Քասեմիրօ Միացաւ Ռէալ Մատրիտի
Պրազիլցի միջնապահ Քասեմիրօ միացաւ Ռէալ Մատրիտի` չորս տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով անոր հետ:
Ըստ սպանական մամուլին, պրազիլական Սան Փաուլօ ակումբէն փոխ առնուած 21 տարեկան իր նոր մարզիկին համար, մայրաքաղաքի կազմը, եթէ գոհ մնայ անոր խաղարկութենէն, որոշած է գնել զայն` փոխան 6 միլիոն եւրոյի:
Իր հրապարակած լուրին մէջ Ռէալ Մատրիտ աւելցուց նաեւ, որ ակումբին մաս կազմող ֆրանսացի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա ենթարկուեցաւ ծունկի վիրաբուժութեան:
Կը կարծուի, որ 25 տարեկան Պենզեմա, լաւապէս ապաքինած ըլլայ, երբ յառաջիկայ 15 յուլիսին սկսին Ռէալի փորձերը` նոր տարեշրջանին պատրաստուելու համար:
CATEGORIES Մարզական

