Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ասեմ Քանսօ դատապարտեց Մարժէի պայթումը` շեշտելով, որ Սուրիոյ տագնապին վերաբերեալ Լիբանանի ցուցաբերած չէզոք կեցուածքը միայն փորձանք բերած է Լիբանանին:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սալահ Հընէյն շեշտեց, որ ինք կը զօրակցի խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին, որ կը հակադրուի ժողովրդավարութեան չափանիշերուն հետ:
ԶՐԱՐԻԷԻ եւ Արզայի գիւղաքաղաքներուն միջեւ անծանօթներ երէկ մէկ «մատ» տինամիթ նետած են Մոհամետ Մթայրեքի բնակարանին մօտակայքը` պատճառելով նիւթական վնասներ:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, իրանեան դեսպանատան մօտիկ աղբիւրներ շեշտեցին, որ դեսպանատունը ոչ մէկ կապ ունի Հիշամ Սալմանի սպանութեան հետ:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Իրանէն պահանջած է Հըզպալլայի վրայ ճնշում բանեցնել, որպէսզի ան Սուրիայէն հեռանայ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ սէուտցի քաղաքացիի մը առեւանգումը քաղաքական ոչ մէկ ենթահող ունի` աւելցնելով, որ անոր հարցը զուտ ընտանեկան է:
ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ վիրաւոր մարտիկի օրուան առիթով, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ուրբաթ երեկոյեան պիտի արտասանէ պատկերասփռուած ճառ մը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ հաւանական նկատեց, որ Հըզպալլա յաւելեալ բռնարարքներ կատարէ եւ աւելցուց, որ Հըզպալլայի գոյութիւնը ինքնին գրգռութիւն է:
ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ Լիբանանը կարելի չէ կառավարել քաղաքական որոշ ուժերու բացակայութեան, «բայց նաեւ կարելի չէ զայն կառավարել սեւ շապիկներով», աւելցուց ան: Հութ նշեց, որ Հըզպալլա վերածուած է Սուրիան բռնագրաւող ուժի մը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ յայտնեց, որ ներկայ իրավիճակը անյարմար է ընտրական օրինագիծերը մշակելու իմաստով:
ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարարի պաշտօնակատար Նազեմ Խուրի յայտնեց, որ անհրաժեշտ է լիբանանեան ներքին իրավիճակը ամրապնդել` արգիլելու համար երկրին ապահովական կացութիւնը պայթեցնելու հաւանականութիւնը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն կոչ ուղղեց վաւերացնելու խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու որոշումին դէմ ներկայացուած վիճարկումը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Հըզպալլա շրջանցած է բոլոր պետական հաստատութիւնները:
ԲՐԻՏԱՆԱԿԱՆ «Ինտիփենտընթ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակը մտահոգ է, որ Սուրիոյ պատերազմին պատճառով Լիբանանի մէջ սալաֆականներուն թիւը կրնայ աճիլ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի անցեալ շաբաթ ի պատիւ իրեն սարքուած հրաժեշտի երեկոյին ընթացքին դեսպանատան անձնակազմը անակնկալի մատնած է, երբ յայտնած է, թէ Լիբանան դժուար եւ վտանգաւոր ամիսներ պիտի դիմագրաւէ:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանան պէտք է կրէ Հըզպալլայի նման ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը ունենալու պատասխանատուութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպարա մաղթեց, որ լուրջ մօտեցում ցուցաբերուի Թրիփոլիի մէջ գործադրուող ապահովական ծրագիրին նկատմամբ:

