Սինիորա Ընդունեց Սէուտական Արաբիոյ Եւ Թուրքիոյ Դեսպանները
Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Սինիորայի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի. քննարկուեցան միջինարեւելեան իրադարձութիւնները:
Երեկոյեան Սինիորա նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի նիստին, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ, թէ Հըզպալլա պատասխանատու է Լիբանանեան պատկանելիութիւն կուսակցութեան ուսանողական թեւի պատասխանատու Հաշեմ Սալմանի սպանութեան:
CATEGORIES Լիբանանեան


