Արամ Ա. Կաթողիկոս Կ՛ընդունի Միջազգային Հայ-Արաբ Իրաւական Խորհուրդի Պատուիրակութիւնը

Արամ Ա. կաթողիկոսը մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց միջազգային Հայ-արաբ իրաւական խորհուրդը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` առաջնորդութեամբ Եգիպտոսի փաստաբաններու սենտիքայի նախագահ եւ Արաբ փաստաբաններու միութեան ընդհանուր քարտուղար Սամեհ Աշուրի, Յորդանանի միութեան փոխնախագահ Սամիհ Խըրէյսի, ինչպէս նաեւ Մարոքէն, Լիբանանէն եւ Սուրիայէն իրաւաբաններու, որոնք մաս կը կազմեն յիշեալ խորհուրդին: Հանդիպումին ներկայ էր Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

Պատուիրակութեան անդամները վեհափառ հայրապետին ներկայացուցին միջազգային Հայ-արաբ իրաւաբանական խորհուրդի կազմութեան նպատակը, որ կը բխի Հայոց ցեղասպանութեան հարցը իրաւական հիմունքներով փաստարկելու եւ զայն միջազգային ատեաններուն ներկայացնելու անհրաժեշտութենէն:

Վեհափառ հայրապետը ողջունելով նախաձեռնութիւնը կարեւորութեամբ շեշտեց`

ա.- Հայոց ցեղասպանութիւնը կրօնական խնդիր չէ, այլ` քաղաքական խնդիր է:

բ.- Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը համամարդկային խնդիր է եւ մարդու իրաւանց հարց:

գ.- Հայոց ցեղասպանութեան խնդիրը արդարութեան եւ իրաւունքի խնդիր է, հետեւաբար, բոլոր անոնք, որոնք կը հաւատան արդարութեան, իրաւունքի եւ մարդկային իրաւունքներու, պարտին հետամուտ ըլլալ պահանջելու հայոց նկատմամբ գործուած անարդարութեան վերացումը` անկախ կրօնական, համայնքային, դաւանական թէ ազգային պատկանելիութիւններէ:

Վեհափառ հայրապետը նաեւ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է իսլամական աշխարհին եւ յատկապէս արաբական աշխարհին մէջ ծանօթացնել հայութեան իրաւունքներուն հարցը եւ օսմանեան թուրքերու կողմէ գործուած ցեղասպանութեան արհաւիրքը, մանաւանդ որ արաբական աշխարհը ինք ընդունած է ցեղասպանութեան ենթարկուած հայութեան բեկորները եւ ծանօթ է անոնց պատմութեան, իսկ այսօր ականատես է թրքական լայնատարած միջամտութեան արաբական աշխարհին մէջ:

Մէկ ժամ տեւած հանդիպումին աւարտին, պատուիրակութեան անդամները յուշանուէր մը յանձնեցին վեհափառ հօր, ապա այցելեցին Ապրիլեան նահատակաց մատուռը:

 

Share this Article
CATEGORIES