«Եթէ «Ժընեւ-2»-ի Խորհրդաժողովը Ձախողի, Միակ Դիպաշարը Սուրիան Ամբողջովին Քանդելը Պիտի Մնայ» Կ՛ըսէ Պոկտանով
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին սուրիական ընդդիմութիւնը պատասխանատու նկատեց Սուրիոյ շուրջ «Ժընեւ-2» միջազգային ժողովի գումարման ուշացման համար:
Ռուսական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ «ամերիկացի պաշտօնատարները կը խոստովանին, որ (սուրիական ընդդիմադիր) Ազգային համաձայնական մարմինը, որուն վրայ արտաքին հովանաւորները մեծ գումարներ կը ծախսեն, ոչ միայն պատրաստ չէ բանակցութեանց, այլ նաեւ չի կրնար իր ներկայացուցիչները ընտրել»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ «Ժընեւ-2»-ի խորհրդաժողովի ուշացման պատասխանատուն սուրիական ընդդիմութի՞ւնն է, Լաւրով ըսաւ «այո» եւ աւելցուց. «Այդ մէկը ցաւալի է, որովհետեւ խմբաւորումներ կան, որոնք շինիչ կեցուածք կ՛որդեգրեն եւ Սուրիայէն չհեռացան, այլ այս բոլոր տարիները սուրիացի ժողովուրդին կողքին անցուցին»:
Ռուսիոյ նախագահի միջինարեւելեան պատուիրակ, արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով զգուշացուց, որ «եթէ «Ժընեւ-2»-ի խորհրդաժողովը ձախողի, միակ դիպաշարը Սուրիան ամբողջովին քանդելը պիտի մնայ, ինչ որ մերժելի է»:
Ան յայտնեց, որ «երկիրներու ներքին հարցերուն չմիջամտելը ՄԱԿ-ի ուխտին սկզբունքներէն է, եւ պէտք է այդ սկզբունքը յարգենք»:
Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայի միջամտութեան, Պոկտանով նշեց, որ «Ռուսիա ողջունեց «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը մանաւանդ որ անիկա քաղաքական բոլոր պլոքներու եւ հոսանքներու, ինչպէս նաեւ լիբանանեան հասարակութեան համաձայնութեան արժանացաւ: Երբ Հըզպալլայի պատասխանատուներուն հետ հանդիպում ունեցանք, անոնք ինծի բացատրեցին եւ անոնցմէ հասկցանք, որ այնքան ատեն, որ ոմանք չմիջամտելուն յանձնառու չմնացին եւ դրացի երկիրներուն ճամբով սուրիական գերիշխանութիւնը խզեցին, ապա պիտի հակազդենք»:
Պոկտանով ըսաւ, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հեռանալը կամ իշխանութեան վրայ մնալը ո՛չ մենք եւ ո՛չ ալ ուրիշներ կ՛որոշեն, այլ միայն սուրիացի քաղաքացիները»` նշելով, որ «մենք յստակ կերպով Իրանի, ինչպէս նաեւ Սէուտական Արաբիոյ «Ժընեւ-2»-ի խորհրդաժողովին մասնակցութեան օգտին կ՛արտայայտուինք եւ աշխատանքային խմբակի ժողովին այդ երկու երկիրներուն ներկայ չգտնուիլը սխալ կը նկատենք, որովհետեւ սուրիական թղթածրարին մէջ ազդեցութիւն ունեցող բոլորը պէտք է մասնակցին, հակառակ դրական կամ ժխտական դերակատարութեան մասին խօսքերուն, որովհետեւ ի վերջոյ մեզմէ իւրաքանչիւրը հարցը իր տեսանկիւնէն, յարաբերական ձեւով եւ ըստ տագնապին նկատմամբ կեցուածքներուն կը դիտէ»:
Նեթանիահու. «Սուրիա–Իսրայէլ Սահմանին Վրայ
Հանդարտութիւնը Թերեւս Վերջ Գտած Է»
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու զգուշացուց, որ «Սուրիայէն Հըզպալլային արդիական ու մահասփիւռ զէնքերու փոխադրութեան գործողութեանց ընդլայնումը կրնայ շրջանին մէջ ուժերու հաւասարակշռութիւնը փոխել»` աւելցնելով, որ «Իսրայէլ իր կարելին պիտի ընէ այդ զէնքերուն Հըզպալլայի փոխանցումը արգիլելու համար»:
Իսրայէլի վարչապետը նշեց, որ «Սուրիա-Իսրայէլ սահմանին հանդարտութիւնը, որ քառասուն տարի տեւեց, թերեւս վերջ գտած է»:
Իսրայէլի տեղեկահաւաքի նախարար Եովալ Շթայնիթ յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ երկու տարիէ ի վեր տիրող տագնապին յաղթական կողմը կրնայ Իրանի եւ Հըզպալլայի աջակցութիւնը վայելող Ասատը ըլլալ: Ան աւելցուց, որ «կը կարծեմ, որ ատիկա կարելի է, եւ իսկապէս երկար ատենէ ի վեր ատիկա հաւանական կը կարծեմ»:
Իրանեան Կարծիք
Իրանի խորհրդարանի ազգային ապահովութեան եւ արտաքին յարաբերութեանց հարցով յանձնախումբի նախագահ Ալատտին Պորուժերտի յայտնեց, որ Իրան Սուրիոյ տագնապին խաղաղ լուծման կ՛աջակցի` նշելով, որ շրջանի եւ իսլամական աշխարհի հարցերը լուծելու համար պէտք է շրջանային համագործակցութիւնը զարգացնել:
Պորուժերտի Քուէյթ-Իրան բարեկամութեան քուէյթեան խորհրդարանական խմբակի նախագահ Ահմետ Ապտելմհսեն Մլէյֆիի հետ Թեհրանի մէջ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ «շրջանի երկիրները Սուրիոյ տագնապին լուծման համար պէտք է գործակցին»:
Միւս կողմէ, Դամասկոսի Մարժէ հրապարակին վրայ երկու անձեր անձնասպանական գործողութիւն մը կատարելով 14 զոհ, 31 վիրաւորներ եւ նիւթական վնասներ պատճառեցին:
Նշենք, որ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ այսօր Միացեալ Նահանգներ կ՛այցելէ` քննարկելու համար Սուրիոյ տագնապը:


