«Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Յարաբերութիւններուն Մէջ Անյաղթահարելի Տարակարծութիւններ Չկան» Կ՛ըսէ Լաւրով
«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ այս պահուս անյաղթահարելի տարակարծութիւններ գոյութիւն չունին եւ յարաբերութիւններու մէջ ճգնաժամէն ետք երկիրները յառաջ կ՛ընթանան:
«Ես չեմ տեսներ խնդիրներ, որոնք անյաղթահարելի պիտի ըլլան: Կը կարծեմ, որ որոշ ժամանակ առաջ պաշտօնական մակարդակով ծագած գործօններու պատճառով դադարէն ետք, երկու նախագահները պատրաստ են յառաջ ընթանալու», ըսաւ Լաւրով:
Նախարարը յայտարարեց, որ Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի հիմնական խնդիրը հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու տեղակայումն է: Բացի ատկէ, նախարարը յիշեցուցած է այսպէս կոչուած «Մակնիթսքիի օրէնք»-ին մասին, որուն միջոցով Միացեալ Նահանգներ պատժամիջոցներ սահմանած են Ռուսիոյ որոշ քաղաքացիներու դէմ:
Լաւրով նկատել տուաւ, որ այդ որոշումը ընդունելով` Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսը «ինքնիրեն արտօնած է դատել ռուսական արդարադատութեան համակարգը»:
Ռուսական դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ այդպիսի օրէնքները երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման չեն նպաստեր:


