Ալվրցեան. «Ջաւախքի Եւ Վրաստանի Հայութեան Համար Չունինք Արտաքին Քաղաքականութիւն»
Քանի մը օր առաջ խումբ մը ջաւախքահայեր փակեցին Բաւրայի մաքսային անցակէտին ճամբան` պահանջելով իրենց համար աւելի սերտուած պայմաններ ստեղծել, որովհետեւ Հայաստան մտնելու համար ջաւախքահայերը պարտաւոր են օրական քանի մը անգամ վճարում կատարել` թէ՛ մուտքի եւ թէ՛ ելքի համար:
Այս առնչութեամբ երէկ լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին խօսած է «Արեւմտահայաստանի եւ արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն»-ի ղեկավար Հայկազ Ալվրցեանը, որ նաեւ անդրադարձած է Թուրքիոյ մէջ տիրող կացութեան ու վերջին իրադարձութիւններուն:
Ան դիտել տուած է, որ չէ արձանագրուած պարագայ մը, երբ խօսուի այն մասին, թէ հայերը դիւրութիւններ տուած են ջաւախքահայութեան խնդիրներու լուծման, ինչ որ կը փաստէ, թէ Հայաստանը չունի արտաքին քաղաքականութիւն Ջաւախքի եւ Վրաստանի հայութեան համար:
«Իսկ ատիկա կը դժուարացնէ հայրենիքի հետ յարաբերութիւնները: Ջաւախքէն չեն կրնար իրենց մթերքը բերել ու հայրենիքին մէջ ծախել: Հայաստան գալով անոնց ժամկէտին վրայ սահմանափակում կը դրուի: Եւ ես ատիկա կը գնահատեմ Ջաւախքի նկատմամբ քաղաքականութեան բացակայութեամբ», դիտել տուած է Ալվրցեան` նշելով, որ երբ վատ քաղաքականութիւն մշակուի եւ որդեգրուի, այն ատեն կարելի է այդ գծով քննարկումներ կատարել եւ ուղղել, իսկ երբ առհասարակ չկայ քաղաքականութիւն, ապա ատիկա առաւել եւս կը դժուարացնէ կացութիւնը:
«Ջաւախքն ու Վրաստանի հայկական համայնքը կը զգան Հայաստանի կարիքը», շեշտած է ան` դիտել տալով, որ Ջաւախքի հայութեան հարցին առնչութեամբ Հայաստանի իշխանութիւնները Վրաստանի իշխանութիւններուն հետ պէտք է հասարակ յայտարար գտնեն, ինչպէս` միացեալ համալսարանի բացում, եկեղեցւոյ խնդիրներու լուծում, հայոց լեզուի կարգավիճակի յստակեցում, Ջաւախքի մէջ առեւտրական ծրագիրներու ստեղծում, հայ մամուլի, լրատուութեան, գիր ու գրականութեան ազատ տարածում եւ այլ հարցեր:
«Ջաւախքը հայերու ու վրացիներու համագործակցութեան համար լաւ առիթ է, քանի որ կը գտնուի հայ-վրացական սահմանին վրայ: Վրաստան արեւմուտքի համար մուտքի տարածք է, ուրկէ արեւմուտքը կը մտնէ ասիական գօտի», յայտնած է ան:
Անոր համաձայն, Վրաստանի նոր իշխանութիւններուն կողմէ այդքան արգելքներ չկան` հայկական գիրքերը Ջաւախք տեղափոխելու եւ Ջաւախքի ուսուցիչները Հայաստանի մէջ վերապատրաստելու հարցերով: Ան հաւանական նկատեց, որ վրացական նոր իշխանութիւնները հետագային եւս չփորձեն արգելք դնել, թէեւ այդ չի նշանակեր, որ հարցերը ամբողջութեամբ լուծուած են: Ըստ անոր, ջաւախքահայերուն նկատմամբ լարուածութիւնը, զոր ժամանակին սերմանած էր Սահակաշվիլին, նուազած է, եւ նշեալ խնդիրները լուծելու համար ստեղծուած են անհրաժեշտ նախադրեալներ:
Ըստ Ալվրցեանի, երբ Վրաստանի իշխանութիւնները որեւէ ոտնձգութիւն կը կատարեն վիրահայերուն նկատմամբ, հայկական կողմը մեծ աղմուկ կը բարձրացնէ, կը քննադատէ, սակայն աւելի մտահոգիչ է ջաւախքահայերուն նկատմամբ Հայաստանի իշխանութիւններուն որդեգրած քաղաքականութիւնը:
«Մենք սորված ենք արդէն, որ ջաւախքահայերուն նկատմամբ մեր իշխանութիւնները սխալ որոշումներ կու տան, սակայն ժամանակն է հասկնալու մեր սխալները, այլապէս մենք շատ բան կը կորսնցնենք», յայտնած է Ալվրցեան` աւելցնելով, որ հայկական կողմէն տրուած որեւէ որոշում վիրահայերը կրնան շահարկել. «Հայաստանի մէջ բախելով անօրինականութիւններու` ջաւախքահայերը կը գերադասեն իրենց խնդիրները լուծել Վրաստանի մէջ եւ հետզհետէ կը կորսնցնեն կապը Հայաստանի հետ»:
Խօսելով Թուրքիոյ մէջ տիրող իրավիճակին մասին` ան յայտնած է. «Վերջին տասը տարուան ընթացքին թուրք-եւրոպական եւ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները աստիճանաբար կը վատթարանան», յայտնած է Հ. Ալվրցեան` դիտել տալով, որ Թուրքիան արտաքնապէս, յատկապէս իսլամական եւ արաբական աշխարհին կողմէ կ՛ընկալուի իբրեւ աշխարհիկ ժողովրդավարութեան ընդունելի բնօրինակ: Ըստ Ալվրցեանի, պատահական չէ, որ «արաբական գարուն» անուանումով իրադարձութիւններուն Թուրքիոյ մասնակցութիւնը շատ մեծ էր: Ան յայտնեց, որ այդ դերը վստահուած էր Արեւմուտքի կողմէ, սակայն Արեւմուտքը, յատկապէս Միացեալ Նահանգներ, աստիճանաբար գիտակցեցան, որ Թուրքիոյ մտադրութիւնները այդ դերին մէջ դուրս կու գայ դաշնակիցի շրջանակներէն: Հայկազ Ալվրցեան նշեց, որ թրքական իշխանութիւնները կը փորձեն կեանքի կոչել «նոր օսմանականութեան քաղաքականութիւնը», տարածել իրենց ազդեցութիւնը ամբողջ իսլամական աշխարհին վրայ եւ վերականգնել շրջանին մէջ ռազմաքաղաքական եւ տնտեսական գերակայութիւնը:
Թրքական իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան պատճառով, Ալվրցեանի համաձայն, ստեղծուած է այնպիսի կացութիւն, երբ Թուրքիան, որ յայտարարած էր «զերօ խնդիր դրացիներուն հետ», ներկայիս ունի այնքան խնդիր, որքան իր դրացիները: «Անոր աւելցած են նաեւ ներքին խնդիրները: Եթէ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը դադրած է ընդունելի ըլլալէ, ներքին քաղաքականութեան մէջ իշխող կուսակցութեան ընթացքը դադրած է ընկալելի ըլլալէ», նշած է Ալվրցեան:
«Թուրքիոյ մէջ բողոքի շարժման համար բնապահպանութիւնը միայն պատրուակ էր, անոր հիմքը իշխանութիւններու քաղաքականութեան քաղաքացիական դիմակայութիւնն է: Թուրքիոյ բնակչութեան հոգեբանական վիճակը սարսափելի էր, երկրի կեդրոնական քաղաքներուն մէջ վախի մթնոլորտ էր: Եւ անհրաժեշտ է նշել, թէ ստեղծուած իրավիճակին մէջ տասնեակ անգամներ աւելի վատ էր ազգային փոքրամասնութիւններու վիճակը», ըսած է Հ. Ալվրցեան` աւելցնելով, թէ պայթումը վախի մթնոլորտէն դուրս բերաւ ոչ միայն թրքական հասարակութիւնը, այլ նաեւ ազգային փոքրամասնութիւնները, որոնց կարգին` հայերը:
Ան դիտել տուած է, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան բաւական խոհեմ է, ուստի շարժումը փոքրամասնութիւններուն դէմ չ՛ուղղեր, քանի որ յառաջիկային անոր կը սպասեն նախագահական ընտրութիւններ: «Էրտողան այսօր լուրջ խնդիր ունի, գործող նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ հասարակութեան աչքին աւելի ընդունելի է, քան Էրտողանը: Կիւլը մեծ առիթներ ունի նախագահ դառնալու, այս անգամ ամբողջ ազգին կողմէ ընտրուած», ընդգծեց Ալվրցեան:


