«Խորհրդարանին Պաշտօնավարութիւնը Երկարաձգելու Սկզբունքն Է, Որ Մերժելի Է Եւ Ոչ Թէ Անոր Տեւողութիւնը» Շեշտեց Զօր. Աուն

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումին ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Նիստէն ետք զօր. Աուն յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու սկզբունքը եւ ոչ թէ երկարաձգման տեւողութիւնը:

Անդրադառնալով Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարին` զօր. Աուն խստիւ մերժեց Լիբանանի մէջ անոնց յատուկ գաղթակայաններու կառուցումը:

Ան նշեց նաեւ, որ վերջին քանի մը օրերուն մեծ թիւով սուրիացի վիրաւորներ փոխադրուած են լիբանանեան հիւանդանոցները եւ հարց տուաւ, թէ արդեօք անոնք ո՞ւր պիտի երթան ապաքինելէ ետք:

Զօր. Աուն յայտնեց նաեւ, որ քննարկուած է կրթութեան նախարարութեան յանձնուած` Պքասինի մէջ 60 հազար քառ. մեթր տարածութեան հարցը. այս տարածքը պիտի ծառայէր օտար լեզուներ դասաւանդող ուսուցիչներուն վերաորակաւորման, «սակայն մենք զարմացանք, երբ լսեցինք, թէ ներքին գործոց նախարարութիւնը այդ տարածքը պիտի ծառայեցնէ բանտի մը կառուցման», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այդ պատճառով իրենք դիմած են քաղաքապետարանին եւ պահանջած իրենց տրամադրած տարածքը, որուն վրայ խոստացուած ծրագիրը կարելի չէր եղած իրականացնել:

 

Share this Article
CATEGORIES