Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Աշխուժ Կերպով Կը Շարունակէ Իր Միջեկեղեցական Գործունէութիւնը

Երկուշաբթի, 10 յունիս 2013-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոսը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Մ. Ժալխը: Ընդհանուր քարտուղարը նախ եւ առաջ զեկուցում մը տուաւ վեհափառ հայրապետին շուրջ շաբաթ մը առաջ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած «Քրիստոնէութեան ներկայութիւնը եւ վկայութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ» միջազգային համագումարին մասին: Սոյն համագումարին յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերած էին Մասիս Ծ. վրդ. Զօպույեան, դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապագեան եւ դոկտ. Ժան Սալմանեան: Ապա ընդհանուր քարտուղարը խորհուրդի շրջանային գրասենեակներուն (Նիկոսիա, Դամասկոս, Գահիրէ եւ Ամման) առնչուած կարգ մը հարցերուն շուրջ ուզեց ունենալ վեհափառ հայրապետին տեսակէտը: Ընդհանուր քարտուղարը վեհափառ հայրապետին նաեւ փոխանցեց խորհուրդին նիւթապէս օժանդակող արեւմտեան եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն գնահատանքը` Անթիլիասի մայրավանքին մէջ վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ շուրջ տասը օրեր առաջ տեղի ունեցած հանդիպման առնչութեամբ: Վեհափառ հայրապետը իր կարգին ողջունելով խորհուրդին նոր նշանակուած ընդհանուր քարտուղարին աշխուժ գործունէութիւնը, թելադրեց զգուշաւորութեամբ ու զգայնութեամբ մօտենալ միջեկեղեցական բնոյթ ունեցող կարգ մը հարցերու` նկատի ունենալով շրջանի կացութիւնը, եւ շեշտեց կարելի բոլոր միջոցներով եկեղեցիներու միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հրամայականը:

Երկուշաբթի, 10 յունիս 2013-ին, Ժընեւի մէջ, Նարեկ արք. Ալեէմեզեանի (վարիչ միջեկեղեցական յարաբերութիւններու) ատենապետութեամբ գումարուեցաւ Եկեղեցական ընտանիքներու քարտուղարներու ժողովը:

Ժողովականներ քննարկեցին քրիստոնէական ներկայութիւնը աշխարհի մէջ եւ քրիստոնէական վկայութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ, Եկեղեցական ընտանիքներու քարտուղարներու ժողովներու արխիւի դասաւորումը, Եկեղեցական ընտանիքներու` Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի համաժողովին մասնակցութիւնը եւ Եկեղեցական ընտանիքներու քարտուղարներու յառաջիկայ ժողովին կազմակերպումի օրակարգի կէտերը:

Նարեկ սրբազան նաեւ առանձին հանդիպումներ ունեցաւ Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցւոյ, Անկլիքան եկեղեցւոյ եւ Լուտերական եկեղեցւոյ քարտուղարներուն հետ ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հետ անոնց ունեցած սերտ յարաբերութիւններուն մասին խօսեցաւ:

Share this Article
CATEGORIES