Նախագահ Սլէյման Եազիժի Պատրիարքին Հետ Քննարկեց Առեւանգուած Եպիսկոպոսներուն Հարցը

Եուհաննա Եազիժի պատրիարքը եւ նախագահ Սլէյման

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի  յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Եազիժի պատրիարքը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ ներկայ իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Հալէպի մէջ առեւանգուած երկու եպիսկոպոսներուն թղթածրարն ու զանոնք ազատ արձակելու ջանքերը:

Նախագահ Սլէյման Հըզպալլայի դէմ իր արտայայտած կեցուածքներէն ետք առաջին անգամ ըլլալով հանդիպում մը ունեցաւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի հետ:

Նախագահ Սլէյման եւ Ռաատ

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները, անցեալ կիրակի օր իրանեան դեսպանատան մօտակայքը արձանագրուած դէպքին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տագնապին զարգացումները:

Շուրջ երեք քառորդ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Ռաատ նախագահական պալատէն մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Նիքոլա Սահնաուի եւ բանակի նախկին հրամանատար, նախկին նախարար Վիքթոր Խուրի, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES