Ըստ «Վերայիթի»-ի. «Նիուզուիք» Ամսաթերթը Պիտի Վաճառուի Խորհրդանշական Գինով

«Վերայիթի» կը հաղորդէ, որ ամերիկեան «Ի.Էյ.Սի./ԻնթեԱքթիւ» լրատուական ընկերութիւնը վաճառքի պիտի հանէ իրեն պատկանող «Նիուզուիք» ամսագիրը: Ընկերութիւնը «Նիուզուիք»-ը ձեռք բերած էր 2010-ին` ներդրող Սիտնի Հարմանի հետ կնքուած համաձայնագիրի ծիրին մէջ: «Վերայիթի»-ի աղբիւրները յայտնած են, որ ամսաթերթը պիտի վաճառուի խորհրդանշական գինով:

Թէեւ «Այ.Էյ.Սի.» տակաւին պաշտօնապէս ո՛չ հերքած, ո՛չ ալ հաստատած է այս տեղեկութիւնը, սակայն ընկերութեան ղեկավար Պարի Տիլըր խոստովանած է, որ «Նիուզուիք»-ի ձեռքբերումը սխալ քայլ էր:

«Նիուզուիք»-ի առաջին թիւը լոյս տեսած է փետրուար 1933-ին, եւ քանի մը տասնամեակներու ընթացքին ամսաթերթը նկատուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ ամէնէն շատ ընթերցուող եւ ազդեցիկ ամսաթերթերէն մէկը: Սակայն գովազդներէ ստացուող եկամուտներու կտրուկ նուազումին պատճառով 2000-ական թուականներու սկիզբը ամսաթերթը սկսաւ բազմամիլիոնանոց վնասներ կրել: 2012-ին ամսաթերթը հրաժարեցաւ տպագիր տարբերակէն եւ հասանելի է միայն համացանցին մէջ:

«Նիուզուիք»-ի վերջին տպագիր թիւը լոյս տեսաւ դեկտեմբեր 2012-ին:

Share this Article
CATEGORIES