Գիրքեր, Գիրքեր. Վկայարան Հայկական Ցեղասպանութեան (Հինգ Հատորներ)
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին հրատարակուած են հինգ հատորներ` «Վկայարան հայկական ցեղասպանութեան», պատրաստուած եւ համադրուած են մտաւորական հայորդիի մը` Յարութիւն Իսկահատեանի նախաձեռնութեամբ եւ մտայղացումով: Յիշեալ հինգ հատորները լոյս տեսած են «Կարպիս Նազարեան» մատենաշարով, Արմէն եւ Միմի Յարութիւնեան ամոլին մեկենասութեամբ: Ջանադիր եւ հետեւողական աշխատանքի արդիւնք են այս հատորները, որոնք կ՛ամփոփեն հայոց եղեռնէն հրաշքով փրկուած հայերու վկայութիւնները: Անոնք ապրած են օսմանեան պետութեան սարքած արհաւիրքը, արձանագրած են իրենց ոդիսականը, իւրաքանչիւրը` իր կարողութեան համապատասխան գրիչով:
Յարութիւն Իսկահատեան ճարտարապետութեան տիտղոսով վկայուած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն: Հայոց լեզուի եւ հայ մշակոյթի իր դաստիարակութիւնը եւ գիտութիւնը ստացած է ՀԲԸՄիութեան Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարանէն: Իր հետաքրքրութեան հիմնական կէտը հայկական ինքնութեան, մշակոյթի, հայ արժէքներու հոգեմտաւոր պահպանումն է: Զինք մտահոգած է Հայոց ցեղասպանութեան զուլումը ապրած մնացորդացին յիշողութիւնը: Ձեռք առած է յուշագրական հատորներ, հետեւած է մամուլի մէջ լոյս տեսած թուրք ջարդարարներու եղեռնագործութեան վկայութիւններուն, ունեցած է մղում մը զանոնք ի մի հաւաքելու: Առաջին հատորը չէ բաւարարած ընդգրկելու իր սերտողութեամբ եւ պրպտումներով ձեռք բերուածը ամբողջացնելու: Հետեւած են երկրորդ, երրորդ եւ մինչեւ հինգերորդ հատորները:
«Ազդակ»-ի տնօրէնութիւնը քաջալերական աշխատանք մը նկատեց Յարութիւն Իսկահատեանի այս «բանահաւաքը», հետեւաբար կազմակերպեց լսարան մը, 84-րդ. մամլոյ լսարանը, որ տեղի ունեցաւ 7 յունիսի երեկոյեան, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ:
Օրուան զեկուցաբերն էր մտաւորական Անդրանիկ Տագէսեան: Անդրադառնալով Յ. Իսկահատեանի հեղինակած յիշեալ հատորաշարքին` զեկուցողը ըսաւ. «Իսկահատեանի հատորաշարքը չի վերաբերիր գեղարուեստական գրականութեան, գիտական ուսումնասիրութեան, ոչ ալ պատմաբանական գրականութեան: Շփոթ մը կայ իմ եւ գուցէ ձեր տրամադրութեան պարագային:
Ունկնդիր ներկաները ակնկալեցին, թէ Անդրանիկ Տագէսեան «ինք սահմանում մը կը փոխանցէ, թէ` «ինչպէս կարելի է որակել այս աշխատանքը», բայց կրկին շեշտեց «շփոթ» որակումը, որուն համաձայն չեղան ներկաները` սպասելով բարենիշի մը, գոնէ` կատարուած երկար տարիներու ջանադիր աշխատանքին նկատմամբ:
Յստակ է, որ Յ. Իսկահատեան յաւակնութիւն չունի գլուխ գործոց մը ստեղծած ըլլալու, այլ կայ այն կարեւոր հարցը, թէ ան կատարած է «ուրիշին չըրածը»… Ինք մղկտած է հայոց ցեղասպանութեան անմոռանալի ցաւով եւ ցոյց տուած է, թէ որքան ահաւոր եղած է թուրքին չարիքը: Եթէ օր մը այս հաւաքուած վկայութիւնները օտար լեզուի մը թարգմանուին, մանաւանդ` թրքերէնի, թուրքն իսկ պիտի սոսկայ իր ըրածէն, եւ նոր թուրքը պիտի անիծէ իր պապերուն դժոխային արարքը:
Կայ նաեւ այլ արժանիք մը` այս հատորաշարքին կապակցութեամբ. այն ճշմարտութիւնը, թէ մեր գալիք սերունդները պիտի տեսնեն ջարդերու այս «հաւաքածոն», ամբողջութեամբ արձանագրուած, դժուարութիւն պիտի չունենան պրպտելու արխիւներ կամ անցեալին լոյս տեսած թերթերու գրութիւններ, կամ` առանձին հատորներ: Հետեւաբար պէտք չէ աննկատ թողուլ այսպիսի աշխատանքներ` տարիներու քրտնաջան հետեւողութեամբ լոյսին բերուած:

