Իրաքի Քիւրտերը Հալապժայի Մէջ Քիմիական Զէնքով Կատարուած Յարձակման Համար Հատուցում Կը Պահանջեն
«Էսոշիէյթըտ Փրես» կը հաղորդէ, որ 1988-ին իրաքեան Հալապժա քաղաքին դէմ քիմիական զէնքերով կատարուած յարձակումէն վերապրած 20 քիւրտեր ֆրանսական իշխանութիւններէն պահանջած են հետաքննութիւն կատարել կազմակերպութիւններու շուրջ, որոնք Իրաքի նախկին ղեկավար Սատտամ Հիւսէյնին մատակարարած են նիւթեր, որոնք անհրաժեշտ էին քիմիական զէնքի պատրաստութեան համար:
Գործիչներու փաստաբան Կաւրիէլ Մերոնէ «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ին յայտնած է, որ նմանօրինակ պահանջներ ներկայացուած են Միացեալ Նահանգներուն, Գերմանիոյ, Հոլանտային եւ այլ երկիրներու, որոնց ընկերութիւնները Իրաքին քիմիական նիւթեր մատակարարած են:
Ըստ քիւրտերուն, այս երկիրներուն ընկերութիւնները եւ կառավարութիւնները Իրաքի մէջ կատարուածին համար պատասխանատու են, որովհետեւ անոնք լաւապէս տեղեակ էին, թէ Սատտամ Հիւսէյն ի՛նչ նպատակներ ունէր:
Բացի հատուցումներէն, քիւրտերը մտադիր են իրենց համար ձրի բուժում պահանջել եւրոպական լաւագոյն դարմանատուներու մէջ: Անոնք կը վստահեցնեն, որ կազային յարձակումին հետեւանքները տակաւին բացասական ազդեցութիւն ունին իրենց առողջութեան վրայ:
Տակաւին յստակ չէ, թէ քիւրտերուն պահանջները ինչպիսի՛ արձագանգ պիտի ստանան:

