Մինասեան Կառավարութեան Կոչ Կ՛ուղղէ Ամբողջական Պատկերացում Ներկայացնելու «Դիլիջանի Միջազգային Դպրոցի Ծրագիր»-ին Շուրջ
«Եթէ ծրագիր չկայ, կը քննարկենք, որ ի՞նչ ընենք: Որո՞ւ արտօնութիւն կու տանք», երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ «Դիլիջանի միջազգային դպրոց» ծրագիրի շրջագիծին մէջ հարկային եւ մաքսային արտօնութիւններ տրամադրելու մասին» օրէնքի նախագիծի քննարկման ժամանակ յայտնեց ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան:
Նշենք, որ նախագիծի հեղինակ կառավարութիւնը կցուած ծրագիր չէ ներկայացուցած Ազգային ժողովի քննարկման, որպէսզի պատգամաւորները յստակ պատկերացում կազմեն դպրոցի կառուցման ծրագիրին մասին:
Արծուիկ Մինասեան նշեց, որ եթէ այս օրինագիծի ընդունման շնորհիւ մեծ արդիւնք պիտի ապահովուի, ապա ինչո՞ւ տնտեսութեան միւս ճիւղերուն մէջ չեն կիրարկուիր հարկային արտօնութիւններ: «Կառավարութիւն, բերէք ամբողջական ցանկ մը, ըսէք այս-այս մարզերուն մէջ այս արտօնութիւնները կու տանք եւ յատկապէս բարձր լեռնային ու սահմանամերձ վայրերուն մէջ», կոչ ուղղեց Մինասեան:
Դաշնակցական պատգամաւորը նաեւ նշեց, որ յստակ պէտք է Ազգային ժողովին ներկայացուի, որ եթէ այդ հարկերը պետական պիւտճէն պիտի չստանայ, ի՛նչ պիտի ստանանք փոխարէնը: «Այս ձեւը ձեւ չէ», ընդգծեց ան:

