Երեւանի Քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան Տուաւ Իր Երդումը
Երէկ Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի երդմնակալութեան արարողութեան ժամանակ ելոյթ ունեցաւ նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ յայտնեց, թէ յառաջիկայ չորս տարիներուն ընթացքին Երեւանի մէջ անբարեկարգ բակ պիտի չ՛ըլլայ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան գովեստի խօսքեր յղեց քաղաքապետի պաշտօնը երկրորդ անգամ ստանձնող Մարգարեանի հասցէին` նշելով, որ եթէ ան եւ իր խմբակիցները շարունակեն վայելել երեւանցիներուն վստահութիւնը, ապա մայրաքաղաքին մէջ շատ բան կրնան ընել:
«Փառք ու պատիւ Երեւանի քաղաքապետին եւ աւագանիին, որ կրցան տքնաջան աշխատանքի շնորհիւ նորէն շահիլ երեւանցիներուն վստահութիւնը եւ անոնց օգնութեամբ ու օժանդակութեամբ արդէն հարիւրաւոր բակեր վերադարձուեցան իրենց օրինական տէրերուն` բնակիչներուն եւ նախ եւ առաջ երեխաներուն: Ես ուղղակի համոզուած եմ, որ ապագայ չորս տարիներուն ընթացքին Երեւանի մէջ անբարեկարգ բակ պիտի չ՛ըլլայ», յայտնեց նախագահը:
Իր խօսքին մէջ Սերժ Սարգսեան անդրադարձաւ նաեւ 5 մայիսին տեղի ունեցած Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն` ընդգծելով, որ անոնք բարեյաջող աւարտ ունեցան: Նշենք, որ իշխող Հանրապետական կուսակցութիւնը այդ ընտրութիւններուն ստացաւ 50 առ հարիւրէն աւելի ձայն. անոր իբրեւ արդիւնք Հանրապետական կուսակցութեան ցուցակին առաջին դիրքը գրաւող Տարօն Մարգարեան նկատուեցաւ Երեւանի ընտրուած քաղաքապետ:
«Ես շնորհակալ եմ բոլոր երեւանցիներուն, որոնք վստահեցան Տարօն Մարգարեանին եւ անոր գլխաւորած ցուցակին տուին իրենց ձայներուն գերակշիռ մասը: Վստահեցան, որովհետեւ նախորդ երկու տարիներուն ընթացքին Տարօն Մարգարեան ինքզինք դրսեւորեց իբրեւ համեստ, ազնիւ, մարդամօտ եւ Երեւանի հարցերով մտահոգ քաղաքապետ», ընդգծեց նախագահ Սարգսեան:
Տարօն Մարգարեան, ստանձնելով քաղաքապետի պաշտօնը, երդում տուաւ պահպանելու Հայաստանի սահմանադրութիւնը, ազնուօրէն կատարելու Երեւանի քաղաքապետի լիազօրութիւնները եւ գործելու ի բարօրութիւն Երեւանի բնակիչներուն:
Տարօն Մարգարեանի երդմնակալութեան արարողութեան կը մասնակցէին Երեւանի աւագանիի 65 անդամներէն 59-ը, ներառեալ` Բարգաւաճ Հայաստանը ամբողջ կազմով: Կը բացակայէր միայն «Բարեւ Երեւան» դաշինքը: Արարողութեան ներկայ էր քաղաքական ամբողջ վերնախաւը` վարչապետը, արտաքին գործոց նախարարը, պաշտպանութեան նախարարը, Ամենայն հայոց կաթողիկոսը:

