2014-Ի Մոնտիալ. Ասիոյ Գօտի. Լիբանան 4-0 Արդիւնքով Ծանր Պարտութեամբ Աւարտեց Զտումի Իր Մրցումները
Երէկ երեկոյեան Ասիոյ գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը, որ Թեհրանի մէջ հիւրը եղաւ Իրանի, 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութեամբ աւարտեց իր հանդիպումները (կիսախաղ` 2-0):
Նախքան զտումի այս վերջին հանգրուանը, Լիբանանի ֆութպոլասէր հասարակութիւնը մեծ յոյսեր ունէր, որ Լիբանան երազ մը պիտի իրականացնէ` փորձելով ապահովել Պրազիլի իր տոմսը: Սակայն ազգային խումբին մէջ շարք մը մարզիկներու մրցումներ «ծախելու» իրականութիւնը մեծ յուսախաբութիւն պատճառեց բոլոր լիբանանցիներուն, ինչպէս նաեւ խումբին գերմանացի մարզիչ Թէօ Պոքըրի:
Յամենայն դէպս, այժմ անցեալին անդրադառնալը անօգուտ է եւ Լիբանանի համար այդ ոդիսականը այժմ աւարտած է:
Լիբանանը 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Իրան կարեւոր քայլ մը առաւ Պրազիլի իր տոմսը ապահովելու գծով` նկատի ունենալով, որ անիկա իր կէտերուն հաշիւը բարձրացուց 13-ի (2-րդ դիրքին վրայ)` կէտով մը ետ մնալով առաջին դիրքը գրաւող Հարաւային Քորէայէն, որ երէկ 1-0 արդիւնքով յաղթեց Ուզպեքիստանի:
Բաւական ճակատագրական պիտի ըլլայ Հարաւային Քորէայի եւ Իրանի միջեւ վերջին ճակատումը, որ տեղի պիտի ունենայ առաջինին դաշտին` Սէուլի մէջ, իսկ Ուզպեքիստան պիտի հիւրընկալէ Քաթարը:
Նշենք, որ երէկուան մրցումին Իրան իր կոլերը նշանակեց 39-րդ, 45-րդ, 46-րդ եւ 87-րդ վայրկեաններուն:


