Տարբեր Շրջաններու Մէջ Ապահովական Միջադէպեր
Բանակին հրապարակած հաղորդագրութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի տարբեր շրջաններուն մէջ արձանագրուած են ապահովական միջադէպեր:
Հերմելի մէջ ինկած են ինը ռումբեր, որոնք արձակուած են սուրիական սահմանամերձ շրջաններէ:
Ռումբերը պատճառած են երեք վիրաւոր, ինչպէս նաեւ նիւթական վնասներ:
Բանակը ուղղուած է ռմբակոծուած շրջանները եւ օժանդակած քաղաքացիներուն, ինչպէս նաեւ շրջուն ջոկատներով խստացուցած շրջանին հսկողութիւնը:
Բանակի այլ հաղորդագրութիւն մը նշեց, որ երէկ երեկոյեան Թարիք Ժտիտէի մէջ արձանագրուած է անձնական բնոյթի բախում մը, որ ի վերջոյ վերածուած է զինեալ բախումի եւ պատճառած երեք վիրաւոր:
Բանակը փութացած է դէպքին վայրը եւ ձերբակալած խնդրոյ առարկայ անձերը, ինչպէս նաեւ շրջափակած կարգ մը զինեալ կողմերու բնակարանները` հակակշիռի տակ առնելով կացութիւնը:
ՆՇԵՆՔ, որ Արսալի մէջ անծանօթներ կրակ բացին Ալի Հուժէյրիի դէմ եւ սպաննեցին զայն: Երեկոյեան Արսալի հրապարակին վրայ կատարուեցաւ բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին սպանեալին եղբայրը` շէյխ Մուսթաֆա Հուժէյրի արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ կոչ ուղղեց ներկաներուն ժիհատ յայտարարելու եւ վրէժ լուծելու:

