Նախարար Քարամէ Ընդունեց Համմամը
Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ երէկ յետմիջօրէին նախարարութեան իր կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի պասքեթպոլի մարզը յուզող հարցեր:
Այս հանդիպումին ներկայ էին նաեւ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամի եւ նախարարի խորհրդական Եասեր Ապպուշի:
Անոնք որոշեցին ամէն ճիգ ի գործ դնել, որպէսզի կարելի ըլլայ լուծում գտնել պասքեթպոլի մարզը յուզող հարցերուն, մանաւանդ նկատի ունենալով այն կէտը, որ յառաջիկայ օգոստոսին Ֆիլիփեան կղզիներուն մէջ տեղի պիտի ունենայ Ասիոյ ախոյեանութիւնը, որուն պէտք է մասնակցի Լիբանան` մէկդի դնելով այս մարզին շուրջ վիճաբանութիւններն ու տարակարծութիւնները:
Անոնք համաձայն գտնուեցան, որ նախարար Քարամէ անհրաժեշտ հաղորդակցութիւնները կատարէ տարակարծիք կողմերուն հետ, որպէսզի ատոր պատճառով լիբանանեան պասքեթպոլը հարուած չստանայ:

