ԿԱՆԱՆՑ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐ
Համաշխարհային տարողութեամբ տօնակատարուող Միջազգային Օրերու շարքին իր առանձնայատուկ տեղը կը գրաւէ «Կանանց միջազգային օրը»:
Մարտ 8-ին, աշխարհի չորս կողմը լուսարձակները կը կեդրոնանան կանանց վրայ` մարդկային քաղաքակրթութեան մէջ կնոջ վերապահուած տեղն ու դերը արժեւորելու եւ մեծարելու համար:
Ինչպէս ծանօթ է 20-րդ դարու սկիզբը բազմաթիւ կիներ մուտք գործեցին աշխատանքի ասպարէզ` ցած աշխատավարձեր ստանալով եւ վատ պայմաններու մէջ ստիպողաբար աշխատելով:
20-րդ դարու սկիզբը արագընթաց թափով ծագում առին կանանց արհեստակցական միութիւնները թէ՛ Եւրոպայի, եւ թէ մանաւանդ, Միացեալ Նահանգներու մէջ:
1905-ին Նիւ Եորքի մէջ, հիւսուածեղէնի գործարանի մը մէջ աշխատող կիներ փողոց իջան` բողոքի ցոյցերով իրենց իրաւունքները պաշտպանելու համար: Աշխատանքի պայմաններու եւ աշխատավարձերու բարելաւման պահանջներով պայքարի ալիք մը արձագանգ եւ տարածում գտաւ աշխարհի չորս ծագերուն:
Ընկերվարական եւ ժողովրդավարական կողմնորոշում ունեցող ամերիկեան եւ եւրոպական կուսակցութիւններու կին գործիչները իրենց պատկանած կուսակցութիւններէն պահանջեցին, որ միանան եւ ղեկավարեն կիներու անհաւասարութեան դէմ սկսած պայքարը:
Այդպէս ալ եղաւ: Երկրորդ Միջազգայնականի Քոփենհակընի համագումարին որոշումը իր առաջին գործադրութիւնը ստացաւ… 8 մարտ… 1910-ին, երբ ամէնուր ընկերվարական կուսակցութիւնները միացան կիներու կազմակերպութիւններուն` միասնաբար բողոքի հաւաքներով եւ ցոյցերով նշելու համար «Կանանց միջազգային օրը»:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Հայաստանի մէջ կնամեծարութեան բացառիկ տօնի վերածուած է 8 մարտը: Անիկա ո՛չ միայն արձակուրդի օր է, այլեւ` կանացի գեղեցկութեան նուիրուած խանդաղատանքի տօն դարձած է:
Հայաստասնի մէջ ոչ միայն մեծ խանդավառութեամբ կը նշուի այս օրը, այլեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի որոշումով, պետական տօներու շարքին աւելցած է մարտ 8-ը, որպէս Կանանց միջազգային օր` պահպանելով նաեւ նախապէս հաստատուած ապրիլ 7-ի տօնը` որպէս Մայրութեան եւ գեղեցկութեան օր:
***
Այսօր ամէնուր կը տօնուի Կանանց միջազգային օրը, որ իր սկզբնական, գաղափարական մարտունակութենէն շատ բան կորսնցուցած ըլլալով հանդերձ, առիթ է անդրադառնալու, թէ որքան ճամբայ քալած է մարդկութիւնը հաւասարութեան եւ յառաջդիմութեան իմաստով: Առիթ է անդրադառնալու նաեւ միասնականութեան իմաստին ու հետեւողական աշխատանքի կարեւորութեան, որ շինիչ ձեռքբերումներու կ՛առաջնորդէ իմաստալից փոփոխութիւններ յառաջացնելով ընկերութիւններուն մօտ: