Թուրքիոյ Այժմու Իրադարձութիւններուն Ակնարկելով`. «Այդ Մասին Պատասխան Պէտք Է Տան Անոնք, Որոնք Թուրքիան Կը Նկատէին Ժողովրդավարութեան Տիպար» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Օ. Թի. Վի.»  պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ լիբանանեան ներկայ իրավիճակին, Սուրիոյ զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ իրադարձութիւններուն:

Պատասխանելով ՀՅԴ-ի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ յարաբերութեան ակնարկող հարցումի մը` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնն ու անոր համակիրները քաջ գիտեն, որ իրենց եւ ՀՅԴ-ի միջեւ դաշինքը ամէնէն դժուար պահերուն եւ մինչեւ օրս պահպանուած է ու ամուր կը մնայ:

«Թէեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ տարակարծութիւններ արձանագրուած են, սակայն այդ տարակարծութիւնները առաջին անգամը չէ, որ կ՛արձանագրուին եւ ոչ ալ վերջինը պիտի ըլլան: Զօր. Աունի հետ մեր դաշինքը հիմնուած է փոխադարձ վստահութեան վրայ եւ ոչ` փոխադարձ շահերու. այդ յարաբերութիւնը հիմնուած է փոխադարձ յարգանքի եւ ոչ թէ ուրիշը ջնջելու սկզբունքին վրայ: Եթէ ակնարկութիւնը խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու որոշումին զօրակցելու մեր կեցուածքին է, ապա անիկա ոչ մէկ կապ ունի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ մեր յարաբերութեան հետ: Այսօր յետմիջօրէին ներկայ պիտի գտնուիմ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նիստին, անցեալ շաբաթ ներկայ գտնուած են երեսփոխան Արթիւր Նազարեանն ու նախարար Փանոս Մանճեանը: Մեր յարաբերութիւնները երբեք չեն ազդուած, մենք կը հասկնանք Ազգային ազատ հոսանքին կեցուածքը` խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու որոշումին առնչութեամբ, իսկ զօր. Աուն իր կարգին կը հասկնայ մեր կեցուածքը», շեշտեց ան:

Խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու որոշումին դէմ ներկայացուած վիճարկումներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ այդ վիճարկումներուն վերաբերող որոշումը Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ պիտի տրուի:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, թէ ի՛նչ ալ ըլլայ Սահմանադրական խորհուրդին որոշումը, լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է աշխատին ամրապնդել լիբանանեան ազգային միասնականութիւնն ու գերիշխանութիւնը, որպէսզի կարենան երկիրը պահպանել արտաքին յարձակումներէն:

Ան մաղթեց, որ Սահմանադրական խորհուրդը 19 յունիսէն առաջ տայ իր որոշումը, որպէսզի խորհրդարանը գումարէ իր նիստը եւ համապատասխան որոշում տայ, իսկ եթէ ան 19 յունիսէն առաջ որոշում չտայ, ապա 20 յունիսին խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը կ՛աւարտի:

1960-ի «բարեփոխուած» տարբերակին, Յ. Բագրատունիի եզրով կոչուած Տոհայի ընտրական օրէնքին հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ի մասնակցութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով, Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ եթէ լիբանանեան քաղաքական կողմերը իսկապէս կը փափաքին քրիստոնեայ համայնքի արդար ներկայացուցչութիւն ապահովել, ապա պէտք է Պէյրութի ընտրաշրջանին մէջ որդեգրեն 1960-ի ընտրական օրէնքին իսկական ընտրաշրջաններու բաժանումը, որուն հիման վրայ կարելի է 8-9 քրիստոնեայ երեսփոխաններ ընտրել քրիստոնեայ համայնքին ձայներով:

«Նոյն սկզբունքը կը վերաբերի նաեւ Այնճարին. Այնճարը ոչ քրիստոնեայ այլ շրջաններու միացնելով ընտրաշրջան կազմելը քրիստոնեայ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կարելի չէ նկատել, այլ` պահել քաղաքական ներկայ հաւասարակշռութիւնները: Հետեւաբար, Տոհայի ընտրական օրէնքով տեղի ունենալիք ընտրութիւնները նոյն արդիւնքը եւ աւելի վատ արդիւնքներ կրնան տալ: Եթէ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարուին, պիտի արձանագրուին անտրամաբանական եւ անկարելի երեւոյթներ», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

Երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ պէտք է ժամանակ տրամադրել եւ շարունակել ընտրական օրէնքի մշակումը, ինչպէս նաեւ քննարկել Ծերակոյտ մը ստեղծելու կարելիութիւնը:

«Եթէ Սահմանադրական խորհուրդը ընդունի խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու որոշումին դէմ ներկայացուած վիճարկումը, կը նշանակէ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին թեքնիք յետաձգումով` երկու, երեք կամ չորս ամիսէն, իսկ եթէ մերժէ վիճարկումի պահանջը, ապա մէկ տարի եւ հինգ ամիս ետք պիտի կատարուին երեսփոխանական ընտրութիւնները: Իսկ մենք ամէն պարագայի պիտի մնանք զօր. Աունի դաշնակիցը, որովհետեւ հանգիստ ենք այդ դաշինքին մէջ: Բայց եւ այնպէս, եթէ կրցանք զօր. Աունի հետ համաձայնաբար ընդարձակել դաշինքին շրջագիծը, այսինքն` անոր մէջ ներառել նաեւ երեսփոխան Միշել Մըրն ու Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը, ապա շատ աւելի դրական կ՛ըլլայ կացութիւնը` քրիստոնեայ համայնքին մէջ լարուածութիւնը փարատելու առումով: Այդպիսով մենք օժանդակած կ՛ըլլանք լարուածութեան նուազեցման», շեշտեց Յ. Բագրատունի:

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը հաստատեց, որ ՀՅԴ-ի ընտրական դաշինքները նոյն ձեւով կը կիրարկուին լիբանանեան բոլոր ընտրաշրջաններուն մէջ:

Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ հայկական կուսակցութիւնները իրենք պէտք է ըլլան հայ թեկնածուները առաջադրող կողմերը: ՀՅ Դաշնակցութիւնը, ՍԴՀԿ-ը եւ ՌԱԿ-ը պէտք է առաջադրեն հայ թեկնածուները: «Իսկ եթէ որեւէ այլ քաղաքական ուժ հայու թեկնածութիւն առաջադրէ եւ պատահի, որ այդ թեկնածուն ընտրուի, ապա ան հայութեան ներկայացուցիչը չի նկատուիր», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ընտրական բնոյթի հանդիպումներ ունեցած է զօր. Աունի եւ երեսփոխան Միշել Մըրի հետ, «ինչպէս նաեւ երկու շաբաթ առաջ հանդիպում մը տեղի ունեցած է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեանի, երեսփոխան Մըրի եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի միջեւ»:

Սկզբնական այս դաշինքին մէջ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը ներառելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ արգելք չկայ, «սակայն պէտք է նկատի ունենալ, որ Մեթնի մէջ ոչ հայկական կուսակցութեան մը կողմէ հայ թեկնածու չէ առաջադրուած, մինչդեռ Պէյրութի եւ Զահլէի մէջ կան այդպիսի թեկնածուներ: Պէյրութի մէջ Փաղանգաւոր կուսակցութեան կողմէ, իսկ Պէյրութի եւ Զահլէի մէջ Լիբանանեան ուժերուն կողմէ. այս հարցերուն մասին պէտք է խորհրդակցինք, որպէսզի մէկզմէկու տեսակէտն ու ընտրանքը յարգած ըլլանք», շեշտեց Յ. Բագրատունի:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ քրիստոնեայ համայնքին կողմէ մեծագոյն սխալը երաշխիքներ պահանջելն է: «Մենք` իբրեւ քրիստոնեաներ, մենք զմեզ պիտի երաշխաւորենք, մենք զմեզ պիտի հզօրացնենք եւ Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ պահպանենք մեր գոյութիւնը», աւելցուց ան:

Քուսէյրի մէջ Հըզպալլայի մարտիկներուն կռիւը արդարացուցիչ ըլլալու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց. «Կը մաղթէինք, որ կացութիւնը չհասնէր հոն, ուր Հըզպալլա միջամուխ ըլլար Քուսէյրի կռիւներուն: Սակայն պէտք է վերադառնալ երկու տարի առաջ տրուած չէզոքութեան կեցուածքին եւ «Պաապտայի յայտարարութեան» եւ հոն պիտի նշմարենք, թէ լիբանանեան հանրային կարծիքը երկփեղկուեցաւ Սուրիոյ նախագահին զօրակցող եւ ընդդիմացող կեցուածքներուն միջեւ: Այս կեցուածքը մեծ ազդեցութիւն պիտի ձգէ լիբանանցի ու սուրիացի ժողովուրդներուն եւ յաջորդող սերունդներուն վրայ»:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Լիբանանէն Սուրիա զէնքի եւ զինեալներու փոխադրութենէն, սուրիական վարչակարգին դէմ ամէն մակարդակի հրահրումներէ եւ այլ տուեալներէ ետք, Քուսէյրի մէջ Հըզպալլա մասնակցեցաւ կռիւներուն:

Թուրքիոյ իրադարձութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի նշեց, որ այդ մասին պէտք է պատասխան տան այն ղեկավարութիւնները, որոնք «ուխտագնացութեան» կ՛երթային դէպի Թուրքիա` զայն նկատելով ժողովրդավարութեան տիպարը:

Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ այդ մէկը նախատեսելի էր եւ երբեք անակնկալ չէր, որովհետեւ «հայ ժողովուրդը կը ճանչնայ Թուրքիան, եւ բազմիցս յայտարարած ենք, թէ Թուրքիոյ դիմակը ինկած է արդէն»:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES