` զանազան դիտանկիւններէ. իսկ իւրայատուկ «օր»եր (ինչպէս` կիներու միջազգային օր, ուսուցիչներու օր, մանուկներու օր…) առիթներ են լուսարձակի տակ առնելու իգական գործօնի դերակատարութիւնն ու իրավիճակը, կատարելով ախտաճանաչումներ, սակայն հազուադէպօրէն յանգելով շեշտակի գործնական լուծումներու: Այո՛, հազուադէպօրէն, յատկապէս Լիբանանի մէջ, ուր ամէն դէպք ու երեւոյթ յարաբերական է, ըստ տուեալ դէպքի տարածքային, համայնքային, քաղաքական, նոյնիսկ կուսակցական պատկանելիութեան:
Փաստօրէն, կինը Լիբանանի մէջ կը ներկայանայ զանազան տիպարներով եւ անոր ընկերային թէ կրօնական իրաւունքները կը հետապնդուին ըստ անոր պատկանած համայնքին թէ դաւանանքին, թէեւ յաչս պետութեան կ՛ենթարկուին հաւասար տնօրինումներու, յատկապէս` իրաւական-դատական առումով: Այս իմաստով լիբանանցի կանանց մտաւորական թէ հասարակական գործիչներ, ինչպէս` Լոր Մուղայզէլ եւ ուրիշներ, երկարամեայ պայքար մղած են լիբանանցի կնոջ այր մարդուն համահաւասար իրաւունքներ տնօրինելու եւ պաշտպանելու զայն` բռնութեանց թէ անիրաւութեանց դէմ:
Դժբախտաբար սակայն, հակառակ Լիբանանի վայելած յառաջադէմ ու զարգացած երկրի վարկին` անոր օրէնքները վերանայումի եւ բարեկարգումի կը կարօտին: Փաստօրէն, Լիբանանի մէջ կիներու մէկ երրորդ համեմատութիւնը տակաւին կ՛ենթարկուի բրտութեան եւ անիրաւութեան` ֆիզիքական, հոգեկան ու բարոյական իմաստով, ըստ վերջերս ֆրանսական մշակութային կեդրոնին մէջ կայացած հանդիպում-զրոյցին ընթացքին հաղորդուած տեղեկութեանց:
ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԿՆՈՋ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ
Լիբանանի մէջ ապրող հայուհին եւս ենթակայ է լիբանանեան պետական օրէնքներու տրամադրութեանց, անկախ ներազգային իմաստով անոր վայելած կարգավիճակէն: Արդարեւ, աշխատաւորական ընկերային մակարդակներու վրայ հայուհին եւս, լիբանանցի կնոջ նման կը տառապի որոշ անտեսումներէ, թերագնահատումէ եւ լուսանցքայնացումէ, յատկապէս`
– աշխատավարձերու հաւասարութեան իմաստով,
– պետական պաշտօններու մէջ պատասխանատու դիրքերու կոչուելու իմաստով,
– ենթակայ է ֆիզիքական թէ հոգեկան-բարոյական բրտութեան: Այլ խօսքով` դժբախտաբար տակաւին կան տղամարդեր, հա՛յ տղամարդեր, որոնք կը համարձակին եթէ ոչ ֆիզիքական, գէթ հոգեկան-բարոյական նախատական վերաբերմունք ցուցաբերել,
– լիբանանցի կնոջ նման, հայուհին եւս տակաւին իրաւունք չունի հպատակութիւն շնորհելու իր զաւկին` ամուսնոյն բացակայութեան:
Այս իմաստով, լիբանանեան ոչ պետական կազմակերպութիւններ աշխուժ գործի լծուած են` օրէնքի ճամբով սրբագրելու եւ դարմանելու կացութիւնը: Դժբախտաբար սակայն, կարգ մը օրէնքներ, նոյնիսկ որոշուելէ կամ որդեգրուելէ ետք, գործնական կիրարկումի պարագային կը բախին որոշ ընդդիմութեան եւ արգելքներու:
ՈՂՋՈ՛ՅՆ ԴԱՏԱԽԱԶ ՃՕՆ ԱԶԶԷԻՆ
Ի վերջոյ գտնուեցաւ լիբանանեան պետական համակարգին անդամ դատախազ մը, որ համարձակեցաւ շրջանցել տիրող համայնքային տարբեր նկատառումները եւ յանդուգն որոշում տուաւ` լիազօրելով լիբանանցի կինը զաւակներուն իր հպատակութիւնը շնորհելու: Որոշում, որ գօտեպնդիչ ու ողջունելի է, անկախ թէ անիկա որքանո՛վ կը յամենայ հայկական, լիբանանահա՛յ իրականութեան մէջ: Սակայն դատախազ Ազզէ, ի՛նք եւս զոհ գնաց համայնքային զգայնութեանց նկատառումներու` աւելի համեստ պաշտօնի կոչուելով ու գրեթէ լուսանցքայնացուելով: Անոր տուած որոշումը բեկանուեցաւ վերադատ ատեանին կողմէ եւ խնդրոյ առարկայ լիբանանցի կինը զրկուեցաւ իր (լիբանանեան) հպատակութիւնը զաւակներուն շնորհելու իրաւունքէն, իր եգիպտացի ամուսնոյն մահէն ետք: Այսուհանդերձ, անոր այս քայլը գնահատուեցաւ լիբանանցիներու կարեւոր մէկ հատուածին կողմէ:
Ներազգային իմաստով, լիբանանահայ կինը ենթակայ է, 1860-ին մշակուած Ազգային Սահմանադրութեան (վերանայուած` Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդարանին կողմէ): Եղեռնէն ճողոպրած հայութեան, լիբանանահայութեա՛ն համար գոյապայքարի հիմնահարցերէն գլխաւորը հայը հա՛յ պահելն էր: Հայուհին, լիբանանահայ կինը այդ մէկը իրագործեց կրթական, ազգային ու ընկերային իր աշխատելաձեւին ընդմէջէն` «հայկական ազգային ձեռագործերը աշխատելով փորձեց իր օրապահիկը ճառել», ինչպէս կը նշուի դոկտ. Այտա Պուճիգանեանի լիբանանահայութեան մասին 1982-ին աշխատասիրած ֆրանսերէն ուսումնասիրութեան մէջ: Այս իմաստով ուշագրաւ դերակատարութիւն ունեցան եւ ունին հայկական ընկերային հասարակական կազմակերպութիւններն ու տիկնանց յանձնախումբերը (ԼՕԽ, ՀԲԸՄ եւ այլն): Սակայն պայմաններու սրընթաց ու հեւքոտ այս իրադրութեան մէջ, երբ ամէն բան կարելի է բացայայտել կոճակի մը սեղմումով, հարկ է աւելի թափ տալ այս մարզին եւ փութալ բարելաւելու կնոջ, լիբանանահայ կնոջ իրավիճակը` ներազգային իմաստով: Այս ծիրին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հօր 2010-ը կիներու տարի հռչակելու քայլը մնաց իւրայատուկ, առանց սակայն գործնական արդիւնքներու յանգելու:
Փաստօրէն, տակաւին կը պակսին զուտ հայկական դիմագիծով կնոջական իրավիճակի հետապնդման յատուկ մասնագիտական-հետազօտական կեդրոններու թէ մարմիններու կազմութիւնը: Այս մէկը կը կատարուի միջազգային կազմակերպութեանց գործունէութեան ծիրին մէջ (ինչպէս` ՄԱԿ-ի թէ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի), մինչ ներհայկականի պարագային աշխատանքը կեդրոնացած է առաւելաբար ընկերային, կրթական, առողջապահական ու արուեստի մարզերուն վրայ, հազուադէպօրէն անդրադառնալով հայուհիի քաղաքական դերակատարութեան արժեւորման:
Ճիշդ է, որ ներազգային կառոյցներու մէջ իգական գործօնի առկայութիւնը զգալի է, բայց հարկ է բազմապատկել անոր ներկայութիւնը, վստահի՛լ հայուհիի կարողութիւններուն եւ առիթ տալ, որ ան առաւել եւս ներդրում ունենայ հայ կեանքի, լիբանանահայ կեանքի տնօրինումին մէջ:
ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ