«Եգիպտոս Պիտի Չարտօնէ Սպառնալ Իր Ջրային Անվտանգութեան» Կ՛ըսէ Մուրսի
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը գրէ, որ Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսի Նեղոս գետի ջրային հարստութեան պաշտպանութեան նուիրուած խորհրդաժողովին ընթացքին յայտնած է, որ Եգիպտոս կը քննարկէ բոլոր կարելիութիւնները, որպէսզի վերցնէ վտանգը, որ երկրին համար կրնայ յառաջացնել Եթովպիոյ կողմէ Նեղոսի վտակներէն մէկուն վրայ ամբարտակ կառուցելը:
«Կը քննարկուին այս խնդիրին լուծման բոլոր տարբերակները: Մենք պատերազմի կոչ չենք ուղղեր, սակայն ոչ մէկուն պիտի թոյլատրենք մեր ջրային անվտանգութեան սպառնալ», ըսած է նախագահ Մուրսի:
Եգիպտոսի նախագահը նաեւ կոչ ուղղած է երկրի բոլոր քաղաքական ուժերուն դադրեցնելու բոլոր տարակարծութիւնները եւ միախմբուելու այս վտանգը չէզոքացնելու գաղափարին շուրջ:
Ըստ Մուրսիի, այդպիսի վտանգ կը ներկայացնէ Եթովպիոյ իշխանութիւններուն կողմէ կառուցուող «Ռենեսանս» ջրելեկտրական կայանը: Եգիպտոսի նախագահը նաեւ նշած է, որ իրենց արիւնը պիտի փոխարինէ Նեղոսէն պակսող ջուրի իւրաքանչիւր կաթիլը:


