Բուռն Բախումներ Թաքսիմի Մէջ. Էրտողան Ցոյցերուն Նկատմամբ «Հանդուրժողութեան» Աւարտը Յայտարարեց

Երէկ առաւօտեան շուրջ ժամը 7:30-ին, հարիւրաւոր ոստիկաններ ներխուժեցին Թաքսիմ հրապարակ եւ ցուցարարներուն կողմէ բուռն դիմադրութեան հանդիպելէ ետք, առատօրէն արցունքաբեր կազ, ջրաշիթ մեքենաներ եւ մինչեւ իսկ ձգախէժէ փամփուշտներ օգտագործելով հրապարակը մասնակիօրէն առին իրենց վերահսկողութեան տակ` վտարելով ցուցարարները: Ոստիկանութիւնը գրաւեց հրապարակին կեդրոնը, որմէ ետք բախումները կեդրոնացան Թաքսիմի ծայրամասերուն վրայ: Ոստիկանութիւնը հրապարակին եւ Կեզի այգիին մէջ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հրաժարականը պահանջող եւ այլ կարգախօսներով բոլոր պաստառները վար առաւ:

Թրքական բժշկական ընկերակցութեան նախագահ Ահմեթ Էօզտեմիր Աքթան «Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ»-ին յայտնեց, որ արձանագրուած են հարիւրաւոր վիրաւորներ, որոնցմէ հինգին վիճակը ծանր է:

Պոլսոյ կառավարիչ Հիւսէյն Աւնի Մութլուի գրասենեակը հաղորդեց, որ ոստիկանութեան գործողութեան նպատակը «Աթաթիւրքի արձանին եւ Աթաթիւրք մշակութային կեդրոնին վրայէն պաստառներն ու դրօշները վար առնելն էր»:

Մինչեւ թերթին հրատարակուիլը տակաւին բախումները կը շարունակուէին Պոլսոյ Թաքսիմի հրապարակին վրայ` ոստիկանութեան եւ ցուցարարներուն միջեւ:

Էրտողան Ցուցարարներուն Կոչ
Կ՛ուղղէ Փողոցներէն Հեռանալու

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան առջեւ իր արտասանած պատկերասփռուած ճառին ընթացքին զգուշացուց, որ այսուհետեւ ցոյցերը պիտի չհանդուրժէ եւ խոստացաւ ցոյցերուն վերջ տալ:

Էրտողան ըսաւ, որ երկրին մէջ ցոյցերու ալիքը Թուրքիոյ վարկին եւ տնտեսութեան վնասելու փորձի մը մաս կը կազմեն: «Բոլոր գործիչներէն կը խնդրեմ իսկական պատկերը տեսնել` հասկնալու դաւը եւ փողոցներէն հեռանալու», ըսաւ ան:

Ան յայտնեց, որ «թրքական տնտեսութեան դէմ մեծ խաղ մը կը խաղցուի: Մէկը կ՛ուզէ աճ արձանագրող թրքական տնտեսութեան զարգացումը դանդաղեցնել: Կը խնդրեմ, որ անոնք (ցուցարարները) տեսնեն, թէ ինչպէ՛ս կ՛օգտագործուին: Անոնց կը դիմեմ իբրեւ իրենց վարչապետը: Այս դէպքերը օգտագործուեցան տոկոսի լոպիներուն եւ լրատուամիջոցներուն կողմէ: Անոնք, որոնք Թաքսիմի մէջ ցոյց կը կատարեն, թրքական տնտեսութեան դէմ դաւողներուն կողմէ կը շահագործուին»:

Էրտողան ըսաւ, որ դէպքերը, որոնք «բռնարարքներու ոլորապտոյտի» մը վերածուեցան, չեն կրնար ժողովրդավարական իրաւունքներու համար պայքար նկատուիլ` աւելցնելով, որ երկրին տարածքին բոլոր ցոյցերը, որոնց ընթացքին բախումներ տեղի ունեցան, «Կեզի շարժումին ետին պահուըտած են»:

«Ազատութիւնն ու ապրելակերպի մէջ միջամտութիւնը ցուցարարներուն կողմէ օգտագործուած պատրուակներ են», ըսաւ ան եւ նշեց, որ «Թաքսիմի պանդոկները ներկայիս 80 առ հարիւրով դատարկուած են, Թաքսիմի մէջ գարեջուր ծախողներէն բացի մնացեալ խանութպանները կը տառապին»:

«Անոնք կ՛ըսեն, թէ վարչապետը կարծր է: Ի՞նչ պիտի պատահէր, ասոնց առջեւ ծունկի՞ պիտի գայինք: Եթէ ասիկա կարծրութիւն կը կոչէք, կը ներէք, սակայն այս Թայիփ Էրտողանը պիտի չփոխուի»:

Էրտողան ըսաւ, որ «անոնց, որոնք… Թաքսիմ եւ այլուր ցոյցերուն կը մասնակցին, անկեղծ զգացումներով կոչ կ՛ուղղեմ այդ վայրերէն հեռանալու ու վերջ տալու այս դէպքերուն եւ սէրս կ՛ուղարկեմ: Սակայն անոնց, որոնք դէպքերը կ՛ուզեն շարունակել, կ՛ըսեմ. «Վերջացաւ»: Այսուհետեւ անոնց նկատմամբ հանդուրժողականութիւն չունինք: Ոչ միայն այս արարքներուն վերջ պիտի տանք, ապա գրգռիչներուն եւ ահաբեկիչներու վիզին պիտի փակինք, եւ ոչ ոք փախուստ պիտի տայ»:  Ան այդպիսով կը հակասէր Պոլսոյ կառավարիչ Հիւսէյն Աւնի Մութլուի, որ կէսօրուան մօտ մամլոյ ասուլիս մը տալով յայտարարած էր, որ ոստիկանութիւնը Կեզի այգիի ցուցարարները ցրուելու որեւէ նպատակ չունի:

Ան ըսաւ, որ Թաքսիմը «12 օրէ ի վեր գրաւած ցուցարարները Թուրքիոյ վարկին վնաս պատճառեցին»` աւելցնելով, որ գոյութիւն ունին խմբաւորումներ, որոնք Պոլսոյ ապահովութիւնն ու կայունութիւնը թիրախ կը դարձնեն:

Նշենք, որ երէկ հաղորդուեցաւ, որ Էրտողան հաւանաբար այսօր Կեզի այգիի ցուցարարներու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպի:

Աւելի Քան 50 Փաստաբաններ
Ձերբակալուեցան

Պոլսոյ Չաղլայան դատարանին մէջ 50 փաստաբաններ ոստիկանութեան կողմէ ձերբակալուեցան` 12 օրէ ի վեր շարունակուող Թաքսիմի ցոյցերուն իրենց միացումին համար: Ասիկա 3-րդ անգամն է, որ փաստաբաններ ցոյցերուն զօրակցելու համար կը ձերբակալուին: Նշենք, որ ցոյցերուն սկիզբէն ի վեր 3 զոհ եւ 5000 վիրաւոր արձանագրուած է:

Ռէյհանիյէի Ականահարումներուն
Գլխաւոր Կասկածեալը Ձերբակալուած

«Սի.Էն.Էն.թիւրք» հաղորդեց, որ ապահովական ուժերը յաջողած են ձերբակալել Ռէյհանիյէի մէջ 52 զոհ եւ 150 վիրաւոր պատճառած ականահարումներուն գլխաւոր կասկածեալը, մինչ ան կը փորձէր դէպի Սուրիա փախուստ տալ:

Կիւլ Վաւերացուց Ոգելից Ըմպելիները
Արգիլող Վիճայարոյց Օրէնքը

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ վաւերացուցած է վիճայարոյց այն օրէնքը, որ կ՛արգիլէ ոգելից ըմպելիներու վաճառքը եւ ամէն տեսակի գովազդները: Այսուհետեւ գիշերուան ժամը 10:00-էն առաւօտեան ժամը 6:00 ոգելից ըմպելիներու վաճառքը կ՛արգիլուի: Բացառութիւն են թրքական ոգելից ըմպելիներու շուկայացման միջազգային փառատօները:

Օրէնքը խախտողները 5 հազարէն 2 հարիւր հազար թրքական լիրա տարուբերող տուգանքներու պիտի ենթարկուին:

Նշենք, որ վիճայարոյց օրէնքը երկրին մէջ ծագած բողոքի ցոյցերուն պատճառներէն մէկն է:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES