Սահմանադրական Խորհուրդը Չգումարեց Իր Նիստը
Սահմանադրական խորհուրդը երէկ չգումարեց իր նիստը` խորհուրդին անդամ 3 դատաւորներու բացակայութեան պատճառով:
Խորհուրդի անդամ երկու շիի եւ մէկ տիւրզի դատաւորները` Մոհամետ Պասսամ Մուրթատա, Ահմետ Սաֆիէտտին եւ Սուհել Ահտել Սամատ բացակայեցան նիստէն:
Սահմանադրական խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Իսամ Սլէյման լրագրողներուն հետ իր զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ դատաւոր Անթուան Խէյր, որուն մասին կարգ մը լրատու գործակալութիւններ յայտնած էին, թէ ճամբորդած է, երկրին մէջ է եւ ներկայ գտնուած է նիստը գումարելու նպատակով:
Իսամ Սլէյման շեշտեց, որ Սահմանադրական խորհուրդը այսօր եւս որոշած է գումարել իր նիստը` աւելցնելով, որ եթէ այդ նիստը դարձեալ կարելի չըլլայ գումարել, ապա խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու որոշումը վիճարկելու պահանջը առկախ կը մնայ:
Նշենք, որ Սահմանադրական խորհուրդի նիստը օրինաւոր կը նկատուի, երբ անոր տասը անդամներէն ութն ներկայ կը գտնուին նիստին:

